Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Հինգշաբթի, 25 Սեպտեմբեր 2014ի կէսօրին, Ազգային Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Զօր. Սէյրան Օհանեանի տիկնոջ՝ Ռուզան Օհանեանի, որ Լոս Անճելըս ժամանած է հայ բժիշկներու ընկերակցութեան կազմակերպած միջազգային համագումարին առիթով: Տիկին Ռ. Օհանեանի կ’ընկերանային անոր հիւրընկալները՝ Տէր եւ Տիկին Տոքթ. Վարդգէս եւ Մէյրի Նաճարեան: Հանդիպումին ներկայ եղան ՀՕՄի նուրեալ ծառայողներէն Տիկին Ճասիկ Ճառահեան եւ Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի ատենապետուհի Տիկին Ծովիկ Զէյթլեան ու անդամ Տիկին Ալվարդ Բարսեղեան:
Փոխադարձ ծանօթացումէ ետք, հանդիպումը զարգացաւ մտերմիկ զրոյցով, գլխաւորաբար կեդրոնանալով Հայաստանի ու Արցախի այժմու իրավիճակին, սահմանային իրադարձութեանց ու անոնցմէ բխող կարիքներու վրայ: Ազնիւ հիւրը խօսեցաւ հայկական բանակի հայրենասիրական ու պաշտպանական առաքելութեան մասին, մասնաւորաբար կեդրոնանալով սահմանները պաշտպանող մեր քաջարի զինուորներուն զոհաբերութիւններուն վրայ: Զրոյցի ընթացքին, նշուեցաւ, որ բանակը՝ ընդհանրապէս, իսկ սահմանային վտանգաւոր դիրքերը պաշտպանող քաջարի զինուորները՝ մասնաւորաբար, կարիքը ունին ամէն տեսակի զօրակցութեան:
Հանդիպումին աւարտին, Տիկին Ռ. Օհանեան Առաջնորդ Սրբազանին յանձնեց պաշտպանութեան նախարարութեան յուշանուէրը՝ Զօրավար Անդրանիկի մետալը: Առաջնորդ Սրբազանը փոխադարձաբար յարգելի հիւրին յանձնեց յուշանուէրներ, միաժամանակ բարի կեցութիւն եւ յաջողութիւն մաղթելով անոր: