Առաջնորդ Սրբազան Հօր Պատգամը Ցեղասպանութեան 101րդ Ամեակի Ս. Պատարագին

Սիրելի հաւատացեալ հայորդիներ,

Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակութեան Ապրիլ 24ի այս առաւօտուն, դարձեալ հաւաքուած ենք եւ վերանորոգ հաւատքով ու յանձնառութեամբ փառք կու տանք Աստուծոյ, որ իբրեւ յարուցեալ ժողովուրդի՝ մեզի շնորհած է նոր դարաշրջան մը մեր պահանջատիրութեան երթի ճանապարհին, եւ մենք, Ցեղասպանութեան 101րդ ամեակին, ահաւասիկ անգամ մը եւս աղօթքներով կը խոնարհինք մեր բիւրաւոր նահատակներուն յիշատակին առջեւ, եւ մեր սրբադասեալ նահատակներուն կը դիմենք, որպէսզի Երկնաւոր Հօր մօտ բարեխօս ըլլան ի խնդիր մեր պահանջատիրական երթի անխափան շարունակման, մինչեւ մեր արդար պահանջներուն արդար հատուցումը:

Այս օրը պատմական է մեզմէ իւրաքանչիւրին համար, ինչպէս որ պատմական էր անցեալ Ապրիլ 24ը, Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը: Անկէ առաջ՝ պատմական հանգրուաններ էին բոլոր Ապրիլ 24երը, մասնաւորաբար 50-ամեակէն ետք, որովհետեւ իւրաքանչիւր հանգրուան մեզ աստիճան մը աւելի բարձրացուց քաղաքական ու իրաւական մեր պահանջատիրութեան գագաթն ի վեր: Նոյն երթով ալ, յառաջիկայ Ապրիլ 24երը նոր օղակներ պիտի աւելցնեն մեր դարաւոր պայքարի շղթային վրայ, մեզ քայլ առ քայլ մօտեցնելով մեր Դատի յաղթանակին:

Սիրելիներ,
Այս տարի, Ցեղասպանութեան յիշատակը կ’ոգեկոչենք 100 առաւել 1 նշանաբանով, հաստատելու համար, որ մեր պահանջատիրութիւնը պայմանաւորուած չէ դարադարձային թուականներով, այլ ընդհատում չճանչցող պայքար է, աննահանջ պայքար: Մեր երթին մէջ նուազումներ չենք արձանագրեր, այլ նոր ուղիներ ու ոլորտներ կը գումարենք անցեալի իրագործումներուն վրայ: Այսպէս, չենք մոռնար յիշել մեր նահատակներն ու անոնց զոհաբերութեան սուղ գինը: Հայը չի կրնար մոռնալ կամ երկրորդական դասել այն իրականութիւնը, որ աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն հայորդիներ դար մը առաջ բռնի կերպով տեղահան եղան իրենց պատմական հայրենիքէն, մե՛ր Հայաստանէն, ահաւոր տանջանքներու, զրկանքներու, հալածանքի ու զանգուածային ջարդի ենթարկուեցան, որովհետեւ կ’ուզէին ապրիլ ու գոյատեւել իբրեւ հայ քրիստոնեաներ, որոնք վասն հաւատոյ ու վասն հայրենեաց կառչած էին հայրենի հողին ու մեր սրբազան հայրերու ժառանգութեանց: Օսմանեան Թուրքիոյ Իթթիհատական կառավարութեան վարիչները 1915էն սկսեալ ու տարիներու վրայ երկարող իրենց ոճիրներով գերազանցեցին Սուլթան Համիտի ու այլ դահճապետներու հայաջինջ վարքագիծը: Անոնք գաղտնօրէն ծրագրեցին ու պետական վարչամեքենային բոլոր միջոցներով իրականացուցին 20րդ դարու առաջին Ցեղասպանութիւնը, որ հետագային օրինակ ծառայեց ցեղասպանական այլ արարքներու: Թալէաթներն ու Ճեմալ Ազմիները որոշած էին վերջնականապէս լուծել Հայկական Հարցը, ու լաւագոյն պարագային, միայն մէկ հայ պահել իբրեւ թանգարանային նմոյշ: Այս ահաւոր ծրագիրին համար, անոնք գիտէին միայն մէկ միջոց. զանգուածային ջարդերն ու հայութեան արտաքսումը իր պապենական հողերէն:

Փորձեցին, բայց յաջողեցա՞ն: Երբե՛ք:

Հանրապետական Թուրքիան մինչեւ այսօր ալ կը փորձէ խուսափիլ Արդարութեան ձայնէն: Թուրքիոյ երէկի ու այսօրուան պետական պատասխանատուները յարատեւօրէն կը ճգնին նենգափոխել իրողութիւնները, կը ջանան աշխարհը համոզել, որ Ցեղասպանութիւն տեղի չէ ունեցած, կամ, տակաւին, կը փորձեն աշխարհին ներկայանալ իբրեւ զոհ: Անոնց միտքերը այնքա՜ն կլանուած են ոճիրները հերքելու եւ իրականութիւնները շրջուած ձեւով ներկայացնելու երկչոտ տենդով, որ կ’անգիտանան, թէ պատմութեան անիւը կարելի չէ ետ շրջել եւ ճշմարտութիւնը ընդմիշտ քողարկել, հետեւաբար, յանցաւորին ու ոճրագործին պարտ է ընդունիլ յանցանքն ու գործած ոճիրը, կատարել արդար հատուցում: Մեր ծերունազարդ բանաստեղծը՝ Ժագ Ս. Յակոբեան, Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով լոյս ընծայած իր գիրքին մէջ, արձագանգ կ’ըլլայ մէն մի հայու մտածումին, երբ կը յայտարարէ, թէ ոճրագործ թուրքին համար փախչիլ չկայ Աստուածային արդարութենէն, ինչպէս որ անհատ յանցագործը չի կրնար փախչիլ Աստուծոյ աչքէն ու արդար դատաստանէն:

Մեզի համար անընդունելի են նաեւ այն առարկութիւնները եւ խուսափողական արտայայտութիւնները, թէ Ցեղասպանութիւնը անցեալին մէջ մնալու կոչուած իրադարձութիւն է, անիկա կը պատկանի պատմութիւնը ուսումնասիրողներուն կալուածին: Հայուն համար նման վարկած անընդունելի է, ոչ միայն անոր համար, որ հայութեան դէմ թուրքին ու թրքածին ոճիրները կը շարունակուին, մեր արդար պահանջները կը մնան անհատոյց, այլ մանաւանդ այն պատճառով, որ հանրապետական Թուրքիա այսօր ալ նոր ոճիրներով կը հարստացնէ իր արիւնաներկ պատմութիւնը: Միջին Արեւելքի վերջին տարիներու ահաւոր տագնապին մէջ Թուրքիոյ պետութեան ուղղակի մեղսակցութիւնը աղաղակող փաստերով ապացուցուած է, թէեւ քաղաքական հաշուարկներով փորձ կը կատարուի անտեսելու այս դառն իրականութիւնը, ինչպէս որ կը փորձուի անտեսումի ենթարկել մեզի հանդէպ գործուած ու անհատոյց մնացող անարդարութիւնը: Որո՞ւ ներշնչումով էր, եթէ ոչ՝ Թուրքիոյ, երբ Ազրպէյճան դեռ երէկ, Ապրիլի առաջին օրերուն ոճրային նոր յարձակում մը կատարեց Արցախի վրայ: Որո՞ւ ներշնչումով ու քաջալերանքով էին ազերիական նախընթաց ոճիրները, որոնց բեմ դարձան Սումկայիթն ու Պաքուն, արցախեան սահմանամերձ գիւղերն ու աւանները: Ի վերջոյ, ո՞վ է քիւրտերն ու այլ փոքրամասնութիւններ ռմբակոծողն ու զանգուածային ջարդի ենթարկողը, իր ոճրային քաղաքականութեամբ ծայրայեղականներուն ճամբայ ցոյց տուողը, եթէ ոչ՝ նոյն Ցեղասպանը, Էնվէրներու, Թալէաթներու եւ համախոհներուն ժառանգորդները:

Սիրելիներ,
Այս պահը աղօթքի ու յիշելու ժամն է, եւ միաժամանակ ազգային պահանջատիրութեան ու արդարութեան կանչի անշեղ երթի կոչն է: Քիչ ետք, պիտի գայ պահը պահանջատիրական մեր ձայնը լսելի դարձնելու եւ արձագանգ ըլլալու Հայաստանէն մինչեւ Արցախ, Լիբանանէն մինչեւ սփիւռքեան օճախներ տարածուող հայութեան արդարատենչ կանչերուն, ինչպէս որ անցեալ տարի, մեր նահատակներուն սրբադասման արարողութենէն ետք, աշխարհի տարածքին մեր բոլոր եկեղեցիներու զանգերը համահունչ արձագանգեցին Ս. Էջմիածինի զանգերուն: Միասնաբար պիտի մասնակցինք թրքական հիւպատոսարանին առջեւ կազմակերպուած Արդարութեան հանրահաւաքին, ոճրագործներու ժառանգորդներուն եւ ամբողջ աշխարհին յիշեցնելու մեր պահանջները: Պիտի յիշեցնենք, որ մեր սրբադասեալ նահատակներուն արիւնը կը պահանջէ արդար հատուցում: Պիտի յիշեցնենք, որ մեր պատմական հողերը կը մնան բռնագրաւուած: Պիտի յիշեցնենք, որ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատմական Ս. Աթոռին կալուածը, Թուրքիոյ կողմէ իւրացուած մեր հողերուն վրայ եկեղեցապատկան կալուածները կը մնան խլուած ու անտեսուած: Պիտի յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ եւ գործակիցներուն դիմաց կայ միայն մէկ ուղի. ընդունիլ պատմական ճշմարտութիւնները, կատարել արդար հատուցում:

Այս բոլորը պիտի յիշենք, պիտի յիշեցնենք եւ պիտի պահանջենք:

Սիրելիներ,
Իբրեւ Ցեղասպանութեան ու Արցախի նահատակներուն հաւատարիմ ժառանգորդները, եկէ՛ք, գործօն մասնակցութիւն բերենք նաեւ Արցախի զօրակցութեան, ինչպէս Կիլիկիոյ պատմական աթոռի դատին զօրակցեցանք: Հետեւաբար, կոչ կ’ուղղեմ բոլորիդ, որ Արցախի սահմանը պաշտպանող բանակին, շրջանի վտանգուած ու վնասուած բնակիչներուն ի նպաստ հանգանակութեան ձեր բաժինը բերէք, ինչպէս որ մասնակից եղաք Սուրիոյ հայութեան համար հանգանակութիւններուն, «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի թելեթոններուն:

Եկէք, մեր ազգային պատմական մարտահրաւէրներուն դիմաց, հայավայե՛լ միասնականութեամբ եւ անմնացորդ նուիրումո՛վ յառաջ ընթանանք: Թող Աստուած պահէ ու պաշտպանէ Հայը՝ ի Հայաստան, յԱրցախ եւ ի սփիւռս աշխարհի:

Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան
Առաջնորդ

24 Ապրիլ 2016
Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցի

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022