Առաջնորդ Սրբազան Հօր Պատգամը՝ Ս. Ծննդեան Աւանդական Ընթրիքին


Հոգեւոր եղբայրներ, Your Excellency Consul General of Lebanon Johnny Ibrahim and Mrs. Maya Ibrahim, մեծայարգ ներկայացուցիչ Հ.Յ.Դ. Կեդր. Կոմիտէի եւ անդամներ, Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան, Թեմիս Ազգ. Վարչութեան եւ կրթական համակարգի անդամներ, տնօրէններ, մեր նուիրական կազմակերպութեանց, միութեանց եւ մամուլի ներկայացուցիչներ, ծխական շրջաններու հոգաբարձութեանց եւ երեսփոխանական կազմի անդամներ, սիրելի բարերարներ ու բարեկամներ Ազգային Առաջնորդարանի եւ սիրելի հարազատներ,

Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան բերկրառիթ տօներուն առթած ցնծութեամբ, փառք կու տանք ամենակալ Աստուծոյ, Իր պարգեւած բարիքներուն, եւ անգամ մը եւս կը շնորհաւորենք Ձեզ, մաղթելով շնորհաւոր Նոր Տարի, Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ, Ձեզ եւ մեզ մեծ աւետիս:

Քրիստոնէական ջերմ սիրով կ’ողջունեմ բոլորդ, աշխարհի մեծագոյն աւետիսը պարգեւող այս տօնին առիթով, եւ սրտի անհուն գոհունակութեամբ կը յայտնեմ, որ այս երեկոյ, Արեւմտեան մեր Թեմի Առաջնորդական Տեղապահի եւ Առաջնորդի իմ առաքելութիւնս ստանձնելէ ի վեր, 20րդ անգամ ըլլալով է որ համախմբուած ենք ընթրիքի այս երեկոյին, պահպանելով բարի աւանդութիւնը, որուն տարուէ տարի ունեցած յաջողութիւնը կը պարտինք ձեզի:

Մանկացեալ Աստուածորդւոյն Ս. Ծննդեան խորհուրդներով տոգորուած՝ կ’ողջունեմ մեր բարերարները, մասնաւորաբար մեր այս երեկոյի գլխաւոր հովանաւոր բարերար ընտանիքը՝ Տէր եւ Տիկին Ալեքս եւ Արտա Եմենիճեանը, որուն վաստակն ու նուիրաբերումը մեր ծառայական կեանքին՝ կերտած է իր պատմութիւնը եւ գնահատելի է: Կ’ողջունեմ նաեւ տարիներու մեր զօրակից հովանաւորները, որոնց անունները արձանագրուած են ձեր սեղաններուն վրայ դրուած գրքոյկներուն մէջ: Կ’ուզեմ ուրախութեամբ ձեզի ծանօթացնել մեր նորագոյն բարերարներէն՝ Տիար Կայծակ Օհաննէսեանը, որ տարեվերջի օրերուն, մեզ գեղեցիկ եւ յուզիչ անակնկալի մը առջեւ դրաւ եւ իր կողակիցին՝ Անահիտի հետ 60,000 տոլարի առատաձեռն նուիրատուութեամբ մը սկիզբ դրաւ Ազգային Առաջնորդարանիս իր բարերարութեան, հաւաստելով, որ ասիկա առաջին քայլ մըն է իր կողմէ հաստատուող աւանդութեան: Օհաննէսեան ընտանիքին այս նուիրաբերումը նորագոյն վկայութիւն մըն է Ազգ. Առաջնորդարանիս վայելած զօրակցութեան, վստահութեան ու քաջալերանքին: Շնորհակալութիւն, Կայծակ եւ Անահիտ: Ուրախ եմ յայտարարելու, որ այս բարերարութեամբ բացումը կը կատարուի նուիրահաւաքի մեր այն աշխատանքներուն, որոնք պիտի տրամադրուին Սիսի Կաթողիկոսարանին վերատիրացման նպատակով Թուրքիոյ դէմ բացուելիք դատի նիւթական կարիքներուն:

Եւ ահա, Ս. Ծննդեան մեր աւանդական այս երեկոն ալ իր աւարտին կը հասցնենք ցնծութեան մթնոլորտի մէջ, Ազգային Առաջնորդարանիս նուաճումներու շարքին նոր օղակ մը աւելցուցած ըլլալու բերկրանքով, նուաճումներ՝ որոնց իրականացման մէջ մենք ու Թեմիս ժողովականութիւնը առանձին չենք բարեբախտաբար, այլ Ձեր ու Ձեզի նման ազնիւ ազգայիններու զօրակցութիւնը կը վայելենք տարուան իւրաքանչիւր օրուան ընթացքին, մեր բոլոր ծրագիրներուն իրականացման ճամբուն վրայ։ Այս ձեռնարկը լաւագոյն վկայութիւնն է։

Այս երեկոյ, իբրեւ զաւակները Հայաստանեայց Առաքելական Ս. եկեղեցւոյ եւ իբրեւ հաւատացեալ քրիստոնեաներ, կ’ապրինք ցնծութեան ու հրճուանքի իւրայատուկ պահ մը, տօնելով մեր Փրկչին Ս. Ծնունդը եւ աստուածայայտնութիւնը։ Կը յիշենք, որ Յիսուս Մանուկը աշխարհ եկաւ Բեթղեհէմի համեստ մսուրին մէջ, որպէսզի դառնայ մեր հոգիներուն թագաւորը, որպէսզի մարդկութեան դիմաց բանայ աստուածահաճոյ կեանքի ուղի մը, որպէսզի իր ուսերուն վերցնէ մեր մեղքերը եւ մեզի համար զոհուելով՝ հաւատացեալներուս ընծայէ յաւիտենական կեանք։ Ահա թէ ինչո՛ւ այս տօնին, բոլորս կ’երգենք “Փառք ի բարձունս Աստուծոյ”, որովհետեւ գիտենք, որ Աստուածորդւոյն ծնունդը մեծ եւ սքանչելի խորհուրդ մըն է, Գերագոյն Հօր կողմէ մեզի՝ զաւակներուս տրուած անսպառ պարգեւներու ամբողջութիւն մը։ Կը կրկնենք հրեշտակներուն երգերով մարմնաւորուած Մեծ Աւետիսը, որ մարդկութեան կը պատգամէ խաղաղութիւն, հաճութիւն, եղբայրական սէր եւ առաքինի կեանք, իւրաքանչիւր տարեմուտը կը վերածէ նոր արշալոյսի, աստուածահաճոյ գործերու նոր մեկնակէտի:

Ուրեմն, սիրելիներ, երբ այս սրահէն մեկնելէ առաջ անգամ մը եւս զիրար շնորհաւորենք “Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ” աւետիսով, մեր հոգիներուն մէջ վերստին ապրինք “Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի” շարականին պատգամը, ուխտենք ըլլալ խաղաղութեան դրօշակիրներ, սիրոյ, հաճութեան առաքեալներ, տոգորուինք նուիրաբերելու այն ոգիով, որ նոր իմաստ եւ խորք ստացաւ Աստուածորդւոյն ծնունդով, Բեթլեհէմի վերեւ փայլած աստղին մնայուն խոստումով։

“Փառք ի բարձունս Աստուծոյ, եւ յերկիր խաղաղութիւն, ի մարդիկ հաճութիւն”։

***

Սիրելիներ,

Նոր տարի մը թեւակոխելու այս օրերուն, ընդհանրապէս կը յիշենք աւարտող տարեշրջանի փայլուն ու մութ օրերը: Արդարեւ, անցեալ տարին շատերուս համար եղաւ յաջողութեան եւ ուրախութեան շրջան, իսկ ուրիշներու համար պատճառեց սուգ ու տխրութիւն: Ցնծութեան բաժնեկից ըլլալը հաճելի է, սակայն նաեւ պէտք է ցաւակից ըլլալ սգաւորներուն ու տխրութեան պահեր ապրողներուն, աղօթելով, որ ամենաբարին Աստուած լուսաւոր պահէ մեզմէ առյաւէտ հեռացողներուն յիշատակը եւ հարազատներուն պարգեւէ Ս. Հոգւոյ մխիթարութիւնը: Սգաւոր հարազատներ ունինք նաեւ այստեղ. անգամ մը եւս կը յայտնենք մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները:

Բարի աւանդութիւն է, որ տարեմուտի օրերուն տեղի ունեցող աւանդական այս ընթրիքի երեկոյին, հակիրճ կերպով անդրադառնանք պատմութեան անցնող տարուան կարգ մը իրադարձութիւններուն եւ այս ծիրին մէջ հպանցիկ ակնարկ մը նետենք Ազգային Առաջնորդարանիս աշխատանքներուն վրայ։ Այս տարի, սակայն, ընկալեալ այդ աւանդութիւնը լիովին պիտի չպահենք, ո՛չ թէ տարուած աշխատանքը լուսանցքի վրայ պահելու մօտեցումով, այլ որովհետեւ կը կանգնինք պատմական անկիւնադարձի մը առջեւ։ 2015ը Ցեղասպանութեան 100ամեակի տարին է։ Հայաստանէն մինչեւ սփիւռքեան հայօճախներ, մինչեւ Արեւմտեան մեր Թեմը, լծուած ենք այս հանգրուանին նախապատրաստական աշխատանքներուն։ Եւ ահա, հասած ենք ծրագիրներու իրագործման սեմին, յառաջիկայ տարի եւ այնուհետեւ, ունինք հսկայական աշխատանք, որուն գլխաւոր գիծերը կ’ուզենք սա պահուն լուսարձակի տակ բերել, որպէսզի մեր ձեռքերն ու կարողութիւնները միացնենք, դիմագրաւելու համար ազնիւ մարտահրաւէրները։

Ինչպէս միշտ, այս հանգրուանին եւս, Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հայրական յորդորները պիտի ծառայեն իբրեւ ուղեցոյց։ 2014ին, ընդառաջելով Վեհափառ Հայրապետի պատգամին, նշեցինք Տարեցներու Տարին, մեր սէրն ու յարգանքը մատուցեցինք մեր երէց սերունդին, որուն սերմանած բարիքները կը վայելեն իրերայաջորդ սերունդներ, հաւատարմութիւն յայտնելով քրիստոնէական ու հայկական մեր աւանդներուն, արժէքներուն եւ դարաւոր ժառանգութիւններուն։ Սա պահուն, բոլորիդ անունով, իբրեւ մէկ խոնարհ եւ ուխտապահ զաւակը մեր եկեղեցւոյ ու Կիլիկեան Ս. Աթոռին, կ’ուզեմ անգամ մը եւս շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնել մեր Վեհափառ Հայրապետին՝ Տ. Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, որուն բարեմաղթութիւններուն ու յորդորներուն ականջալուր եղանք այս երեկոյ։ Ն.Ս. Օծութեան պատգամին ընդառաջելով պիտի շարունակենք առաւել կազմակերպուածութեամբ, պահանջատիրութեան ոգիով, եւ միասնականութեան ուխտով մեր առաքելութիւնը ընծայաբերել յանուն մեր ազգային վեհ նպատակներուն։

Ցեղասպանութեան 100ամեակը պատմական քայլերով պիտի արձանագրուի մեր նորագոյն պատմութեան մէջ։ ինչպէս որ 50 տարի առաջ, Յիսնամեակը հիմնական շրջադարձութիւն բերաւ մեր պահանջատիրութեան ու պայքարի երթին, նոյնպէս ալ 100ամեակը պիտի նշէ նոր մեկնակէտ, որուն գլխաւոր խորագիրները պիտի ըլլան յիշել նահատակները, խոնարհիլ անոնց յիշատակին, վերանորոգել անոնց կտակին հաւատարմութեան ուխտը, բայց մանաւանդ յիշեցնել ու պահանջել մեր անսակարկելի իրաւունքներուն իրականացումը, որ մեր օրերու աշխարհի քաղաքական հաշիւներուն հետեւանքով շատ ուշացած է արդէն։

Մօտաւորապէս երկու ամիս առաջ մասնակից եղանք Ս. Էջմիածինի դարաւոր կամարներուն տակ գումարուած՝ մեր եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Ժողովին, որ երկրորդն էր նորագոյն դարերուն։ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի համանախագահութեամբ գումարուած ժողովը յանգեցաւ պատմական որոշումի՝ Ցեղասպանութեան զոհ գացած մեր 1.5 միլիոն նահատակները հաւաքաբար դասել մեր սուրբերուն շարքին։ Սրբադասումը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Ապրիլ 23ին, Ս. Էջմիածինի մէջ միացեալ արարողութեամբ մը, որ ի մի պիտի բերէ մեր հոգեւոր, պետական ու քաղաքական ղեկավարները, անոնց շուրջ համախմբելով ողջ հայութիւնը, Հայաստանէն մինչեւ աշխարհի չորս ծագերը։ Հայրենի հողին վրայ, նահատակներուն յիշատակին, պիտի տրուին զանգի 100 հարուածներ, որոնց ղօղանջները պիտի արձագանգեն աշխարհի չորս ծագերուն, պետութեանց ու մարդկութեան յայտարարելու, որ հայ ժողովուրդը չէ մոռցած իր նահատակները, կը յիշէ ու կը պահանջէ իր իրաւունքները։

100-ամեակի “կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ” նշանաբանով, մեր պայքարը պիտի շարունակուի։ Մայիսին, երկու Վեհափառ Հայրապետները եւ Հայաստանի հանրապետութեան նախագահը պիտի այցելեն Ուաշինկթըն, յատուկ արարողութիւններով ու ոգեկոչական ձեռնարկներով հնչեցնելու նոյն զանգերը։ Տակաւին, Վատիկանի մէջ եւ այլուր, նահատակներուն կտակին յուշազանգերը օղակ առ օղակ պիտի տարածուին աշխարհով մէկ, շեշտելու համար, որ հայութիւնը վճռած է յաղթահարել բոլոր արգելքները, աննահանջ կերպով ու մինչեւ յաղթանակ շարունակելու համար իր պահանջատիրական երթը։

Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով, Ս. Աթոռոյս գահակալ Վեհափառ Հայրապետը պիտի կատարէ միւռոնօրհնէքի արարողութիւն, որ տեղի պիտի ունենայ Յուլիս 18ին, Պիքֆայայի մէջ, շուրջ 50 տարի առաջ կանգնած Նահատակաց Յուշարձանին առջեւ։ Այս միւռոնօրհնէքը բոլորիս համար պիտի ըլլայ ուխտագնացութեան եւ նահատակներու կտակին հաւատարմութեան վերահաստատումի նոր առիթ։ Աշխարհի բոլոր շրջաններէն, նաեւ Արեւմտեան մեր Թեմէն, ուխտագնացութիւններ պիտի կազմակերպուին դէպի Պիքֆայա ու Անթիլիաս, որուն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին կողքին, կանգուն է նահատակներու աճիւնները պարփակող՝ հայկական Ցեղասպանութեան աշխարհի առաջին Յուշարձան-Մատուռը։ Պիտի ուխտենք, որ պիտի վերականգնենք նաեւ Տէր Զօրի նահատակաց Յուշարձան-Մատուռը, որ անցեալ տարուան ընթացքին թիրախ դարձաւ թրքաբարոյ յարձակումներու եւ ականահարումի հետեւանքով ծանրօրէն վնասուեցաւ։ Ուխտագնացներուն առիթ պիտի ընծայուի այցելելու նաեւ մայր հայրենիք եւ խոնարհելու մեր պատմութեան նորագոյն յաղթամարտներուն ընթացքին ինկած նահատակներուն յիշատակին, անոնց՝ որոնք իրենց կեանքն ու արիւնը զոհաբերեցին Քաջն Վարդան Մամիկոնեանի պէս, իմացեալ մահով միանալով հաւատքի ու ազգի պահպանման համար նահատակուածներու փաղանգներուն։

Ահաւասիկ քանի մը գլխաւոր գիծ այն ծրագիրներէն ու որոշումներէն, որոնք մեզ՝ հայութեան զաւակներս մօտիկ ապագային պիտի դնեն ազնիւ պարտականութիւն մը կատարելու հրամայականին դիմաց։ Բնականաբար Ցեղասպանութեան 100ամեակի յիշատակումը չէ սահմանափակուած միայն յիշուած արարողութիւններով։ Կան նաեւ քաղաքական ու դատական քայլեր, որոնց մասնակից ու զօրակից պիտի ըլլանք ազգովին: Բոլորդ ծանօթ էք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, Արամ Ա. Վեհափառի առաջնորդութեամբ, ինչպիսի կարեւոր աշխատանք կը տանի մեր եկեղեցապատկան կալուածներու վերատիրացման նպատակով։ Այդ աշխատանքները շուրջ երկու տարի առաջ նուաճեցին կարեւոր հանգրուան մը, երբ ամերիկեան պետական իշխանութիւնները որոշեցին Թուրքիայէն պահանջել, որ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու, ներառեալ հայութեան պատկանող եկեղեցական կալուածներ ու աղօթատեղիներ վերադարձուին իրենց սեփականատէրերուն։ Այս ճամբուն վրայ, հայութեան կը սպասէ իւրայատուկ մարտահրաւէր մը։ Ինչպէս յիշեցի քիչ առաջ, մեր կաթողիկոսութիւնը որոշած է դատական հետապնդումի ենթարկել Թուրքիոյ պետութիւնը, պահանջելու համար, որ Սիսի Կաթողիկոսարանը վերադարձուի իրաւատիրոջ։ Այս առաջադրանքը կոչուած է նոր ճամբայ բանալու գործնական քայլերու, որոնց զօրակցելու կոչուած է ողջ հայութիւնը, մասնաւորաբար Սիսի Կաթողիկոսութեան ժառանգորդներս։ Թուրքիոյ պետութեան դէմ դատական հարց յարուցել՝ կը նշանակէ նաեւ նոր մակարդակ ներարկել մեր քաղաքական պայքարին։ Սա բնականաբար կ’ենթադրէ, որ մեր ցարդ տարած բազմամակարդակ հետապնդումները պիտի շարունակուին վերանորոգ թափով ու նոր հորիզոններու հետամտութեամբ, որոնք կը կարօտին մեր բոլորին նիւթաբարոյական նեցուկին:

Սիրելիներ, այս ու նմանօրինակ աշխատանքներ, պայքարի գործնական արտայայտութիւններ, կը կարօտին մէն մի հայու բոլորանուէր ներդրումին, ի՛նչ ասպարէզի ալ որ ծառայէ ան, ո՛ր տարիքին մէջ ալ գտնուի, հայութիւնը կազմող ո՛ր հաւաքականութեան ալ որ մաս կազմէ աշխարհի տարածքին։ Եւ ո՛չ մէկ կասկած, որ բազուկի ուժ, քրտինք ու նիւթական զոհաբերում պահանջող այս աշխատանքներուն պիտի ընդառաջենք միասնաբար, բարերարներով, քաղաքական գործիչներվ թէ պետական մեքենայով։ Մեր նահատակները իրենց գերագոյնը զոհեցին, հետեւելով մեր եկեղեցւոյ հիմնադիր առաքեալներուն ու անոնց Մեծ Ուսուցիչին՝ Քրիստոսի օրինակին։ Մենք ցոյց պիտի տանք, որ արժանի ենք անոնց ժառանգորդները կոչուելու, արժանի ենք քրիստոնեայ ու աւանդապահ հայ կոչումին։

***

Սիրելի հարազատներ, սիրելի անդամներ Ազգային Առաջնորդարանիս մեծ ընտանիքին,

Ցեղասպանութեան 100ամեակը, ինքնին, յուշարար մըն է քրիստոնեայ հայու մեր արժանիքներուն եւ յատկանիշներուն։ Աւելի քան 2000 տարիներ առաջ, համեստ մսուրին մէջ ծնած Յիսուս Մանուկը հաւատքի, սիրոյ, նուիրումի եւ խաղաղութեան պատգամները բերաւ մարդկութեան, յաւիտենական կեանքի խոստումին հետ միասին։ Անոր երկրաւոր կեանքը եղաւ ցնծալի եւ տխուր դէպքերու շարք մը, որ յանգեցաւ մահուան վրայ Անոր տարած յաղթանակով։ Մենք՝ հայերս ալ, դարեր շարունակ հաւատարիմ մնացինք, այսօր ու վաղն ալ հաւատարիմ պիտի մնանք այդ ուղիին։ Դարերու ընթացքին, բազմիցս ապրեցանք մեր գողգոթաները, որոնցմէ ծանրագոյնը տեղի ունեցաւ 100 տարի առաջ։ Յաճախ ինկանք, ունեցանք մարդկային եւ նիւթական հսկայական կորուստներ, մեր մշակոյթը յաճախ փոշիացումի ենթարկուեցաւ, ինչպէս այս օրերուն փճացումի կ’ենթարկուին բազմաթիւ մշակոյթներ։ Սակայն խաչի ճամբան եղաւ մեր ուղեցոյցը, վերստին յարութիւն առինք, հայրենիք ու պետութիւն վերակերտեցինք։ Վաղն ալ նոր յարութիւններ կը սպասեն մեզի։

Այս մտածումներով եւ Ս. Ծննդեան մեզի՛ յատուկ խորհուրդներով, անգամ մը եւս կը շնորհաւորենք բոլորդ։

Կ’աղօթենք, որ Աստուած խաղաղութիւն պարգեւէ աշխարհիս, պետութեանց ու աշխարհի ճակատագիրի տնօրինման մէջ բաժին ունեցող կազմակերպութեանց ղեկավարներուն շնորհէ իմաստութիւն եւ տագնապները ի շահ մարդո՛ւն յաղթահարելու կարողութիւն։ Կ’աղօթենք մանաւանդ Միջին Արեւելքի, մասնաւորաբար Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Իրաքի խաղաղութեան վերահաստատման համար, որպէսզի ահաւոր տագնապներու զոհ դարձած անմեղ քաղաքայինները, իսլամ թէ քրիստոնեայ, հայ թէ քոյր եկեղեցիներու զաւակներ, վերականգնեն իրենց կեանքի բնականոն պայմանները, ամոքեն վէրքերը եւ ընդառաջ երթան Ս. Ծննդեան խորհուրդներով մարմնաւորուած պատգամներուն։ Այսօր եւ միշտ՝ յատկապէս յիշենք Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Իրաքի մեր հարազատները՝ քոյրերն ու եղբայրները, ազգային հաստատութիւններն ու հայկական կրթօճախները, որոնք կը շարունակեն կենսունակօրէն գործել՝ հակառակ դաժան պայմաններուն, հակառակ արգելակող բոլոր վտանգներուն։

Թող Մանկացեալ Աստուածորդւոյն Ս. Ծնունդը անխառն ցնծութեան առիթ ըլլայ բոլորիս։ Մեծ եւ սքանչելի խորհուրդին շողերը թող լուսաւորեն բոլորիդ օրերը եւ մեզ առաջնորդեն մեր տենչերուն իրականացման։ Թող Փրկչին սէրը, խաղաղութիւնը, մարդոց միջեւ հաճութիւնը առաջնորդեն մեր կեանքը, եւ Արդարութեան Արեւ-Փրկիչը թող յայտնուի մեր սեփական ու հաւաքական ընտանիքներուն մէջ:

“Փառք ի բարձունս Աստուծոյ…”
Շնորհաւոր Նոր Տարի,
Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ,
Մեծ աւետիս ու պարգեւ մարդկութեան։
Շնորհակալութեան բոլորիդ։

Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Առաջնորդ
Ա. Մ. Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի

6 Յունուար 2015

 

 

<!–:–>

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022