Առաջնորդ Սրբազան Հօր Ս. Զատկուան Պատգամը


ԻՆՉ ՈՐ ԵՍ ՁԵԶԻ ԸՐԻ ԻԲՐԵՒ ՕՐԻՆԱԿ ԲՈԼՈՐԻԴ,
ԴՈՒՔ ԱԼ ՆՈՅՆԸ ԸՐԷՔ ԻՐԱՐՈՒ

(Հմմտ. Յովհ. 13:15)

Ս. Զատկուան տօնի հրաշալի մթնոլորտը դարձեալ պարուրած է մեր կեանքը: Բոլորիս սիրտերն ու հոգիները կը ցնծան եւ կը խայտան մեր Փրկչին Ս. Յարութեամբ շեփորուած՝ չարին դէմ բարիին, եւ մահուան վրայ կեանքի յաղթանակին գօտեպնդող պատգամով:

Օ՛ն, ուրեմն. ուրախանանք եւ ցնծանք, որովհտեւ «այսօր, հրեշտակները երկինքէն իջնելով, աւետիս կու տան մարդոց [թէ] խաչեալը յարութիւն առաւ, եւ իրեն հետ ձեզի յարութիւն տուաւ» (Շարական):

Երախտապարտ հոգիով միասնաբար Տէրը փառաբանենք մեզի պարգեւած նոր կեանքի խոստումին եւ յաւիտենական կեանքի յոյսին համար, եւ գոչենք ըսելով. «Օրհնեալ է Աստուած, մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի Հայրը, որ իր առատ ողորմութեամբ մեզ վերստին ծնաւ, որպէսզի մեռելներէն Յիսուս Քրիստոսի յարութիւն առնելովը, ունենանք այն կեանքի յոյսը՝ թէ պիտի ժառանգենք անեղծ, անարատ եւ անթառամ կեանքը, որ երկինքին մէջ պահուած է ձեզի համար» (Ա. Պետրոս 1:3-4):

Արդարեւ, Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութիւնը Աստուծոյ անսահման սիրոյն կենդանի ապացոյցն էր մարդուն հանդէպ, «որովհետեւ Աստուած այնքան սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ իր միածին որդին տուաւ, որպէսզի անոր հաւատացողը չկորսուի, այլ յաւիտենական կեանք ունենայ» (Յովհ. 3:16)։ Խաչելութիւնը՝ Իր զոհողութեան գագաթնակէտն էր եւ յարութիւնը՝ մեր հաւատքին հիմքը, Հին Ուխտի լրումը եւ Նոր Ուխտի սկիզբը:

Յիսուս աշխարհ եկաւ ծառայելու եւ «Իր կեանքը շատերուն համար իբրեւ փրկագին տալու», եւ սէրն ու ինքնամատուցումը երկրաւոր առաքելութեան գագաթնակէտը դարձաւ։ Աստուածաշունչին մէջ բազմաթիւ են Աստուածորդւոյն սիրոյն եւ ծառայութեան օրինակները, մասնաւորաբար ընկերութեան այն դասակարգերուն նկատմամբ, որոնք շատերու կողմէ յաճախ անտեսուած ու մերժուած էին, ինչպէս աղքատները, ճնշուածները, հիւանդներն ու անկարները: Մեր Տիրոջ սիրոյն, խոնարհութեան եւ ծառայութեան ամէնէն զօրեղ, ներշնչող, օրինակելի եւ գեղեցիկ արտայայտութիւնը աշակերտներուն ոտքերուն լուացումն էր: Եւ ծառայութեան ա՛յս ոգիին է, որ հետամուտ պէտք է ըլլանք բոլորս, որովհետեւ, Քրիստոսի իսկ բառերով.- «Արդ, եթէ ես՝ որ Տէր եւ Վարդապետ եմ՝ լուացի ձեր ոտքերը, դուք ալ պարտաւոր էք իրարու ոտքերը լուալ։ Ես ձեզի օրինակ մը տուի, որպէսզի դուք ալ իրարու ընէք այն՝ ինչ որ ես ձեզի ըրի» (Յովհ. 13:14-15):

Հետեւաբար, Ս. Յարութեան տօնը ո՛չ միայն մեր Փրկչին հանդէպ հաւատքի վերանորոգութեան հրաւէր է, այլ նաեւ մեր կեանքին մէջ ծառայութեան կենդանի օրինակով հաւատարմութեան եւ խոստումի վերահաստատումն է, յատկապէս «Ծառայութեան Տարուան» ընթացքին, ինչպէս որ Ս. Աթոռոյս գահակալը՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը 2016 տարին հռչակած է:

Արդարեւ, Յիսուս ճշմարիտ ծառայի մարմնացումն է, կատարեալ նախատիպ մը, որուն կրկնօրինակը կարելի չէ գտնել, սակայն պէտք է ջանանք եւ ամէն ճիգ ի գործ դնենք որպէսզի Իրեն նմանինք։ Իբրեւ քրիստոնեաներու՝ ինչ որ պէտք է իրագործենք, եւ ինչ որ կը պահանջուի մեզմէ մեր տրամադրութեան տակ ունինք, այսինքն, Տիրոջ խօսքը եւ Իր օրինակը: Բոլորս կը վկայենք, որ Աստուծոյ Որդին այնքան հնազանդեցաւ Իր Հօրը կամքին, որ մինչեւ իսկ խաչին վրայ մահը յանձն առաւ: Թերեւս այսօր մեզմէ չ’ակնկալուիր նոյն ձեւով մեր կեանքը զոհել, սակայն մեր նմաններուն հանդէպ մեր մատուցած ծառայութեամբ անպայմանօրէն մեր անձէն բան մը պէտք է տանք, եւ այդ ալ կամովին եւ ուրախ սրտով, բարի տրամադրութեամբ, առանց անձնական շահերու եւ յետին նպատակներու:

Սիրելիներ, Մեզմէ իւրաքանչիւրը իր սեփական ընտանիքին մաս կը կազմէ, սակայն իբրեւ Աստուծոյ եւ Հայ ժողովուրդի զաւակներու՝ կը պատկանինք աւելի մեծ ընտանիքի մը: Իւրաքանչիւրս մաս եւ բաժին ենք աւելի մեծ ամբողջութեան եւ հաւաքականութեան, եւ պարտ է մեզ աւելի նախանձախնդիր ըլլալ հաւաքական շահերու, քան անձնական: Էական է որ պատրաստակամ ըլլանք ծառայելու եւ մեր կարողութիւնները ի սպաս դնելու Աստուծոյ փառքին եւ մեր հաւաքական բարիքին համար, որովհետեւ հաւաքականութիւնը ուժեղ եւ հաստատուն կ’ըլլայ՝ երբ անոր անդամները նոյնքան զօրաւոր կ’ըլլան: Աննշան ծառայութիւն չկայ. նոյնիսկ նուազագոյն ծառայութիւնը՝ զոր կը մատուցենք մեր Տիրոջ անունով, նուիրական է: Հետեւաբար, մեզմէ իւրաքանչիւրը ամէնօրեայ իր կեանքին ընթացքին պէտք է ջանայ իր շրջապատին մէջ Աստուծոյ սէրը տարածել. երջանկութիւն, մխիթարութիւն, ուժ եւ քաջալերանք ներշնչել, սէրը ունենալով իբրեւ մղիչ ուժ, ինչպէս Առաքեալը կը հաստատէ. «Աստուծոյ նմանեցէք, որպէս Իր սիրելի որդիները, եւ սիրով շարժեցէք, այնպէս՝ ինչպէս Քրիստոս մեզ սիրեց եւ մեզ փրկելու համար ինքզինքը Աստուծոյ ընծայեց որպէս անուշահոտ ընծայ եւ զոհ» (Եփես. 5:1-2):

Յարուցեալ Փրկիչը ծառայեց Իր անձը ուրանալով, խոնարհութեամբ, կամաւորաբար, գիտակցաբար եւ ամէնէն էականը՝ Ան ծառայեց Իր Հօր փառքին համար, եւ մեր փրկութիւնը ապահովելու համար անպատմելի չարչարանքներու ենթարկուեցաւ, հալածուեցաւ, ապտակուեցաւ, փշէ պսակ դրուեցաւ Իր գլխուն, եւ խաչի մահուան դատապարտուեցաւ։ Եւ այս բոլորին ենթարկուեցաւ մեզի հանդէպ Իր ունեցած անհուն եւ անսահման սիրոյն համար։

Եկէ՛ք, ուրեմն, հաւատարիմ ժառանգորդները դառնանք մեր հայրերուն եւ իրենց օրինակին հետեւինք, որովհետեւ անոնք իրենց կեանքը ընծայաբերեցին՝ Աստուծոյ եւ մեր ժողովուրդի սիրոյն: Անոնց սէրը այնքան խոր եւ մաքուր էր, որ շատեր նահատակութեան գնով իրենց կեանքը զոհաբերեցին: Ս. Յարութեան անուրանալի ճշմարտութիւնը, Աստուծոյ խօսքին հեղինակութիւնը եւ մեր Փրկչին ճշմարիտ օրինակը մեր հայրերուն կեանքը այնքան կերպարանափոխեցին եւ պայծառացուցին, որ իրենք ալ իրենց կարգին մեր ժողովուրդի կեանքը պայծառակերպեցին: Հետեւաբար, եկէ՛ք միասնաբար ջահակիրները դառնանք անոնց հաւատքին ու ծառայութեան, եւ Ս. Յարութեան պատգամով սպառազինուած՝ մեր կեանքը առաջնորդենք սիրով ու ծառայութեամբ:

Թող Ս. Յարութեան կենսատու եւ անժամանցելի պատգամը գօտեպնդէ մեզ մեր հաւատքին մէջ, մեզ մղէ խանդավառ եւ գոհունակ ծառայութեան, Աստուծոյ փառքին եւ մեր եկեղեցւոյ ու ազգին վերելքին համար, ամբողջական վստահութեամբ, քանի Աստուած մեր ապաւէնը, յոյսն ու զօրութիւնն է եւ միշտ մեզի հետ է մինչեւ յաւիտեան: Այս հոգիով ու մտածումներով եւ Ս. Յարութեան տօնին առթած ցնծութեամբ, կը շնորհաւորեմ ձեր բոլորին Ս. Զատիկը։

Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց,
Օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի:

Աղօթարար՝
Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան
Առաջնորդ

Ս. Զատիկ, 2016

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022