Առաջնորդ Սրբազան Հօր Ս. Զատկուան Պատգամը – 2018

ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԸ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳԵՆՔ Ս. ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴՈՎ

Ս. Զատկուան հրաշափառ եւ փառապանծ տօնական մթնոլորտը ահա դարձեալ կը համակէ մեր կեանքն ու էութիւնը։ Տարուան ամէնէն նուիրական, գօտեպնդող եւ ցնծալից ժամանակը կ’ապրինք։ Մեր սիրտերն ու հոգիները կ’ոգեւորուին մեր Տիրոջ եւ Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Յարութեամբ, մեղքին ու մահուան վրայ Իր տարած յաղթանակով, որ նոր կեանքի սկիզբն է։

Ս. Յարութեան տօնը ժամանակաւոր ու անցողակի տօնակատարութիւն մը չէ։ Անիկա քրիստոնէական կրօնի հիմքն է, եւ իր պատգամը հզօր, փրկարար, կենարար ու յաւիտենական է։ Արդարեւ, Քրիստոս իր յարութեամբ 20 դարեր առաջ աշխարհը նորոգեց. մարդոց անհատական ու հաւաքական կեանքը փրկեց, վերանորոգեց, բարեկարգեց, այսօ՛ր ալ կը շարունակէ իր բարեփոխող ներգործութիւնը ունենալ մարդու կեանքին վրայ, այսպէ՛ս ալ պիտի շարունակէ մինչեւ աշխարհի վախճանը, որովհետեւ այսօր եւ մի՛շտ Քրիստոս ամէն բան նոր կը դարձնէ (Հմմտ. Յայտնթ. 21։5)։

Աստուածաշունչին էջերը հարուստ են կեանքի դրուագներով այն մարդոց՝ որոնք Իր շնորհքով ու ողորմութեամբ վերածնունդ ունեցան։ Իր հրաշքներով, Յիսուս հիւանդներ բժշկեց, ֆիզիքապէս զանազան ախտերէ տառապողներ կատարելապէս առողջացուց, կոյրերու տեսողութիւն շնորհեց, խուլերու՝ լսողութիւն, իսկ համրերու լեզուի կապանքները քակեց, անդամալոյծներ ու բորոտներ բուժեց ու մաքրեց եւ դեւեր հալածեց։ Ֆիզիքական այս հրաշքներէն անդին, Ան միտքերը, սիրտերը ու հոգիները եւս վերանորոգեց։ Այո՛, Երկնաւոր Վարդապետը պարզ ու համեստ մարդիկ հրաւիրեց հետեւելու Իրեն ու դառնալու իր գործակիցները, ինչպէս՝ Առաքեալներն ու 72 աշակերտները, զանոնք Իր զօրութեամբ ու հեղինակութեամբ օժտեց, փոխակերպեց ըլլալու քաջ ու անվեհեր վկաներ, ինչպէս նաեւ՝ քարոզիչներ եւ հոգեւոր առաջնորդներ։

Ինչպէս նշեցինք, Աստուածաշունչը հարուստ է նման օրինակներով, սակայն հաւանաբար ամէնէն մեծ օրինակը Սողոսի պարագան է. սկզբնապէս քրիստոնեաներ հալածող մը, որ երբ յարուցեալ Փրկչին հանդիպեցաւ, վերանորոգուեցաւ եւ Պօղոս դարձաւ, եղաւ քրիստոնէական հաւատքի ամէնէն նշանաւոր տարածիչն ու պատմութեան հեղինակաւոր անձնաւորութիւնը։

Իսկ մեր պատմութեան մէջ ունինք Տրդատ Թագաւորին օրինակը. ան նախ քրիստոնէութեան հալածիչ մըն էր, սակայն Քրիստոսի լոյսով լուսաւորուելէ ետք, դարձաւ Հայաստանի առաջին քրիստոնեայ թագաւորը, քրիստոնէութիւնը հռչակեց պետական կրօն, ու այդ հաւատքով ապրեցաւ, անոր տարածման նպաստեց ու նոյն հաւատքով իր մահկանացուն կնքեց, դարձաւ մեր Եկեղեցւոյ սուրբերէն մէկը։

Իր խաչելութեամբ, մահուամբ եւ հրաշափառ Ս. Յարութեամբ, մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս նոր եւ բարեփոխեալ կեանքի նոյն յոյսը տուաւ համայն մարդկութեան։ Որովհետեւ «Աստուած յարութիւն առաւ, եւ ամբողջ տիեզերքը նորափետուր զարդարուեցաւ» (Շարական)։ Տիեզերական անուրանալի ճշմարտութիւն է որ Աստուծոյ սէրն ու խօսքը զօրութիւն ունին կեանքեր փոխելու, ո՛չ միայն անոնց՝ որոնք Աստուծոյ Որդիին երկրաւոր առաքելութեան տեւողութեան ապրեցան, այլ նաեւ՝ նոյն զօրութիւնը ունին մերօրեայ կեանքը, մեր բոլորի՛ն կեանքը փոխելու։ Հետեւաբար, Ան, միայն Ա՛ն կրնայ մեր ներքին էութիւնը փոխել, եւ միայն Ի՛ր միջոցով կրնանք հասնիլ «առաւել» կեանքի։

Սիրելի հաւատացեալներ,

Ս. Յարութեան տօնը լաւագոյն առիթն է Քրիստոսով նոր ու «առաւել» կեանք ունենալու, մեր հաւատքը զօրացնելու, մեզմէ վանելու ամէն տեսակի ժխտական ու խաւարեցնող վերաբերմունք ու վարմունք, որոնք կը սպառնան մեզ շեղել մեր եկեղեցւոյ ու ազգի այն ուղիէն, զոր Աստուած Իր նախախնամութեամբ տնօրինած է մեզի համար։ Հետեւաբար, ինչպէս որ «…Քրիստոս Հօրը փառքով յարութիւն առաւ մեռելներէն, նոյնպէս ալ մենք նորոգուած կեանքով ապրինք» (Հռոմ. 6։4)։ Այո՛, Աստուած մարդացաւ, որպէսզի մենք նմանինք Իրեն, Իրմով նոր կեանք ունենանք, որովհետեւ, ինչպէս շարականագիր վարդապետը կ’ըսէ՝ Իր կամաւոր մահուամբ մահը զգետնեց եւ անապական յարութեամբը աշխարհը նորոգեց։

Եկէ՛ք, ուրեմն, այս թանկագին պարգեւը վայելենք եւ բաց ձեռքերով ու բաց սրտով Տէրը ընդունինք մեր կեանքէն ու էութենէն ներս, որպէսզի շնորհքը, սէրը, խաղաղութիւնը եւ հոգեկան ցնծութիւնը մեզ Իր պատկերին համաձայն վերանորոգեն, վերահաստատեն եւ բարեփոխեն՝ նոր արարածներ դարձնելով բոլորս։

Այս յոյսով՝ մեր սրտագին բարեմաղթութիւնները կը յղենք Արեւմտեան մեր Թեմի մեծ ընտանիքին՝ հոգեւորականաց դասուն, ժողովականութեան, ծուխերուն, կրթական հաստատութեանց, գաղութիս կազմակերպութեանց եւ հաւատացեալ ժողովուրդին, աղօթելով, որ Ս. Յարութեան պարգեւած ոգեւորութիւնը մեր հոգիները ողողէ յարուցեալ Փրկչին սիրով, խաղաղութեամբ, բարութեամբ եւ ցնծութեամբ, որպէսզի ամբողջ տարուան ընթացքին մեզ առաջնորդէ այնպէս՝ ինչպէս Ինք կը կամենայ մեզի համար։

Եկէ՛ք, յատկապէս Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին՝ մեր ուխտն ու հաւատարմութիւնը վերանորոգենք հանդէպ Աստուծոյ, մեր եկեղեցւոյ ու ազգին, ծառայենք հաւատքով, եղբայրական սիրով եւ բարի կամեցողութեամբ, Տիրոջ փառքին համար եւ ի խնդիր մեր եկեղեցական ու հաւաքական կեանքի շինութեան ու պայծառացման։ Յիշենք, թէ ինչպէս որ մեր ժողովուրդը յարուցեալ Փրկչին օրինակով յարութիւն առաւ Ցեղասպանութեան գեհէնէն, նոյնպէս ալ մեր հայրենիքը վերականգնեցաւ աւերակներէն ու մենք այս տարի կը տօնենք հայկական պետականութեան վերայառնումը, որ մեզի կը պատգամէ նորոգեալ կեանքով ու նոր էութեամբ պայծառացնել եւ շէնցնել մեր անկախ հայրենիքը՝ Հայաստանն ու Արցախը։

Հետեւաբար, եկէ՛ք, այս հոգիով եւ վերանորոգ ուխտով, մեր մէջ հին մարդը թաղենք ու նոր մարդ դառնանք, միաբերան փառաբանենք յարուցեալ Փրկիչը եւ գոհունակ սրտով երգելով՝ հոգեպէս ցնծանք, որովհետեւ՝

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
ԲԱՐԻ ԶԱՏԻԿ ԲՈԼՈՐԻՍ

Սիրոյ ջերմ ողջունիւ,

Աղօթարար՝
Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Առաջնորդ
Ա. Մ. Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի

Ս. Զատիկ, 2018

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022