Առաջնորդ Սրբազան Հօր Ս. Զատկուան Պատգամը- 2021

ԴԵ՛Ռ ԿԸ ՔԱԼԵՆՔ՝ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏՔԵՐՈՎ

«ԵՍ ԵՄ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԿԵԱՆՔԸ»
(Յհ 11.25)

Տարիէ մը ի վեր, Երկիր մոլորակը աստուածային անմիջական այցելութեան կը սպասէ: Այցելութիւն մը, որ պիտի վերափոխէ Երկիրն ու մարդկային կեանքը, այցելութիւն մը, որուն յոյսով կ՛ապրի ամէն ոք անխտիր, կը գործէ ամէն համայնք՝ իր դժուարութիւնները վերացնելու համար եւ կը գոյատեւեն ազգեր՝ իրենց սահմանափակումները ջնջելու ակնկալութեամբ: Արդարեւ, անցնող տարուան ընթացքին մարդկային կեանքը լեցուն եղաւ բազմամակարդակ մարտահրաւէրներով եւ հրատապ տագնապներով, որոնց դիմաց աւելի եւս շեշտուեցաւ մարդ արարածին, բոլորի՛ս անզօրութիւնը, որովհետեւ մարդը անկարող է առանց Աստուծոյ, մարդը անտէր է առանց Աստուծոյ, մարդը միայնակ է առանց Աստուծոյ: Այո՛, Երկիր մոլորակը այսօր աստուածային այցելութեան կը սպասէ, եւս առաւել՝ հայկական համայնքներու եւ հայրենական մեր ժողովուրդին զաւակները, որովհետեւ արցախեան վերջին պատերազմն ու անոր դառն հետեւանքները մինչեւ օրս տակաւին կը ցնցեն մեզ՝ մեր ազգի նահատակներուն ու մեր հայրենեաց հողերու կորուստի ահագնութեամբ, որ դառն ու բաց խոց մը ձգեց մեր բոլորին սրտին մէջ: Այսուհանդերձ, որպէս քրիստոնեայ ազգ, արտօնուած չէ մեզի իյնալ յուսահատութեան գիրկը եւ պատանքուիլ անյուսութեամբ: Այլ՝ ընդհակառա՛կն: Այսօր, հրաշափառ Յարութեան տօնին առիթով, հրաշափա՜ռապէս այցելութիւն կը շնորհէ Փառքի Իշխանը Երկիր մոլորակին: Ահա՛ թէ ինչու, բոլորս կը հրաւիրուինք յոյսի աչքերով նայելու ոչ թէ լոկ վաղուան, այլեւ այսօրուան, որ կ՛երաշխաւորէ մեր ազգի ապագան եւ մեր առջեւ բացուելիք նոր յաղթանակները, յառա՜ջ Աստուած:

***

Մեր Տէրը, Երկնաւոր Վարդապետը, Ազատարար Փրկիչը, Ինքը՝ Բանն Աստուած, Իր երկրաւոր կեանքի վերջին օրերուն ծաղրուեցաւ ու ձաղկուեցաւ չարակամօրէն, արհամարհուեցաւ ու ապտակուեցաւ անգթօրէն, ուսերուն վրայ քղամիդ նետուեցաւ ու գլխուն փուշէ պսակ դրուեցաւ՝ առ ի նուաստացում: Ու թէեւ այդ օրերու հռոմէացի զինուորներու գիշատիչ վոհմակը նաեւ անարգական հռհռոցներով մտրակի հարուածներ տեղացուց Յիսուսի մէջքին եւ մեծ ու ծանր խաչ մը շալկել տալով՝ Զայն արիւնլուայ քալեցուց Գողգոթայի ցաւոտ ճամբաներէն, մինչեւ որ Ան բլրան վրայ խաչուեցաւ եւ դառնագոյն մահը ճաշակեց, բայց, յուրախութիւն բոլորիս, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի տառապակոծ մահուան յաջորդեց յաղթական Յարութիւնը, որ կեա՛նք սփռեց ամէնուրեք, յարուցեա՜լ կեանք եւ նոր տեսիլքներ ու թարմաշունչ արշալոյսներ պարգեւեց մարդերուն, մեզի, բոլորի՛ս:

«ԵՍ ԵՄ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ»- Յարութիւնը իբրեւ գաղափարախօսութիւն, քրիստոնէական կրօնքի ամէնէ՛ն հիմնական ճշմարտութիւններէն մէկն է, որուն մասին Աստուածաշունչը կը խօսի զանազան առիթներով: Յարութիւն, որուն անդրանիկը հանդիսացաւ Ինք՝ Քրիստոս, եւ Իր օրինակով խոստում մը կտակեց բոլոր հողեղէններուս. այն, որ յարութեան եւ յաւիտենական կեանքի երկնային շնորհ մը կը սպասէ բոլոր անոնց, որոնք զՔրիստոս կ՛ապրին իրենց կեանքին ընթացքին եւ Յարութեան հիմնադիրին՝ Խաչեալ Յիսուսի գծած ճանապարհէն կ՛ընթանան, թէկուզեւ մտրակուին կամ ցաւ ապրին կեանքէն եկող տեսակաւոր հարուածներէ, տեսանելի կամ անտես չարագործ ձեռքերէ, անոնք չե՛ն վհատիր, չե՛ն յուսահատիր, որովհետեւ Յարութեան քրիստոսաւանդ յո՛յսը ունին իրենց հոգիին մէջ:

Ո՜վ մտրակ, քու հարուածներդ թերեւս կրնան մեռցնել մարմինս, բայց երբեք չեն կրնար սպաննել հոգիս, որ Յարուցեալ Քրիստոսին կը պատկանի:

«ԵՍ ԵՄ ԿԵԱՆՔԸ»- Կեանքը ամենամեծ պարգեւն է Աստուծոյ կողմէ տրուած մարդուն: Յաճախ կը խօսինք Աստուծոյ մեզի՛ տուած շնորհներուն մասին: Թէ՝ Աստուած մարդուն տուաւ հոգիի՛ անմահութիւն, օրհնեա՜լ է Աստուած, թէ՝ Աստուած մարդուն տուաւ կամքի՛ ազատութիւն, գովեա՜լ է Աստուած, թէ՝ Աստուած մարդուն տուաւ բանականութի՛ւն, փառաւորեա՜լ է Աստուած: Բայց այս բոլորէն առաջ եւ այս բոլորէն վեր՝ Աստուած կեա՛նք տուաւ մարդուն, Աստուած գոյութեան իրաւունք ու շո՛ւնչ տուաւ մարդուն, Աստուած հոգի եւ էութի՛ւն տուաւ մարդուն ու մանաւանդ՝ Աստուած Իր ինքնութենէ՛ն տուաւ մարդուն. «Որովհետեւ Աստուած ա՛յնքան սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ իր միածին Որդին տուաւ, որպէսզի անոր հաւատացողը չկորսուի, այլ յաւիտենական կեանք ունենայ» (Յհ 3.16):

Յաւիտենական կեանք, որով Խաչեալ Յիսուս յաղթանակ կնքեց մահուան դէմ,
Յաւիտենական կեանք, որով Մեռեալ Յիսուս տապանաքարը հեռացուց Իրմէ,
Յաւիտենական կեանք, որով Յարուցեալ Յիսուս նոր կեանքի լոյսը շնորհեց մեզի:

Ամենաթանկագին Հայորդիք,

Գողգոթա ապրած մեր ժողովուրդին համար որքան վեհ է ու սրբառատ Յարութեան խորհուրդը, եւ որքան գրաւիչ ու բաղձալի՝ յաւիտենապէ՛ս ապրելու, շնչելու, ըլլալո՛ւ գաղափարը բոլոր այն կործանումներէն եւ վայրիվեր ցնցումներէն ետք, որոնցմէ անցաւ հայ ժողովուրդը քրիստոնէական առաջին դարերէն մինչեւ օրս: Մեր ազգի զաւակներէն շատ շատեր Յիսուս Քրիստոսի՛ անունով հալածուած, չարչարուած եւ նահատակուած են պատմութեան ընթացքին: Հայոց սուրբերն ու բոլոր հայ անմեղ նահատակները Յարութեան յոյսին կառչած՝ բանիւ, գործով եւ ինքնընծայմամբ Քրիստոսի ուսմո՛ւնքը հաստատեցին Հայաստան աշխարհի մէն մի անկիւնին, բարձրացուցին մատուռ, տաճար, եկեղեցինե՜ր, որոնք որպէս քրիստոնէական հաւատքի սիւներ ամրացան հայ ժողովուրդի հոգւոյն ու կեանքին մէջ: Նահատակութիւն ապրած, բայց Յարուցեալին փարած ազգային ո՞ր ընտանիքէն ներս այսքան ճոխ վկայութիւն կայ Աստուծոյ մասին, եթէ ոչ Նարեկացի վանականին հրաշաբեր աղօթամատեանին մէջ. «Հայր՝ էութիւն ճշմարիտ, գոյ կատարեալ, անեղ, անսկիզբ, անժամանակ, անպատճառ, անիմանալի, անտեսանելի, անճառելի, անհաս, անզնին, անկէտ, անսահման, աներբ, անուր, անբովանդակելի, անայլայլելի, անփոփոխ, գերաբո՛ւն, գերալո՛յս, գերանճա՜ռ…»։

Ո՛չ երէկ, ո՛չ այսօր, ո՛չ սուրը, ոչ ալ հուրը յաջողեցան, կամ կրնան յաղթել մեր ազգի զաւակներու հաւատքին՝ Տէր Յիսուս Քրիստոսի վրայ խարսխուած: Վկայ՝ Ցեղասպանութեան նահատակ զոհերու եւ վերապրողներու թոռները, որոնք յանո՛ւն ազգի, յանո՛ւն հայրենիքի եւ յանո՛ւն հաւատքի իրենց երիտասարդ կեանքերը նուիրեցին զոհաբերութեան խորանին, վկայ՝ մերօրեայ վերջին գոյամարտը, որուն ընթացքին հայոց բանակի եւ կամաւորական գունդերու մատղաշ, երիտասարդ թէ հասուն տարիքի զինուորագրեալներ յարութեան հաւատքո՛վ ընդառաջ գացին ազերիաթրքական պատերազմին եւ տուն, եկեղեցի, հարազատներու կեանքեր ու հայկեան հայրենիք պաշտպանելու համար «ո՛չ» ըսին հայասպան պետութիւններու քառապատիկ հզօր բանակներուն եւ վարդա՛նաբար ինկան իրենց պապերուն արեամբ շահուած մեր հողերուն վրայ, ժայռակուռ լեռանց ստորոտը, թէ անանցանելի կիրճերու եւ գողտրիկ ձորակներու լայնքին, իրենց հոգիներէն երգելով. «Ա՜հ, միթէ կրնա՞մ գալ Քու ետեւէդ, երբ Խաչը ուսիդ կ՛ելլես Գողգոթա, բայց ի՞նչ սերտ հրապոյր, ի՜նչ բուռն ուժ է դա, որ զիս դէպի հոն ալ կը տանի Քեզ հետ» (Եղիշէ Արք. Դուրեան):
«Որովհետեւ ով որ Աստուծմէ ծնած է, կը յաղթէ աշխարհին: Եւ աշխարհին վրայ յաղթանակ տանողը մեր հաւատքն է»: (Ա. Յհ 5.4): Այո՛, մեր նահատակները յաղթեցին աշխարհին, քանզի մեր ազգին հաւատքը Յարուցեալ Քրիստոսի՛ վրայ ամրացած ճշմարտութիւն է, որ ինչպէս երէկ, այսօ՛ր եւս մեզ կը հրաւիրէ Յարութեան խորհուրդը դաւանելու մեր ուղենիշն ու ճանապարհը: Յիսուսի՛ արեամբ սրբացած ճանապարհը, որ մեզ պիտի տանի յաղթական ա՛յն բարձունքը, որուն խոստումը մենք ի սկզբանէ Երկինքէ՛ն ունեցանք, Յիսուսո՛վ ունեցանք. «Ես եմ Յարութիւնը եւ Կեանքը, ան որ Ինծի կը հաւատայ, թէպէտեւ մեռնի՝ պիտի ապրի» (Յհ 11.25):

Յարուցեալով Երկինք եւ Երկիր կը հաշտուին,
Վերին դռները կը բացուին,
Ուրկէ երկնային նուագներ կը լսուին,
Եւ զուարթուններու մատներէն ոսկեայ ձայներ կը թռչին,
Մինչ վարը, այդ պահուն, ո՜հ, ի՜նչ հրաշք,
Յիսուսականներու սրտեր ի՜նչ երանութեամբ կը տրոփեն
Եւ ի՜նչ հրճուանքով կ՛արձագանգեն երկնային երգեցողութեան՝
Յարեաւ Քրիստոս, Աւետի՜ս:

Մեղքի կապանքները կը քակուին, շղթաները կը փշրուին, անէծքները կը լուծուին, անապատներ կը դալարին, ցամքած գետերը կը վարարին, աղբիւրները կը կարկաչեն, եւ առիւծն ու գառնուկը միասին կը ճարակեն, զի մարդը կը համբուրուի իր Արարիչէն: Ծիածանը դարձեալ կը կամարէ Երկիր, Խաչը կը փայլատակէ Երկինքէն, եւ Աստուած՝ Սուրբ Հոգին աղաւնակերպ, ձիթենեաց ճիւղով մը կապոյտներէն Երկիր կը ձգէ:

Ահա՛ այս երկնառաք ապրումներով ու Յարութեան կենարար յոյսով Ազգային Առաջնորդարանէն մեր սրտագին շնորհաւորութիւնները կը փոխանցենք Թեմիս Հոգեւորականաց դասուն, Ժողովականութեան, ծխական շրջաններուն, վարժարաններու մարմիններուն, բոլոր միութիւններուն, կազմակերպութիւններուն, ու հաւատացեալ մեր ժողովուրդին եւ կ՛ողջունենք՝ ըսելով.

Քրիստոս Յարեաւ Ի Մեռելոց, Օրհնեալ Է Յարութիւնն Քրիստոսի:

Քրիստոսաւանդ սիրով
Աղօթարար

Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, Առաջնորդ
Ա.Մ.Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի

4 Ապրիլ, 2021
Լոս Անճելըս, Ա.Մ.Ն.

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022