Առաջնորդ Սրբազան Հօր Հայոց Ցեղասպանութեան 107-Ամեակի Պատգամը – 2022

ԱՒԵԼԻ՛ ԿՐԱԿՈՏ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՆՔ ՔԱԼԵԼ

Հակառակ ժամանակի թաւալքին ու անոր մաշեցնող հանգամանքին, հայ ժողովուրդի դառնագոյն յիշողութիւն՝ Հայոց Ցեղասպանութիւն անուն արհաւիրքի իրողութիւնը այսօր եւս կը ցնցէ մեզ՝ իբրեւ անմիջական ժառանգորդները անցեալ դարասկիզբին, օսմանեան կայսրութեան կողմէ բնաջնջման ենթարկուած հայ ազգի անմեղ զոհերուն: Ահա՛ թէ ինչու 24 Ապրիլ 1915-ը մեր ազգի հոգեիմացական պաստառին վրայ ցարդ կը մնայ դրոշմուած, որովհետեւ բռնագրաւուած Արեւմտահայաստանի հողային, նիւթական ու ոգեղէն հարստութեանց եւ մէկուկէս միլիոն հայ նահատակներու անմեղ արեան հատուցման խնդիրը տասնամեակներէ ի վեր մեր փոքր ածուին համար է՛ ու կը մնայ շարունակական հետապնդումի տեղիք տուող այժմէական եւ հրատապ հարց, այնքան ատեն, որ մեր ազգի անցեալ դարու ծանրակշիռ սարսափը ոճրագործ կայսրութեան իրաւայաջորդին, այսօրուա՛ն Թուրքիոյ կողմէ մինչեւ օրս կ՛ենթարկուի ուրացման քաղաքականութեան, որուն ի հետեւանք ո՛չ Հայ Դատի լուծման գործընթացը սկիզբ կ՛առնէ, ո՛չ ալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը կը յանգի իր արդար վճիռին:

Արդարեւ, Համաշխարհային Ա. պատերազմի օրերուն, օսմանեան բռնատիրական կայսրութեան ձեռամբ հայութեան դէմ գործադրուած եւ իր տեսակին մէջ առաջինը նկատուող ճիւաղային այս ծրագիրը՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, անմարդկայնութեան սարսափելի օրինակ մըն է, որ մինչ օրս կը յուզէ մեզ իբրեւ ազգային ցաւոտ յուշ-յուշամատեան, որովհետեւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ոչ թէ «հին դարու պատմութիւն» է, այլ՝ մերօրեայ նորագոյն աղէտ, որ ահա՛ 107 տարիներ ետք վերստին կը ցցուի համայն հայութեան դիմաց՝ իբրեւ անցեալէն եկող ու չարախնդութեամբ շարունակուող՝ հայասպան, փանթուրանական, ծրագրաւորուած քաղաքականութիւն ու թրքաբարոյ վարքագիծ:

Աւելի՛ն. անցեալի օսմանցին՝ այսօրուան թուրքն ու ազերին, չարորակ ուժի աւելի ընդգրկուն հոսանքներ հաւաքած՝ ներկայ ժամանակներու մէջ անարգել կ՛արշաւեն դէպի Արցախ-Հայաստան եւ հայատեացութեան նո՛յն վերաբերումը ցոյց կու տան համազգային բնոյթ կրող ապրիլեան բոլոր տեսակի նախաձեռնութիւններուն:

Ի դէպ, մեր ազգը կոտորակներու վերածած Մեծ Եղեռնէն թէեւ անցած-գացած է դար մը եւ աւելի տարիներ, սակայն երէկուան մեր նոյն թշնամին՝ նոր ռազմավարութեամբ ու արհեստագիտական արդի զէնքերով սպառազինուած իր արբանեակ Ատրպէյճանի ձեռամբ, ցաւօք, այսօր դարձեալ դամոկլեան սուր կ՛օրօրէ մեր ազգի վիզին ու մեզ անճիտելու երազանքով արբեցած՝ բոլոր մակարդակներու վրայ հակահայ կեցուածքներ ցոյց կու տայ եւ հայութեան ու Հայաստանի ոչնչացման ի նպաստ ծրագիրներ կ՛որոճայ, որպէսզի իր նախահայրերուն անցեալ դարասկիզբին կիսատ ձգած գործը չար լրումի հասցնէ ներկայ ժամանակներու խառնափնթոր թոհուբոհին մէջ: Սա՝ արտաքին ճակատի վրայ եւ հայութեան պարտադրուող «բարի դրացիական» հասկացութեան ծիրէն ներս, որ ցարդ մեր ազգին արժեց իրարայաջորդ քանի՜-քանի՜ պատերազմներ:

Միւս կողմէ, ազգային ճակատի վրայ մեր ժողովրդեան ներկայ ոչ յուսաբեր վիճակը մեր աչքին առաջ ունենալով, արժէ շեշտել, որ եթէ տեղ մը նորագոյն՝ 44-օրեայ պատերազմով սկսած ու տակաւին իր աւարտին չհասած թուրք-ազերիական պետական կեցուածքն է մեր ազգի թշնամին՝ Արցախի հողերու վրայ եւ Հայաստանի հարաւ-արեւելեան դարպասին, սփիւռքի մէջ սակայն, անիկա մեր ժողովուրդի վիզին օրէ օր աւելի եւս սեղմուող օտարամոլութեան օղակն է, մեր հաւաքական կեանքին մէջ քիչ մը ամէն տեղ երեւցող հայ-քրիստոնէական եւ ազգային արժէքներու նկատմամբ մեր յանձնառութեան նուազումն է, աւելի անդին երթալով՝ ժամանակի ու տարածքի հեռաւորութիւնն ու ապրուստի անբաւարար պայմաններն են, շրջագիծը ընդարձակելով՝ հայախօսութեան ու հայագիտական նիւթերու հանդէպ օր-ցերեկով տեսանելի յետընթացն ու ահագնադղորդ նահանջն են, այլեւ, ինչպէս վարժ ենք ամէն անկիւնէ լսել, թուային պատկերն է մեր բուռ մը ազգին ու մեր ցաքուցրիւ կենսաձեւն է, որոնց բոլորին հիմնական պատճառը՝ լայն առումով՝ նոյնն է. Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Բայց կայ այս բոլորը գլող-անցնողն ու ամէնէն անհանդուրժելին, որ մեզ բոլորս աւելի ուժգին կը հարուածէ ներսէն եւ կը պատճառէ անդարմանելի վիշտ: Այդ ալ՝ Հայկի զաւակաց ոչ-բռնցքայնացած կարգավիճակն է, շատերու՝ նոյնիսկ ղեկավար կարգ մը անհատներու, ոչ համահայկական մտածողութեամբ առաջնորդուելու, միայն անձնական շահ հետապնդելու եւ հաւաքական ու ազգային բոլոր տեսակի իտէալները հովերու քմահաճոյքին յանձնելու ապազգային կեցուածքն է, ու մանաւանդ՝ ընկերային ցանցերու վրայ մակաբոյծի պէս աճող ոչ հայրենասիրական գրառումներն ու ցեխարձակումները, եւ ի՜նչ խօսք, հայհոյալից դրսեւորումներն ու ազգակործան ոչ պարկեշտ ըսելաձեւերն են, որոնք միանալով՝ դժբախտաբար, կրնան նոյնիսկ վերածուիլ սկուտեղի վրայ հրամցուած ոսկեայ առիթի, զոր մեր հակառակորդներուն կ՛ընձեռէ լաւագոյն պատեհութիւն՝ սադայէլական զանազան տեսակի սադրանքներ նիւթելու մեր, ազգի ու հայրենիքի դէմ:

Թանկագին հայորդիք,

Յատկապէս այս օրերուն, խիստ արագ կը գործէ չարը աշխարհի մէջ, ու բազում են դաւեր մեր կենաց մէջ: Հայաստան-Արցախ հայրենեաց տունը, ներկայիս կը գտնուի երկսայրի սուրի տակ. վտանգուած է հայրենիքի ինքնիշխանութիւնը, բաւարար չափով պաշտպանուած չեն անոր սահմանները:

Առ այդ, որպէս Առաջնորդ Արեւմտեան Ամերիկայի, մեր ազգի զաւակաց ցաւն ու տագնապը, դիմագրաւած մարտահրաւէրներն ու ապագայի անորոշութիւնը ամէնէն աւելի հիմա՛ կը պարտաւորեցնեն մեզ՝ բարձրաձայն արտայայտուելու եւ հեղ մը եւս, թէկուզ յիշեցման կարգով, մեր ժողովրդեան ընդառաջ կրկնակ-կրկնակ գոչելու.

Ա.- Հայրենի իշխանութիւնը հրաւիրուած է.

Առաջին.- Ընդհանրապէս ողջ հայութեան, մասնաւորաբար սփիւռքահայութեան արժանապատուութիւնը խորհրդանշող եւ անոր գոյութիւնը երաշխաւորող ու ինքնութիւնը պահպանող Հայոց Ցեղասպանութեան պահանջատիրական երթին կշռոյթը չդանդաղեցնել եւ Հայ Դատի խորհուրդը իր իսկութենէն չպարպել:

Երկրորդ.- Մեր ազգի պահանջատիրութեան իրաւական հիմքերը ոչ մէկ պարագայի տակ սեպել ոչ առաջնային հարց եւ կամ շղարշ ձգել՝ 107 տարեկան ազգային կենդանի յուշարձան-վկայարանին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան վրայ:

Երրորդ.- Արուեստական ձեւերով չմեղմել՝ արդարութիւն աղաղակող մեր համայնական ճիչը, որ յետ-եղեռնեան բոլոր սերունդներու իրաւատիրական կանչն ու պահանջատէրի քաջ ու արի կեցուածքն է:

Բ.- 24 Ապրիլին տէրը հայ ժողովուրդն է.

Առաջին.- Համայն հայութիւնը ի մայր հայրենիք եւ սփիւռս աշխարհի, հայոց բանակով, ազգային, քաղաքական ու մշակութային կառոյցներով, կազմակերպութիւններով ու միութիւններով, հատուածական բաղադրիչներով ու հայկական կուսակցութիւններով եւ Հայ Դատի զինուորագրեալ բոլոր-բոլորով տէրն է իր անժամանցելի Դատին, բոլոր ուժերուն զենիթին ունենալով հայրենակերտ պետութիւնը եւ ազգաշէն Հայ Եկեղեցին:

Երկրորդ.- Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հռչակած «Սփիւռքի Տարի» շրջագիծէն ներս, այսու կոչ կ՛ուղղենք Արեւմտեան Ամերիկայի մեր ղեկավարութեան եւ ժողովրդեան՝ մնալու տէրը Հայկական Հարցին, այլեւ միշտ ըլլալու անզիջող ու ի հարկին խիստ պայքարող, ծանօթ թէ անծանօթ բոլոր այն մութ ու դարանակալ ձեռքերուն դէմ, որոնք Հայոց Ցեղասպանութիւնը իր արդարադատութեան իրաւական պարունակէն դուրս կ՛ուզեն բերել:

Եզրակացնելով մեր խօսքը, կ՛ուզենք ընդգծել, որ ըլլալով հաւատարիմ մեր նախնեաց պահանջատիրական ուղիին եւ, միաժամանակ, ըլլալով ուխտեալ զինուոր՝ hայ ազգի ու հայրենիքի ամբողջական լինելութեան մեծ երազին, մենք ոչ միայն անզիջող, այլեւ կրակոտ ու բոցավառ կը շարունակենք եւ անվհատ ու անվրդով պիտի շարունակենք քալել՝ դէպի հայութեան բռնագրաւուած բազմադարեան բնօրրանի վերատիրացում-ամբողջացում եւ խլուած իրաւունքներու վերահաստատում. միով բանիւ՝ ազգովին խրոխտաբար կը քալենք դէպի Ազատ Անկախ Միացեալ Հայաստանի տեսիլքի իրականացում, այն խոր հաւատքով, համոզումով ու գիտակցութեամբ, որ ինչպէս երէկ, նոյնպէս ալ այսօր՝ մեր ուժը պիտի նորոգուի, պիտի վազենք բայց չթուլնանք, պիտի քալենք ու չյոգնինք (Հմմտ. Եսայի 40.31):

Աղօթարար
Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, Առաջնորդ
Ա.Մ.Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022