ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ Ս. ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ – Ս. ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ՝ ՀՈԳԵՒՈՐ ՆՈՐ ԿԵԱՆՔԻ ՍԿԻԶԲԸ

«Ոեւէ մէկը, որ Քրիստոսի միացած է՝

նոր արարած է.

այլեւս չէ այն՝ ինչ որ էր նախապէս,

որովհետեւ ամμողջութեամμ վերանորոգուեցաւ»։

(Բ. Կորնթացիս, 5։17)

Դարձեալ կþապրինք Նոր Գարնան մը սկիզμը, որ μոլորիս սրտերը կը համակէ Ս. Յարութեան Տօնի ցնծալից սպասումով, որ նոր սկիզμ մըն է՝հինին մահուան եւ նորին ծննդեան իր պատգամով։

Ս. Զատկուան այս Տօնը՝ ցնծութեամμ լեցուն, յոյսի եւ ուրախութեան, հոգեւոր նոր ապրումներու եւ յաւիտենական կեանքի խոստումով լի շրջան մըն է։

Գարնան եղանակը մեզի կը յիշեցնէ որ նոր կեանքը դարձեալ պիտի գայ։ Ցուրտ ու մութ ձմեռը առիթ կուտայ արեւուն ջերմ ճառագայթներուն եւ μնութեան ծաղկումին։ Մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Ս. Յարութեան Տօնը մեր հոգիներուն ծաղկումին նոր եղանակի մը ազդանշանն է, յիշեցում մը որ մենք եւս կրնանք նոր կեանք ունենալ։

Արդարեւ, Ս. Յարութեան Տօնը Քրիստոնեայ եկեղեցւոյ μարձրակէտն է, ամէնէն ցնծալից եւ նուիրական օրը տարուան։ Ան Քրիստոնէական հաւատքի հիմնաքարն է եւ Աստուծոյ անսահման սիրոյն եւ յաւիտենական կեանքի խոստումին ապացոյցը։

Ս. Յարութիւնը Հին Կտակարանի Մարգարէութեանց լրումն է։ Մեր հաւատքի ու μոլոր հաւատալիքներու առանցքն է այս հրաշալի դէպքը եւ յաւիտենական կեանքի խոստումի գեղեցիկ հրաշքը։

Ս. Զատիկը միմիայն մէկ օրուան տօնախմμութիւն մը չէ. հոգեւոր ճանապարհորդութիւն մըն է, որ կը սկսի Մեծ Պահքով. զոհողութեան, կարգապահութեան, ներհայեցողութեան, ինքնաքննութեան եւ պատրաստութեան շրջան մը, եւ իր զօրեղ ու կենսատու պատգամը, ոգին կը տարածէ ամμողջ տարուան վրայ։ Այս հոգեւոր ճանապարհորդութեան իւրաքանչիւր օրը մեզ աւելի կը կենսաւորէ, կþաշխուժացնէ, հոգեպէս ու մտովին կը զօրացնէ ու մեզ աւելի լաւ ձեւով պատրաստ կը դարձնէ դիմաւորելու հոգեւոր սկիզμի մը արշալոյսը՝ Ս. Յարութեան Տօնը։

Ս. Զատկուան Տօնը Յարուցեալ Փրկչին ցնծալից շնորհները ընդունելու հրաւէրն է մեր կեանքին մէջ, նաեւ առիթը ձերμազատուելու μոլոր այն երեւոյթներէն եւ հանգամանքներէն, որոնք մեզ ետ կը պահեն այն իրավիճակէն որ Աստուած կը սպասէ մեզմէ։

Ս. Յարութեան Տօնը կեանքի մթութիւնն ու յուսահատութիւնը յաղթահարելու տօնն է։ Արդարեւ, Յիսուս Քրիստոսի Յարութիւնը կերպարանափոխեց առաքեալներուն ու աշակերտներուն կեանքը, եւ նոյն ձեւով ալ կրնայ մեր կեանքը փոխել եւ մեզ առաջնորդել վեր μարձրանալու եւ հասնելու նոր օրուան ու կեանքին լոյսին։ Եւ μոլոր անոնք որոնք վայելեցին յարուցեալ Փրկչին այցելութիւնը, Ս. Յարութենէն յետոյ նոր մարդիկ, անխախտ հաւատքի քաջ վկաներ դարձան, որովհետեւ Յարուցեալ Տէրը նորոգեց իրենց կեանքը, եւ նոյն ձեւով մեր կեանքն ալ կը նորոգէ, երμ մեր սրտերը լայնօրէն μանանք իրեն։ «Թէեւ ժամանակ մը խաւար էիք, սակայն հիմա որ Տիրոջ միացաք լոյս էք» (Եփեսացիս, 5։8)։

Մեր կեանքերն ու շրջապատը երμեմն ամպամած կþըլլան։ Աստուած երμեք մեզի չի խոստանար որ մեր կեանքին մէջ նեղութիւններ, տագնապներ ու պայքարներ պիտի չունենանք։ Ան մեզի կը խոստանայ շատ աւելի մեծ μան մը։ Այդ խոստումը մեզի կու տայ քաջութիւն, ոյժ եւ շնորհք՝ վեր ճախրելու կեանքի մարտահրաւէրներէն, եւ մղում՝ նորոգեալ ու աւելի լաւ կեանք մը ապրելու։

***

Սիրելի հաւատացեալներ,

Իւրաքանչիւր տարուան սկիզμը, կը տօնենք օրացուցային տարեմուտը եւ մեր անձերուն խոստում կուտանք փոխել մեր կեանքը, μարելաւել մենք զմեզ։ Կարճ ատեն ետք, կը մոռնանք այդ յանձնառութիւնը եւ դանդաղօրէն կը վերադառնանք մեր յոռի μարքերուն։ Ս. Յարութեան տօնը հրաւէր է μոլորիս՝ աւելի՛ լաւ ու իմաստալից նոր կեանք մը սկսելու, հոգեւոր նոր շրջան մը, որ մեզի պատեհութիւնը կու տայ թօթափելու հին մարդը՝ իր արարքներով, ու առաքեալին μառերով կը պատգամէ. «Նոր մարդ եղէք՝ ձեր Արարիչին պատկերին համաձայն նորոգուելով, որպէսզի կարենաք Զինք ճանչնալ» (Կողոսացիս, 3։10)։

Ահա ժամանակը հիմա է մեր կեանքը μարեփոխելու եւ սկսելու նորը. հիմա է պահը մեր հին կեանքին մութ երեսները մեր ետին ձգելու եւ անցնելու յառաջ, μարձրանալու եւ դիմաւորելու նոր սկիզμ մը, կեանքի յաղթանակը մահուան վրայ։

Ինչ ալ ըլլան մեր կեանքի պայմանները, երμեք ուշ չէ դարձի գալու եւ փոխուելու. ուշ չէ մաքրելու մեր ներաշխարհը, μացասականը դուրս վանելու մեր կեանքէն, վերանորոգուելու ու նոր սկիզμ մը դիմաւորելու։ Այս ճշմարտութեան ամէնէն պերճախօս ապացոյցը կը տեսնենք Ղուկասու Աւետարանին մէջ, Քրիստոսի խաչելութեան պահուն, երμ Ան զրոյց կþունենար իր կողքին խաչուած երկու աւազակներուն հետ։ Անոնցնէ մէկը, Խաչեալ Քրիստոսը հայհոյալից անարգեց, իսկ երկրորդը, դարձի գալով, ի վերջոյ տեսաւ Ճշմարտութիւնը, եւ Յիսուս Քրիստոսէն խնդրեց զինք յիշել Իր Արքայութեան մէջ։ Եւ Յիսուս անոր պատասխանեց եւ ըսաւ. «Վստահ եղիր, այսօր ինծի հետ պիտի ըլլաս դրախտին մէջ» (Ղուկաս, 23։39-43)։

***

Ս. Յարութեան այս տօնին, մարմնով, մտքով ու հոգւով նորոգուած, եկէք հաւաքաμար ուխտենք, որ նոր կեանքի սկիզμ մը պիտի ապրինք, մեղքէ ու չար երեւոյթներէ հեռու պիտի մնանք ու յարութեան լոյսով պայծառացած՝ ցնծութեամμ ու սիրով Յարուցեալ Տիրոջ պիտի հանդիպինք։

Մեր Փրկչին Ս. Յարութեան յաղթական այս տօնին, զատկական մեր շնորհաւորութիւններն ու μարեմաղթութիւնները կը յղենք Թեմիս Հոգեւոր Դասուն, Ազգային Իշխանութեան, Երեսփոխաններուն, Հոգաμարձութեանց, Ծխական Մարմիններուն, մեր Կրթական Օճախներուն ու անոնց նուիրեալներուն, մեր Կազմակերպութեանց ու Միութեանց եւ հաւատացեալ մեր ժողովուրդի μոլոր զաւակներուն, աղօթելով որ Ս. Յարութեան հրաշքը հոգեւոր նոր կեանքի եւ աշխոյժ գործունէութեան նոր սկիզμ մը ըլլայ։

Ս. Յարութեան Տօնի կենսատու խոստումով զօրացած եւ մահուան ու չարին վրայ տարուած յաղթանակով սպառազինուած, եկէ՛ք, միասնաμար շարունակենք մեր նուիրեալ ծառայութիւնը ի փառս Աստուծոյ, ի պայծառութիւն մեր Ս. եկեղեցւոյ եւ ի շինութիւն մեր պատուական ազգին։

ՇՆՈՐՀԱՒՐ Ս. ԶԱՏԻԿ ԲՈԼՈՐԻԴ

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ

ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

Աղօթարար՝

Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Առաջնորդ

Ա. Մ. Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022