Առաջնորդ Սրբազան Հօր Ամանորի Եւ Ս. Ծննդեան Պատգամը – 2022

«ԽԱՂԱՂՈՒԹԻ՜ՒՆ ԱՄԵՆԵՑՈՒՆ»

Նոր Տարուան արշալոյսին ընդառաջ,
Սուրբ Ծննդեան խորհուրդով հոգեվառ,
Այս է պաղատագին աղօթքը մեր,
Զոր կը ձգենք դէպի արեւոտ հորիզոններ.
Խաղաղութի՜ւն տիեզերքին, ողջ մարդկութեան, մեր աշխարհին,
Խաղաղութի՜ւն Հայաստանին, հայ սփիւռքին, հայոց ազգին,
Խաղաղութի՜ւն մեր ընտանեաց ու զաւակաց, ձեզի, մեզի,
Խաղաղութի՜ւն նախնիներուն ու դեռ գալիք ապագային:

Իսկական խաղաղութիւնը սակայն ոչ թէ այս կեանքէն է, այլ՝ Աստուծմէ, ինչպէս Ս. Գիրքը կը վկայէ՝ ըսելով. «Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ միտքով կարելի չէ հասկնալ, խաղաղ պիտի պահէ ձեր սիրտերն ու միտքերը, որոնք Քրիստոս Յիսուսի միացած են» (Փլպ 4.7):

Նոր Տարուան արշալոյսին, Ս. Ծննդեան տօնին ընդառաջ եւ Անոր մեծութենէն առաջնորդուած, ահա՛ կանգնած ենք ձեր առջեւ, ամենասիրելի՛ ժողովուրդ եւ փոխան պատգամի` աղօթական խոհերով առլցուն, ու յանուն մեր բոլորին, խնդրական աղօթք կը բարձրացնենք առ Արարիչն Աստուած ու խաղաղութեան Հիմնադիրն՝ աղերսելով թախանձագին.-

Տէ՜ր, Դուն, որ շարժիչն ես գոյութենական համակարգին, շունչը բոլոր արարուածներուն, խաղաղութի՜ւն շնորհէ երկրի վրայ տառապող բոլոր մարդերուն եւ խօսքիդ ուժո՛վ կառուցուած մեր մոլորակին: Թող պատերազմները ա՛լ վերջ գտնեն, Տէ՜ր, ու ռումբերուն գոռոցները խոնարհին հրեշտակներու երգեցողութեանց ներքեւ, թող աղիողորմ ճիչերն ժողովուրդիդ վերածուին «Սո՜ւրբ, Սո՜ւրբ»-ի, եւ «Փառք ի Բարձունս»ը դառնայ համայն մարդկութեան կեանքի մնայո՜ւն բնակիչ:

Թո՛ղ որ մարդերը այլեւս խաղաղին եւ հաշտուին Քեզի հետ եւ թո՛ղ որ անոնք համախմբուին Քու օրհնեալ կամարիդ ներքեւ: Թող անոնք սիրեն զիրար այնպէս, ինչպէս Դո՛ւն սիրեցիր մեզ, որպէսզի կարենան հաշտութիւն կնքել նաեւ իրե՛նց նմանին՝ մարդո՛ւն հետ ու դառնան եղբայրնե՜ր: Թող քէնը, ատելութիւնը, անէծքը, չարամտութիւնը, նախանձն ու փառասիրութիւնը այլեւս դո՛ւրս գան Երկիր մոլորակէն, ու մարդը ըլլայ բարի՝ մարդուն հետ, եւ մարդուն բարութիւնը առաջինը մարդը ի՛նք վայելէ: Թող որ Յիսուսի միացած մարդը սերմանո՛ղը ըլլայ խաղաղութեան հունտերուն, որպէսզի անոնց պտուղները արդարօրէն ճաշակեն յաջորդական սերունդնե՜րն:

***

Աստուա՜ծ անմեկնելի: Դարեր շարունակ, երկիրն հայոց ինքզինք տեսաւ ճամբուն մէջ Քրիստոսին: Գերադասեց հաւատքը իւր քրիստոնէական եւ վե՛ր դասեց Որդիդ՝ զՔրիստոս, քան ուրի՜շ ճշմարտութիւններ: Հսկէ աչքովդ, Տէ՜ր, յանուն Որդւոյդ նահատակուած հայ սուրբերու արեամբ թաթաւուն այն փոքրիկ հողին վրայ, որ մինչ օրս է՛ թշնամիներո՜վ պաշարուած: Երէկ թէ այսօր, նո՛յնն են մեր թշնամիներն: Պատմական ծովէ ծով Հայաստանէն, այսօր ունինք միայն պատառիկներ, պետականութեան հաստատման ոլորապտոյտին մէջ տուայտող Հայաստան մը իր կարեվէր բուռ մը Արցախով ու վերակազմակերպման կարօտ Սփիւռքով, մինչ որդիքն հայոց՝ ցաքուցրիւ կ՛ապրին աշխարհի քառուղիներուն: Լսէ՛, Տէ՜ր, աղաչանքը մեր եւ օրհնէ զանոնք աստ ու անդ, անոնք ըլլան ներս թէ դուրս, ըլլան հայախօս կամ անգլիախօս, թէ այլ լեզուներով իրենց ապրուստը ճարող, զի բոլորը մեր զաւակներն են եւ ե՛ն արդար ժառանգորդները առաջին քրիստոնեայ երկրին, մեր դարաւոր ու սրբազան հայրենիքին: Թո՛ղ որ անոնց երակներուն մէջ հայու ինքնութեան արիւնը մի՛շտ կենդանի հոսի, եւ վարք ու կենցաղակերպ ըլլան համահունչ՝ Որդւոյդ հաստատած արժէքներուն:

Ազգիս հայոց տո՛ւր խաղաղութիւն, Տէ՜ր: Զի ազգը մեր՝ էութիւն ու քաղաքակրթութիւն ծաղկեցուց Քո՛ւ Յիսուսիդ, ի՛մ Յիսուսիս, մեր Յիսուսի՜ն բերած շնորհաբեր կրօնքին ընդմէջէն եւ իր հաւատքը խարսխեց Քրիստոսի այն խօսքին վրայ, որ կ՛ըսէ. «Խաղաղութիւն կը թողում ձեզի. իմ խաղաղութիւնս է որ կու տամ ձեզի, որ այս աշխարհի տուած խաղաղութենէն տարբեր է: Մի՛ խռովիք ու մի՛ վախնաք» (Յհ 14. 27):
Կ՛աղաչեմ, Տէ՜ր, Ս. Ծննդեան Տօնին ու խորհուրդին ընդմէջէն, այլեւս նայուա՛ծք մը նետէ ի վերայ մեր ազգին ու հայրենեաց եւ երկնային խաղաղութի՜ւնդ ցօղէ հայութեան ու Հայաստանի բոլո՜ր օրերուն ու ընտանիքներուն վրայ: Թող որ ծնող, հայր, զաւակ, քոյր, եղբայր ու հարազատ հասնին մինչեւ խոր ծերութիւն, թող որ մահը մօտ գայ միայն տարիքի մէջ ցուրտ ու ձմրան, թող որ անոնք ննջեն մեղմիւ, ափերուդ մէ՜ջ խաղաղական:

***

Խաղաղութի՜ւն նախնիներուն, որոնք յաղթող դուրս եկան, Հայկ Նահապետէն մինչեւ սահմանապահ զինուորն Արցախի, խաղաղութի՜ւն հոգիներուն մեր բոլոր ննջեցելոցն, որոնք մեռան, բայց չկորան, այլ յաւիտեան կ՛ապրին երկինքի մէջ ու կը յիշուին խորը հոգւոյն հայորդիին:

Յանուն քու ժողովուրդիդ, Տէ՜ր, մենք կը նայինք ապագային դեռ գալիք, որ թէեւ այս պահուն շղարշուած է քողով, բայց, գիտե՛նք, որ աստուածային անակնկալ մը պահած ես մեզի: Եզակի առիթ մը, որ երկնային հրաշքի մը անսահմանութեամբ կը շոյէ իւրաքանչիւր հայ-քրիստոնեայ մարդու սիրտն ու հոգին, Ս. Ծննդեան տօնի նախօրեակին: Ս. Ծնունդ, որ մարդկութեան պատմութեան մէջ ցարդ հնչած բոլոր տեսակի խաղաղութեանց մեծագոյն աւետիսն է, որովհետեւ անոր արձագանգները չեն գար սովորական քարայրէ, այլ կը հնչեն վերին գմբեթէն: Ամենակա՜լ Տէր, թո՛ղ որ ազգովին լուսավառ նայինք դէպի գալիքը մեր, ու թող ապագայէն դէպի ներկայ ճառագայթէ յո՛յս աստուածային: Յոյս, որուն մենք արժանի կ՛ըլլանք Քու շնորհքովդ միայն: Փառք ի Բարձունս, Ամէն:

***

Աղօթական այս ապրումներով եւ որդիական ջերմ սիրով կ՛ողջունենք Վեհափառ Կաթողիկոսը՝ Հայ Առաքելական Մայր Սուրբ Եկեղեցւոյ Նուիրապետական Աթոռ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետը:

Քրիստոնէական սիրով կ՛ողջունենք Արեւմտեան Թեմի Ազգային Երեսփոխանական ժողովը, Կրօնական ժողովն ու Ազգային վարչութիւնը, մեր բոլոր ծխական համայնքները, Հովիւներն ու Հոգաբարձական կազմերը, մեր վարժարանները, Խնամակալ մարմինն ու Ուսումնական մարմինները, տնօրէնները, ուսուցիչ-դաստիարակները, մամլոյ մշակները, ազգային գործիչները, բարեկամներն ու բարերարները եւ մեր ազնիւ ժողովուրդը, մաղթելով, որ խաղաղութեամբ օծուն, միւռոնաբոյր Նոր Տարի մը ունենանք բոլորս եւ 2022-ին միասնաբար քալենք հետքերովը Յիսուսին, դէպի Ինքն՝ Տեառն մերոյ, Խաղաղաբե՜ր Աստուածորդին:

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՆՈՐ ՏԱՐԻ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴ
ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

Աղօթարար
Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, Առաջնորդ
Ա.Մ.Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի

Ամանոր եւ Ս. Ծնունդ, 2022

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022