Առաջնորդ Սրբազան Հօր Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան Պատգամը – 2020

ԵԹԷ ԱՍՏՈՒԱԾ ՍԻՐԵՑ ՄԵԶ՝ ՄԵՆՔ ԵՒՍ ԶԻՐԱՐ ՍԻՐԵՆՔ

Նոր Տարին՝ նոր յոյսերով եւ իղձերով եւ մեր Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը՝ սիրոյ, խաղաղութեան եւ հաճութեան աւետիսով, դարձեալ կը պայծառացնեն մեր հոգիները, բոլորիս երջանկութիւն պարգեւելով եւ մեր էութիւնը ցնծութեամբ պարուրելով։ Նոր Տարուան սեմին, երբ բոլորս մէկ երդիքի տակ կը հաւաքուինք, զարդարուն տօնածառերու ու ճոխ սեղաններու շուրջ կը բոլորուինք ու իրարու նուէրներ կը փոխանակենք, եկէ՛ք, չմոռնանք այս տօնախմբութեան էական պատճառը՝ Մանկացեալ Աստուածորդւոյն մարդեղութեան խորհուրդը։

Դարեր առաջ, սուրբ եւ լուռ գիշերուան խաղաղութեան մէջ Տէրը մեծ եւ սքանչելի խորհուրդով յայտնուեցաւ համեստ մսուրի մը մէջ։ Այս թանկագին Նուէրը երփներանգ ծրարումով փաթթուած չէր, այլ խանձարուրով էր պատուած։ «Որովհետեւ Աստուած ա՛յնքան սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ Իր Միածին Որդին տուաւ, որպէսզի Անոր հաւատացողը չկորսուի, այլ յաւիտենական կեանք ունենայ» (Յհ. 3.16)։

Այո՛, մեր Տէրն ու Փրկիչը Յիսուս Քրիստոս մարդկութեան հանդէպ Իր անսահման եւ կատարեալ սիրոյն համար երկինքէն երկիր խոնարհեցաւ եւ մեր մէջ բնակեցաւ։ Ան եկաւ մարդը Աստուծոյ հետ հաշտեցնելու, կորսուածները փնտռելու եւ փրկելու, մեղաւորները մեղքի կապանքներէն ազատ արձակելու, խաւարած աշխարհը Իր աստուածային լոյսով լուսաւորելու, հիւանդները բժշկելու, սգաւորներն ու սրտաբեկները մխիթարելու (Հմմտ. Ես. 61.1-2, Ղկ. 4.18-19), Իր ճշմարտութեամբ, խաղաղութեամբ ու զեղուն սիրով մեզ վերանորոգելու եւ մեզի կեանք-նուէրը պարգեւելու։ Արդարեւ, ի տարբերութիւն մեր ստացած եւ փոխանակած տօնական նուէրներուն, այս Անժամանցելի Գանձը իր արժէքը երբեք չի կորսնցներ եւ փճանալու ենթակայ չէ։

Մոգերը մանուկ Յիսուսին թանկարժէք նուէրներ՝ ոսկի, կնդրուկ եւ զմուռս բերին։ Մենք չենք կրնար Տիրոջ նիւթական եւ շօշափելի նուէրներ մատուցել եւ ոչ ալ հատուցել մեզի շնորհած Միածին Որդւոյն պարգեւը, սակայն կրնանք մեր երախտագիտութիւնը յայտնել Անոր՝ մեր նմանին նկատմամբ սէր ու գուրգուրանք տածելով։ Երեք աւետարանիչները՝ Մատթէոս, Մարկոս եւ Ղուկաս արձանագրած են Քրիստոսի կողմէ ուսուցուած մեծագոյն երկրորդ պատուիրանը ըսելով. «Սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ պէս» (Մտ. 22.39, Մր. 12.31, Ղկ. 10.27)։ Այս պատուէրը Աստուածաշունչ Մատեանին մէջ բազմաթիւ օրինակներով յիշուած է, մասնաւորապէս Յովհաննու ընդհանրական առաջին նամակին մէջ, ուր առաքեալը կը շեշտէ. «Սիրելինե՛ր, եթէ Աստուած այսպէս սիրեց մեզ, ապա ուրեմն մե՛նք եւս պէտք է իրար սիրենք» (Յհ. 4.11) եւ «Ով որ զԱստուած կը սիրէ, պէտք է իր եղբայրն ալ սիրէ» (Յհ. 4.21)։

Սիրելիներ,

Աստուած Իր սէրն ու ողորմութիւնը առատօրէն կը բաշխէ մեզմէ իւրաքանչիւրին հաւասարապէս։ Որպէս քրիստոնեաներ, կոչուած ենք Իր սէրն ու գութը մեր նմանին հետ բաժնեկցելու։ Սէրը զգացողութիւն չէ, որ լոկ բառերով կ՛արտայայտուի, այլ ընտրութիւն է, որ միայն հաւատքով լի գործերով կ՛իրականանայ։

Արդարեւ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս 2020 թուականը հռչակած է «Յատուկ խնամքի կարօտ հայորդիներու տարի»։ Որքա՜ն խնամքի կարօտ, նիւթապէս, ֆիզիքապէս, բարոյապէս եւ հոգեպէս ընկճուած մարդիկ կան մեր շրջապատին մէջ։ Որպէս արարածներ, բոլորս ալ Աստուծոյ ձեռագործներն ենք, Անոր պատկերին համաձայն ստեղծուած. որպէս քրիստոնեաներ՝ նոյն Հօր Աստուծոյ զաւակներն ենք. իսկ որպէս հայեր, մէկ եւ նոյն ազգի ամբողջութեան մաս կը կազմենք, մէ՛կ ընտանիքի կը պատկանինք, ուստի, պէտք է զիրար սիրենք, իրարու զօրավիգ կանգնինք, զիրար յուսադրենք, գօտեպնդենք ու քաջալերենք, որովհետեւ այն սէրն ու հոգատարութիւնը որ մեր նմաններուն հանդէպ կը ցուցաբերենք, այդ Աստուծոյ նկատմամբ մեր սիրոյն հարազատ արտայայտութիւնն է։ Երկրորդ, այդ նոյն սէրը պէտք է մեզ մղէ գործելու, կարիքաւորներուն հոգ տանելու եւ մեր անձերը նուիրաբերելու, առանց ակնկալութեան, վարձատրութեան եւ հրապարակային փառաբանութեան։ Այդ սէրը մէ՛կ նպատակ պէտք է հետապնդէ՝ Աստուծոյ փառքին տարածումը եւ Անոր շնորհքին ու ողորմութեան արտացոլացումը։ Եւ ահա ա՛յս է Ս. Ծննդեան խորհուրդն ու պատգամը։

Այո՛, ազնուութիւնը գին չունի, սակայն իրականութեան մէջ ամենաթանկագին նուէրն է, որ կրնանք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն ընծայել։ Աշխարհի թոհուբոհին մէջ մխրճուած յաճախ ծանրաբեռնուած ենք կենցաղային, ընտանեկան եւ աշխատանքային բազում հարցերով ու հոգերով, մոռնալով, որ մեր շրջապատին մէջ կան բազմաթիւ մարդիկ, որոնք մեզմէ շատ աւելի բարդ իրավիճակներու մէջ կ՛ապրին։ Քրիստոս Իր երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին մշտապէս աղքատին, ճնշուածին, հիւանդին, կարիքաւորին եւ անօգնականին կողքին եղաւ։ Որպէս Իր աշակերտները, Իր օրինակով եւ Իր հոգին մեր վրայ հրաւիրելով, պէտք է նախանձախնդիր ըլլանք մեր նմաններու կարիքներուն, ինչպէս նաեւ մեր արդար բաժինը բերենք առաւել սէր, ազնուութիւն եւ երջանկութիւն պատճառելով այս աշխարհին ու յատկապէս մեր նմանին, որովհետեւ ինչպէս որ մեր Տէրը հաստատեց. «…Իմ այս փոքր եղբայրներէս մէկուն ըրիք, ինծի ըրած եղաք» (Մտ. 25.40)։

Այս մտածումներով ու հոգեկան ցնծութեամբ տոգորուած, կ’ողջունեմ Թեմիս հոգեւորականաց դասը, ժողովականութիւնը, մեր կազմակերպութիւններն ու միութիւնները եւ հաւատացեալ ժողովուրդը, մաղթելով, որ Նոր Տարին ըլլայ Աստուծոյ սիրով, բարութեամբ, խաղաղութեամբ, առողջութեամբ եւ երջանկութեամբ լի տարի մը։ Թող Աստուածորդւոյն կենսառատ Ս. Ծնունդը աւելի եւս զօրացնէ մեր հաւատքը, իսկ մենք մեր բարեսրտութեամբ ու բարեգործութեամբ դառնանք աղ եւ լոյս մեր շրջապատին մէջ։ Թող սէրը բնակութիւն հաստատէ մեր բոլորին սիրտերուն մէջ, դառնալով մեր ծառայութեան եւ առաքելութեան խթանը, որպէս անհատ եւ որպէս հաւաքականութիւն։

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՆՈՐ ՏԱՐԻ
ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

Սիրոյ ջերմ ողջունիւ,

Աղօթարար՝

ՄՈՒՇԵՂ ԱՐՔ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ, ԱՌԱՋՆՈՐԴ
Ա. Մ. Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի

Ամանոր եւ Ս. Ծնունդ, 2020

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022