»ՀԱՅ ԳԻՐՔԻ ՏԱՐՈՒԱՆ« ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ԾԻՐԻՆ ՄԷՋ – ԱԼԻՍ ՆԱՒԱՍԱՐԿԵԱՆԻ »ԱՆՄԱՀՆԵՐԸ« ՀԱՏՈՐԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ ԱԶԳ. ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՅԱՐԿԻՆ ՏԱԿ

Ազգային Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինին նախաձեռնութեամբ, Հինգշաբթի, 18 Հոկտեմբերին, Ազգ. Առաջնորդարանի »Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան« սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մշակութային ձեռնարկ մը, որ արդարացուց մէկէ աւելի նպատակներ։

Ճաշկերոյթի հանդիպումը կոչուած էր առաւելաբար ծառայելու միտքի ճոխացման, տրուած ըլլալով, որ անիկա հիւսուած էր ուշագրաւ ու կոթողական հատորի մը ներկայացման շուրջ, կþիյնար Հայ Գիրքի Տարուան նուիրուած ձեռնարկներու շարքին։

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութեամբ ու ներկայութեամբ կազմակերպուած ձեռնարկին ներկայ եղան Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան, Ազգ. Վարչութեան ատենապետուհի Տիկին Ռիմա Պօղոսեան, Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի անդամներ, Ազգ. Առաջնորդարանի բարերարներ, բարեկամներ ու միութենական ներկայացուցիչներ։

Բացման խօսքը կատարեց ու յայտագիրը վարեց Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի ատենապետուհի Տիկին Սալբի Սրուրեան։ Ան ողջունեց բոլորին ներկայութիւնը, եւ հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազանը, որպէսզի աղօթքով կատարէ պաշտօնական բացումն ու սեղաններու օրհնութիւնը։ Առաջնորդ Սրբազանին աղօթքէն ետք, Տիկին Ս. Սրուրեան յիշեցուց, որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս 2012ը հռչակած է Հայ Գիրքի տարի, ինչ որ առիթ տուած է Ազգ. Առաջնորդարանի յարկին ու հովանիին տակ կազմակերպելու շարք մը ձեռնարկներ ու հանդիսութիւններ, որոնցմէ նորագոյնը՝ այսօրուան շնորհահանդէսը։ Ան նաեւ հակիրճ կերպով անդրադարձաւ հեղինակին՝ Տիկին Ա. Նաւասարկեանի գրական վաստակին, նշելով, որ »Անմահները« անոր ուսումնասիրական-մտաւորական աշխատանքներու շարքին երրորդն է, որուն ներկայացումը քիչ ետք պիտի կատարէ ծանօթ հրապարակագիր եւ մտաւորական Ստեփան Թօփճեան։

Ճաշի պահէն ետք, նոյնինքն հանդիսավարը ասմունքեց Պարոյր Սեւակի բանաստեղծութիւններէն »Ապրել«ը, ապա հրաւիրեց Ստեփան Թօփճեանը, որպէսզի ներկայացնէ հատորը։

»ՈՉ ՄԻԱՅՆ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԳՈՐԾ«

Յարգելի մտաւորականը նախ ընդհանուր գնահատական մը կատարեց այս հատորի արժէքին ու բնոյթին մասին, նշելով, որ անիկա պատմական ու մշակութային արտայայտութիւն ըլլալու կողքին, ունի նաեւ այժմէական պատգամ ու բովանդակութիւն։ Ան ակնարկութիւններ կատարեց գիրքի բովանդակութեան կարգ մը բաժիններուն, որոնք կը վերաբերին պատմական անցեալին կամ աւելի մօտիկ՝ մեզի ժամանակակից մշակութային կորուստներու. մանրամասնելով, ան նշեց, որ ինչպէս դարեր առաջ, նոյնպէս ալ այսօր, Հայաստան կը գտնուի աշխարհի մեծ ուժերու ազդեցութեան գօտիին մէջ, իր կեանքը եւ նորագոյն պատմութիւնը կը կերտէ այդ միջավայրին մէջ, իսկ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ մեր մշակութային ժառանգունթեանց փճացումն ու իւրացման փորձերը այլապէս ունին պատմական անցեալ, իրենց լուռ պատգամով կը ներկայանան մեր ժողովուրդին, մշակոյթներու պահպանութեան ջատագով աշխարհին եւ ժողովուրդներուն։ Ան յատկապէս յիշատակեց Նախիջեւանի խաչքարերու փճացման ծանօթ դէպքին, որ տեղի ունեցաւ աշխարհի աչքերուն առջեւ։

Բանախօսը վեր առաւ այն իրողութիւնը, որ »Անմահները« հատորը արտացոլացումն է հայ ժողովուրի մեծութեան, արժանիք՝ որ կերտուած է այս հատորի էջերուն տեղադրուած անմահներուն ճամբով։ Ան դրուատիքով խօսեցաւ աւելի քան տասնամեակի մը վրայ երկարող Տիկին Ա. Նաւասարկեանի աշխատանքին մասին, կանգ առաւ նաեւ այն բաժիններուն վրայ, ուր լուսարձակի տակ բերուած է Պարսկաստանի հայութեան մշակութային ու քաղաքական իրագործումները, որոնք ընդհանրապէս քիչ ծանօթ են մեր ժողովուրդին, եւ եզրափակեց գնահատականով մը, ըսելով, որ անմահներու պատգամը այս հատորին մէջ սեղմելով՝ հեղինակը եւս յայտնապէս ձգտումը ունի անմահութեան։

»ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ ԵՍԵՐԷ ՎԵՐ«

Բանախօսին ներկայացումէն ետք, հանդիսավարը հրաւիրեց Առանորդ Սրբազանը արտասանելու իր գնահատանքի ու օրհնութեան խօսքը։ Առաջնորդ Սրբազանը նախ ողջունեց ներկաները եւ բարձր գնահատեց Տիկնանց Օժանդակ Մարմինը, որ այս ու նմանօրինակ որակաւոր եւ լիցքաւորող ձեռնարկներով, մասնակից է Ազգ. Առաջնորդարանի ժողովրդանուէր առաքելութեան։ Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազանը հանգամանօրէն անդրադարձաւ »Անմահները« հատորի բովանդակութեան ու անոր հեղինակին երախտարժան աշխատանքին, գոհունակութիւն յայտնելով, որ այսօրուան ձեռնարկը՝ Հայ Գիրքի Տարուան նուիրուած այս շնորհանանդէսը տեղի կþունենայ Թարգմանչաց տօնի օրերուն, Հայ Մշակոյթի ամսուան ընթացքին։

Շարունակելով իր խօսքը, Առաջնորդ Սրբազանը ակնարկութիւն կատարեց Սեւակի »Ապրիլ« բանաստեղծութեան գաղափարներուն, ընդգծելով, որ հաւաքական կեանքի մէջ, »ես«երու գումարը հանդիսացող »մենք«ն է որ կþարժեւորուի ու կþարժեւորէ մեր կեանքը, իրագործումները։ Այս հատորը, ըսաւ Առաջնորդ Սրբազանը, մեր պատմութեան անմահ »ես«երը կը հաւաքագրէ եւ զանոնք կը ներկայացնէ իբրեւ »մենք«։ Այս կոթողական գործը, իր կարգին, անմահ գործ մըն է, անոր բովանդակութիւնը մեր պատմութիւնը կերտած նահատակներուն ու հերոսներուն պատգամը կը փոխանցէ մեզի, ուղեցոյցի նշանակութիւն ունի մեր եկեղեցական ու ազգային արժէքներու ծանօթացման ու պահպանման իմաստով, թելադրանք՝ որ մեր »ես«երը ի սպաս դնենք մեր ժողովուրդի »մենք«ին։ Այս մօտեցումով է որ բարձր կը գնահատենք Տիկին Ալիս Նաւասարկեանի գործը, որ փաստացի ապացոյց է թէ ան ոչ միայն կատարած է անմահներու վաստակին ու պատգամին հաւաքը, այլ նաեւ թափանցած է անոց թողած ժառանգութեան ու պատգամներուն խորքը։ »Այս բոլորին ծանօթանալով, այդ պատգամները իւրացնելով, մենք եւս պէտք է դառնանք կիրարկողը մեր ազգային ու եկեղեցական աւանդներուն, ըլլանք անոնց տարածիչը եւ մեր կեանքը կերտենք անոնց օրինակին հետեւելով՝ հեզութեամբ, խոնարհութեամբ, ծառայութեամբ եւ սիրով«, եզրափակեց Առաջնորդ Սրբազանը։

Սրտի խօսք արտասանելու հրաւիրուեցաւ նաեւ հեղինակը՝ Տիկին Ալիս Նաւասարկեան։ Ան առաջին հերթին շնորհակալութեան ու երախտագիտութեան խօսք ուղղեց Առաջնորդ Սրբազանին ու Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինին, այս ձեռնարկին կազմակերպման ու յաջողութեան իրագործման համար։ Ան այս առիթով նաեւ շնորհակալութեան արտայայտութիւններ ունեցաւ բանախօսին, ինչպէս նաեւ »Անմահները« հատորի կազմութեան ու խմբագրումին մէջ բաժին ունեցող արուեստագէտներուն ու թարգմանողներուն մասին, յոյս յայտնելով, որ այս հատորով, ինք ներդրում ունեցած կþըլլայ մեր պատմութեան ու մշակոյթի ծանօթացման եւ պահպանման գործին մէջ։ Վերջապէս, ան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որ այս ձեռնարկին մասնակցութեամբ, քաջալեր կþըլլան մեր մշակոյթին ու արժէքներուն։

Ձեռնարկի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը յուշանուէր մը յանձնեց Տիկին Ա. Նաւասարկեանին. Տիկնանց Օժանդակ Մարմինը, իր կարգին, ծաղկեփունջով մը պատուեց հեղինակը։

Ձեռնարկի պաշտօնական բաժինին աւարտէն ետք, հեղինակը մակագրեց ներկաներուն ստացած օրինակները։ Ան վաճառուած գիրքերուն ամբողջ հասոյթը նուիրեց Ազգային Առաջնորդարանին։

Նշենք, որ սրահի մուտքին, ցուցադրուած էին նաեւ Ազգ. Առաջնորդարանի գրատունէն շարք մը գիրքեր, որոնք հետաքրքրութիւն ստեղծեցին ներկաներուն մօտ։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022