Ցեղասպանութեան 100ամեակին Նուիրուած Բժիշկ Կ. Հարպոյեանի Հատորներուն Ողջունահանդէսը՝ Ազգ. Առաջնորդարանին Մէջ


Ցեղասպանութեան 100ամեակի տարին բազմաճիւղ եւ բազմաբնոյթ նախաձեռնութիւններու մղած է մեր ժողովուրդը: Քաղաքական, քարոզչական եւ ցուցական արարքներու կողքին, աշխոյժ է նաեւ հրատարակչական կեանքը:

Այս ծիրին մէջ, Ազգային Առաջնորդարանի “Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան” սրահը Հինգշաբթի, 21 Մայիս երեկոյեան հիւրընկալեց բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի նոր հրատարակած երկու գիրքերուն ողջունահանդէսը, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, հեղինակին, հոգեւորականաց դասու անդամներու, Ազգ. Վարչութեան եւ միութենական ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ աւելի քան 150 գրասէրներու:

“Խաչելութեան Ճանապարհը” եւ “Խաչելութենէն Յարութիւն” հատորները նուիրուած են Ցեղասպանութեան 100ամեակին. ողջունահանդէսին կազմակերպումին համար միացած էին “Ասպարէզ” օրաթերթի խմբագրութեան, Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան եւ Ազգ. Առաջնորդարանի Մշակութային-Դաստիարակչական յանձնախումբին ձեռքերը:

Ողջունահանդէսը սկսաւ ժամը 7:30ին, Տէրունական աղօթքով: Յայտագիրին գործադրութենէն առաջ, ներկաները պահ մը աղօթքով խոնարհեցան յիշատակին առջեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երիցագոյն միաբաններէն Տ. Կորիւն Արք. Պապեանի, որուն վախճանման գոյժը հասած էր նոյն օրը, առաւօտուն: Առաջնորդ Սրբազանն ու հոգեւոր հայրերը “Հոգւոց” աղօթքով առաջնորդեցին յարգանքի պահը:

Հանդիսավարը՝ Տիար Սարգիս Մահսէրէճեան, կազմակերպիչ միաւորներուն անունով ողջունեց ներկաները եւ յայտնեց, որ ձեռնարկը կազմակերպուած է ծանօթանալու երկու հատորներուն բովանդակութեան ու հեղինակին, որ թէեւ բժշկական իր յօդուածներով ծանօթ անուն է հայ ընթերցողին, սակայն անոր ազգային ծառայութեան ու մտաւորականի վաստակը համեմատաբար նուազ ծանօթ է: Ան հրաւիրեց “Ասպարէզ”ի խմբագիր Տիար Աբօ Պօղիկեանը, որպէսզի խօսի հեղինակին բազմաճիւղ վաստակին մասին:

Տիար Ա. Պօղիկեան հակիրճ գիծերու մէջ, եւ իր իսկ խոստովանութեամբ՝ որոշ յապաւումով ներկայացուց հեղինակին վաստակը, որ կը տարածուի աւելի քան 45 տարիներու վրայ: Ան մասնագէտ եւ գիւտարար բժիշկ-վիրաբոյժ է, ծնած ու ուսումնական առաջին հանգրուանները բոլորած՝ Հալէպի մէջ, ապա հետեւած է Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի բժշկագիտութեան ճիւղին, մասնագիտացած է եւ հեղինակն է գիւտերու: Բժշկութեան ասպարէզին կողքին, եւ համաչափ ներդրումով, ուսանողութեան տարիներէն սկսեալ մասնակցութիւն բերած է հայութեան հասարակական կեանքին, գործած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանի, ապա նաեւ Քանատայի Ազգ. Առաջնորդարանի անդաստաններուն մէջ, վարելով պատասխանատու պաշտօններ, եղած է ու կը մնայ մշակոյթի մարդ, անդամակցած է Համազգայինի Կեդրոնական եւ Շրջանային վարչութեանց, ներկայ հատորներէն առաջ լոյս ընծայած է “Բժիշկին Խօսը” խորագրեալ երեք հատորներ, մնայուն կերպով կ’աշխատակցի “Ասպարէզ”ին եւ հայական թերթերու: Ան զարմանք յայտնեց, որ անձ մը ինչպէ՞ս կրնայ այսպիսի վիթխարի եւ բազմաճիւղ վաստակ կերտել, եւ իր խօսքը եզրափակեց բարի երթ մաղթելով անոր գրիչին ու ծառայական կեանքին:

“Խաչելութեան ճանապարհը” հատորին ներկայացումը կատարեց Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան: Հատորը կազմուած է Ցեղասպանութեան կարգ մը մութ եւ նուազ ծանօթ ծալքերուն լոյս սփռող ուսումնասիրական յօդուածներէ. ընթերցողը կը ծանօթանայ ջարդարարին զոհ գացած հայ բժիշկներու, դեղագործներու փաղանգին, անոնց ոճրագործ թուրք բժիշկներու, կը տեսնէ, թէ Ցեղասպանութենէն վերապրող հայ որբերը ինչպիսի տառապանքներ ապրած ու վերականգնած են, նպաստաւորուած են բարեսիրական կազմակերպութեանց կողմէ, ու տակաւին, իբրեւ երախտագիտութիւն՝ իրենց հիւսած գորգը նուիրած են Միացեալ Նահանգերու նախագահին: Մէկ խօսքով, Ցեղասպանութեան լուռ ու անլուր տառապանքներու տարբեր երեսները: Տէր Հայրը իր խօսքի աւարտին վեր առաւ հատորին արժէքն ու հեղինակին բծախնդիր մօտեցումը՝ այս աշխատանքին:

“Խաչելութենէն Յարութիւն” հատորին ներկայացումը կատարեց Տիար Խաժակ Տիքիճեան: Հատորին իրերայաջորդ գլուխները կը ներկայացնեն սեղմ պատմութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, անոր Սիս հաստատուելէն մինչեւ բռնագաղթ, աքսորի տարիներ, Անթիլիասի մէջ դժուարին պայմաններու մէջ վերականգնումն ու այսօրուան հպարտառիթ գործունէութեան ծաւալումը, կեդրոնանալով գահակալ Վեհափառ Հայրապետներու իրագործումներու վրայ: Հատորը կ’ընդգրկէ նաեւ Կաթողիկոսարանի հովանիին տակ գործող բարեսիրական հաստատութիւններն ու մշակոյթի կեդրոնները՝ ինչպէս՝ “Թռչնոց Բոյն”ն ու թանգարանը, տպարանը եւայլ, վերջապէս՝ ուսումնասիրակն գլուխ մը՝ Ազգային Սահմանադրութեան մասին: Տիար Խ. Տիգիճեան, ըլլալով Կաթողիկոսութեան Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան անդամներէն, նշեց, որ ընթերցողը այս հատորին ճամբով ամբողջական բայց նաեւ հպանցիկ գիտելիքներ կը ստանայ այն վիթխարի աշխատանքին մասին, որ իրագործուած է Կաթողիկոսութեան կողմէ, մասնաւորաբար վերջին 100 տարիներուն: Այս մօտեցումով, ան բարձր գնահատեց այս հատորին վաւերագրական ու պատմագիտական արժէքը:

Գեղարուեստական յայտագիրը կազմուած էր երկու մատուցումէ. Ծովիկ Տօներեան-Նաշալեան մեներգով հանդէս եկաւ “Կիլիկիա”ով, դաշնակի ընկերակցութեամբ Ֆիմի Գրաճեան-Սիւլահեանի, ապա, տաղանդաւոր դաշնակահարուհին մատուցեց Արամ Խաչատուրեանի “Թոքաթա”ն:

Սրտի խօսք արտասանելու հրաւիրուեցաւ հեղինակը՝ Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան. ան առաջին հերթին շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Առաջնորդ Սրբազանին, Ազգ. Առաջնորդարանին, “Ասպարէզ”ին, Համազգայինի Շրջանային վարչութեան, այս ձեռնարկին կազմակերպման համար, նաեւ՝ Քանատայի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեղրիկ Եպսկ. Բարիքեանի, Համազգայինի Շրջ. Վարչութեան, որոնք գործակցաբար լոյս ընծայեցին երկու հատորները, իսկ մեկենասութիւնը յանձն առած են Տէր եւ Տիկին Եդուարդ Մսըրլեան: Ան բացատրեց, որ Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով, պարտականութիւն նկատած է ձեռնամուխ ըլլալ նման աշխատանքի, լուսարձակի տակ բերել թուրքի ոճրային նկարագիրին երեսները, հետեւանքները ու մանաւանդ հայութեան վերականգնումի կարողութիւն, որուն մէկ խորհրդանիշն ու վկայութիւն է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը: Այս աշխատանքները հիմնականին մէջ հասցէագրուած են նոր սերունդներուն, որպէսզի անոնք իրազեկ դառնան հայութեան խաչելութեան ու յարութեան, կորուստներուն ու վերականգնումին: Ան հաստատեց, որ այս ուսումնասիրութիւնները ամբողջական չի նկատեր, որովհետեւ հրատարկութենէն ետք իսկ, մեր կորուստներուն ու գորգի ծանօթ պատմութեան մասին ի յայտ եկած են նորութիւններ, որոնց մասին տուաւ հակիրճ ծանօթութիւններ: Վերջապէս, ան յայտնեց, որ այս հատորներուն հասոյթը կը նուիրէ Քանատայի Լաւալ քաղաքին մէջ նոր կառուցելի եկեղեցւոյ հիմնադրամին:

Ողջունահանդէսի եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Առաջնորդ Սրբազանը: Ան գնահատանքով արտայայտուեցաւ երեկոյին կազմակերպիչներուն եւ մանաւանդ Բշիշկ Կ. Հարպոյեանի բազմապիսի ներդրումներով կազմուած վաստակին մասին, նշելով, որ չորս տասնամեակէ ի վեր ծանօթ է Հարպոյեան ընտանիքին, որուն անդամները ունին ազգայի, մշակութային եւ մարդասիրական ծառայութիւն: Զարմանալի չէ, որ բժշկագիտական գրութիւններէ ետք, հեղինակը պատրաստէր նման հատորներ, որոնք արտացոլացումն են անոր դաստիարակութեան ու ազգային դաստիարակի դերին, որուն լծակից է նաեւ անոր ազնիւ Տիկինը: Առաջնորդ Սրբազանը գոհունակութիւն արտայայտեց, որ առիթ ստեղծուեցաւ այս գիրքերուն առաջին ներկայացումը իրականացնելու Ազգային Առաջնորդարանիս յարկին տակ, ներկայութեամբ նոյնինքն հեղինակին: Ան մասնաւորաբար գնահատանքով արտայայտուեցաւ Տ. Ղեւոնդի եւ Տիար Խաժակի լուրջ մօտեցումին ու բծախնդիր ներկայացումին մասին, որոնք վկայութիւն են իրենց առաքելութեան հանդէպ պատասխանատու մօտեցումի:

Առաջնորդ Սրբազանը նկատել տուաւ, որ այս հատորին հրատարակութիւնը եթէ բացայայտօրէն կապուած է Ցեղասպանութեան 100ամեակին, պէտք է ի մտի ունենալ նաեւ, որ այս տարի Կաթողիկոսութեան Անթիլիաս հաստատման 85րդ եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի գահակալութեան 20րդ տարեդարձներն են, հանգրուան, երբ կը շեշտուին մեր պահանջատիրութիւնն ու պայքարի կամքը: Ան անդրադարձաւ Ցեղասպանութեան դառն հետեւանքներուն, սակայն նաեւ ահաւոր կորուստներէ ետք վերականգնելու եւ սեփական ու հաւաքական կեանք վերակերտելու հայութեան իրականութեան, ազգային ու աշխարհի կեանքին մէջ ներդրումներուն, որոնք պատուաբեր են բոլորիս համար: Ան բարձր գնահատեց հեղինակին միտքի արգասիքները՝ բժշկագիտուեան ու մտաւորական կալուածներուն մէջ, ու իր խօսքը եզրափակեց մաղթելով, որ ան շարունակէ իր երթը՝ մասնագիտութեան ու ազգային ծառայութեան ասպարէզներուն մէջ, իսկ անոր վաստակը ըլլայ նոր սերունդին ճամբայ ցոյց տուող ուղենիշ:

Ձեռնարկին պաշտօնական բաժինը վերջ գտաւ Առաջնորդ Սրբազանին “Պահպանիչ”ով ու Հայրապետական Մաղթանքին երգեցողութեամբ: Այնուհետեւ, հեղինակը մակագրեց հատորներուն օրինակները, իսկ ներկաները վայելեցին պատշաճ հիւրասիրութիւն մը:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022