Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի «The Armenian Church»


Հինգշաբթի, 27 Ապրիլ 2017ի երեկոյեան ժամը 7:00ին, Ազգ. Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին վերջին հրատարակութեան՝ «The Armenian Church» գիրքի ներկայացումը։

Ձեռնարկը կը վայելէ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութիւնը եւ տեղի կþունենայ կազմակերպութեամբ Ազգ. Առաջնորդարանի Մշակութային-Դաստիարակչական Յանձնախումբին։

Հատորը պիտի ներկայացնէ Օրէնճ Քաունթիի Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան։

Մուտքը ազատ է։ Տեղի պիտի ունենայ գեղարուեստական յայտագիր եւ պատշաճ հիւրասիրութիւն։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022