Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան Ներկայացուց «Միջերկրականի Հիւսիս-Արեւելեան Գօտիի Հայկական Համայնքները» Հատորը

Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ կազմակերպութեամբ Ազգ. Առաջնորդարանի Մշակութային-Դաստիարակչական յանձնախումբին, Հինգշաբթի, 25 Յունուար 2018-ի երեկոյեան ժամը 7։00-ին, Ազգային Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի «Միջերկրականի Հիւսիս-Արեւելեան Գօտիի Հայկական Համայնքներ. Մուսա Տաղ – Տէօրթ Եօլ – Քեսապ» հատորի ողջունահանդէսը։

Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողքին, ներկայ էին հոգեւորականաց դասու անդամներ, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տիար Կայծակ Զէյթլեան, Ազգ. Վարչութեան անդամներէն Տիար Անդրանիկ Գասպարեանն ու Տիկին Էլօ Պոյաճեան եւ մեծ թիւով գրասէր հայորդիներ։

Յանուն կազմակերպիչ յանձնախումբին, ողջոյնի խօսք արտասանեց ատենապետը՝ Տիար Հրայր Ճերմակեան, որ վեր առաւ նման ձեռնարկներու նշանակութիւնն ու կարեւորութիւնը, ապա նշեց, որ թեւակոխած ենք համահայկական յոբելենական մեծ նշանակութիւն ունեցող տարի մը։

Հանդիսավարը՝ Տիար Մուշեղ Պետեւեան, ողջունեց ներկաները, հակիրճ ակնարկով մը ներկայացուց Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանը՝ իբրեւ հմուտ պատմաբան ո վաստակաւոր դասախօս։ Ապա բեմ հրաւիրեց Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ, որոնք երգով ու պարով ներկայացուցին «Կարմիր ֆըստան հէգուծի» ազգագրական երգը։

Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան ներկայացուց Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի կենսագրականն ու բազմաբեղուն գործունէութիւնը։ Քահանայ Հայրը խօսեցաւ անոր պատրտաստած՝ աւելի քան երեք տասնեակ գիրքերուն մասին, որոնք թարգմանուած են զանազան լեզուներու եւ վկայութիւն են անոր գիտական վաստակին, յիշեցուց, որ ան տարիներ շարունակ դասաւանդած է զանազան ուսումնական բարձրագոյն հաստատութիւներու մէջ եւ արժանացած է բազմաթիւ շքանշաններու, ինչպէս՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ասպետ»ի ու «Մեսրոպ Մաշտոց»ի շքանշաններուն։

Հանդիսավարը ապա հրաւիրեց Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանը, որպէսզի ներկայացնէ հատորը։ Ան առաջին հերթին խօսեցաւ իր հեղինակած գիրքերուն մասին, որոնք մեծաւ մասամբ կը կեդրոնանան Արեւմտեան Հայաստանի քաղաքներուն ու գաւառներուն վրայ, որոնք ժամանակին եղած են քաղաքակրթութեան հնոցներ ու հայ ժողովուրդի լինելութեան վկայարանը։ Այնուհետեւ, ան յուզմունքով ներկայացուց այդ քաղաքներուն ու գաւառներուն այսօրուան վիճակը։

Խօսելով «Միջերկրականի Հիւսիս-Արեւելեան Գօտիի Հայկական Համայնքներ» հատորին մասին, հեղինակը սահիկներու ցուցադրութեամբ եւ վաւերագրական փաստարկներով սպառիչ ձեւով ներկայացուց գիրքին բովանդակութիւնը՝ Մուսա Տաղի, Տէօրթ Եօլի եւ Քեսապի հայութեան պատմական, մշակութային, տնտեսական, կրթական եւ քաղաքական իրադարձութիւնները։ Ան նաեւ ներկայացուց Պէյլանի եւ Անտիոքի հայկական համայնքներու պատմութիւնը, խորանալով մանաւանդ Վագըֆ գիւղի մասին, որ յետ ցեղասպանութեան, ցայսօր կը մնայ հայկական միակ գիւղը։ Այնուհետեւ, ան ցուցադրեց իր դստեր՝ Անի Յովհաննէսեան-Գէորգեան վաւերագրական ժապաւէնը, որ գիտական աշխատաանքի այցելութիւն մըն է պատմական Մուսա Լերան գիւղերը։

Հանդիսավարը հրաւիրեց երիտասարդ դաշնակահար Ալէն Տիշըքըրըքեանը, որ ներկայացուց հայկական եւ օտար երաժշտական կտորներ։ Ասմունքով հանդէս եկաւ Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտուհիներէն՝ Ալիք Արթինեան, որ արտասանեց Եղիշէ Չարենցի «Գովք Հայաստանի» բանաստեղծութիւնը։

Ողջունահանդէսի փակման եւ օրհնութեան խօսքը արտասանեց Առաջնորդ Սրբազանը: Ան առաջին հերթին գնահատեց կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամները, գեղարուեստական բաժինի մասնակիցներն ու գրասէր ներկաները։ Ան կեդրոնացաւ ակադեմական ու պատմագէտ Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի հսկայ աշխատանքին վրայ, նշելով որ ան տարիներու հարուստ վաստակ կերտած է։ Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ այս երեկոն չի սահմանափակուիր դասախօսական երեկոյի մը սահմաններուն մէջ, այլ նաեւ դասաւանդութիւն մըն է, որ իր մէջ կ’ընդգրկէ թէ՛ պատմութիւն, թէ՛ մշակոյթ եւ թէ ցեղասպանագիտութիւն։ «Աւանդել ըսելով չենք հասկնար միայն փոխանցել, այլեւ՝ հարստութիւն մը գանձ մը պահել, փայփայել եւ յանձնել յաջորդ սերունդներուն», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը։

Նկատել տալով, որ այս տարի կը նշենք Հայաստանի անդարանիկ հանրապետութեան 100-ամեակը, Առաջնորդ Սրբազանը յիշեցուց, որ Հայաստանի առաջին Հանրապետութիւնը բոլորիս համար մնայուն խորհրդանիշ է հայրենասիրութեան, անկախութեան տենչի եւ հայրենանուիրումի, յուսալով ու երազելով, որ պիտի հասնինք Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանին։ «Ինչպէս որ ցեղասպանութեան 100-ամեակին յիշելու եւ յիշեցնելու պատգամ տրուեցաւ, նոյնպէս ալ «Անկախութեան Տարուան» 100-ամեակը ոչ միայն յիշելու համար է, այլ նաեւ իւրաքանչիւրիս համար անժամանցելի արժէքներու կտակ է, վկայակոչելու ու վերապրելու համար մեր նախնեաց կերտած աւանդները եւ զօրակցելու մեր անկախ Հայրենիքին։»

Իր խօսքի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը Ազգ. Առաջնորդարանի յուշանուէր մը յանձնեց յարգելի դասախօսը։ Երեկոն վերջ գտաւ Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտներուն «Կիլիկիա»ի խմբերգումով ու Առաջնորդ Սրբազանին պահպանիչով։ Ներկաները վայելեցին Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ մարմինին պատշաճ հիւրասրիութիւնը։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022