Արցախի եւ Թեմիս Առաջնորդ Սրբազանները Այցելեցին Ազգ. Շամլեան եւ Թիւֆէնքեան Վարժարանները

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան եւ Արցախի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան Երեքշաբթի, 13 եւ Չորեքշաբթի, 14 Մարտ 2018-ին այցելութիւններ տուին Ազգ. Վահան եւ Անոյշ Շամլեան վարժարան եւ Ազգ. Ռ. Թիւֆէնքեան մանկամսուր, Արցախեան Պայքարի շունչը տարածելով պատանի ու մանուկ աշակերտներու հոգիներուն մէջ։

Պարգեւ Սրբազանը, որ Երեքշաբթի կէսօրին այցելած էր Ազգ. Առաջնորդարան եւ արժանացած ջերմ ընդունելութեան, իրենք ընկերացող գաղութային պատուիրակութեան հետ Ազգ. Վ. եւ Ա. Շամլեան վարժարան ուղղուեցաւ Թեմիս Առաջնորդ Սրբազան Հօր հետ, որուն կ’ընկերանար Առաջնորդական փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան։ Վարժարանի մուտքին, երկու Առաջնորդ Սրբազաններն ու ընկերակիցները դիմաւորուեցան տնօրէնուհիին՝ Դոկտ. Թալին Քարկոտորեանի, փոխ տնօրէնուհիին՝ Տիկին Ռիթա Գաբրիէլեանի եւ ուսուցիչներու կողմէ, եւ առաջնորդուեցան «Յակոբ եւ Հիլտա Պաղտասարեան» մարզասրահ, ուր խմբուած էին 7-րդ եւ 8-րդ կարգի աշակերտները։ Վարժարանին հայերէնի դաստիարակներէն Տիար Վահան Մեհրապեան արտասանեց ողջոյնի խօսք, հակիրճ կերպով անդրադարձաւ վարժարանի ազգային բնոյթի ձեռնարկներուն, ապա Պարգեւ Սրբազանը ներկայացուց աշակերտներուն: Գործադրուեցաւ աշակերտական կոկիկ յայտագիր. ազգայնաշունչ «Արցախ»ը արտասանեց Էրիկ Մարգարեան, Դերիկ Թովմասեան կարդաց իր գրած նամակը՝ Արցախի զինուորին, իսկ Անջելօ Սքոռզա ոգեւորեց ներկաները՝ Ժագ Ս. Յակոբեանի «Սարդարապատ» քերթուածի խորիմաստ տողերով:

Խօսք առաւ տնօրէնուհին, որ շեշտեց, թէ Արցախը միշտ եղած է հայկական հող եւ անբաժանելի մասը Հայաստանին: Յաջորդաբար խօսք առին երկու Առաջնորդ Սրբազանները, որոնք կարեւորութեամբ շեշտեցին այս տարուան յիշատակելի թուականները. Մուշեղ Սրբազան նկատել տուաւ, որ այս տարի Հայաստանի Հանրապետութեան 100-րդ տարեդարձն է, ապա թելադրեց աշակերտներուն՝ Մայիս 28-ի ոգիով ապրիլ, որպէսզի օր մը ազգովին հասնինք մեր հայրենիքի ամբողջական ազատութեան: Խօսելով Արցախի մասին՝ Պարգեւ Սրբազան ըսաւ, որ Արցախը մտած է զարգացման ընթացքի մէջ, տարուէ տարի կը զօրանայ, թէեւ երբեմն բախումներ ալ տեղի կ՛ունենան, բայց ժողովուրդը չի յուսալքուիր, այլ կը պայքարի իր ազատութիւնը պահելու համար: Ան նաեւ ցանկութիւն յայտնեց, որ տարիներու աւանդութեան համաձայն, վարժարանին 8-րդ դասարանի աշակերտները այս տարի երբ Հայաստան այցելեն, նաեւ Արցախ այցելեն, աւելի լաւ հասկնան, թէ ի՞նչ է Արցախը:

ԹԻՒՖԷՆՔԵԱՆ ՄԱՆԿԱՄՍՈՒՐԻՆ ՄԷՋ
Երկու Առաջնորդ Սրբազանները, գաղութային պատուիրակութեան ընկերակցութեամբ, Ազգ. Ռիչըրտ Թիւֆէնքեան մանկամսուր այցելեցին Չորեքշաբթի, 14 Մարտի առաւօտուն, եւ հիւրընկալուեցան դաստիարակներուն ու աշակերտներուն կողմէ։ Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանար Արժ. Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեան։ Ներկայ էր նաեւ վարժարանի բարերարուհին՝ Տիկին Սաւի Թիւֆէնքեան։

Ուսումնարանին մէջ շրջապտոյտէ մը ետք, մանկամսուրի վարիչուհի Տիկին Արսինէ Աղազարեան արտասանեց ողջոյնի խօսք, մանուկները մթնոլորտը պայծառացուցին երգերով, որոնցմէ մէկը նուիրուած էր Արցախին եւ նոր երգ մըն էր։

Յաջորդաբար խօսք առին երկու Առաջնորդ Սրբազանները։ Մուշեղ Սրբազան աշակերտներուն յայտնեց, թէ Պարգեւ Սրբազանը եկած է «սիրուն Արցախէն ու սիրուն աշակերտներուն բարեւները բերած է Լոս Անճելըսի աշակերտներուն»։ Հիւր Սրբազան Հայրը, իր կարգին ողջունեց եւ օրհնեց աշակերտները, մաղթելով, որ 30 տարիներէ ի վեր շարունակուող Արցախեան Պայքարի ոգին բոցավառի բոլոր հայ աշակերտներու հոգիներուն մէջ։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022