Արցախեան Շարժումի 30-ամեակի Տօնակատարութեան Նախօրեակին՝ Արցախի Թեմի Առաջնորդը Հիւրընկալուեցաւ Ազգ. Առաջնորդարանին Մէջ

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Երեքշաբթի, 13 Մարտ 2018-ի կէսօրին, Ազգային Առաջնորդարանին մէջ հիւրընկալեց Արցախի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեանը, որ Արցախի ազատագրական պայքարի 30-ամեակին առիթով, յատուկ հրաւէրով կը գտնուի Լոս Անճելըս։ Հիւր Սրբազան Հօր կ’ընկերանար պատուիրակութիւն մը, որ կը ներկայացնէր Կլենտէյլի ու շրջակայից հայկական 24 միութիւններ ու կազմակերպութիւններ, որոնք միասնաբար կազմակերպած են Արցախեան Շարժումի 30-ամեակի տօնակատարութիւնը։ Առաջնորդ Սրբազանին կողքին էին Առաջնորդական փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան, Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան, Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեան եւ Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի անդամներ։

Պարգեւ Սրբազանն ու հիւր պատուիրակութիւնը Առաջնորդ Սրբազանին ու հոգեւոր հայրերուն կողմէ դիմաւորուեցան Ազգ. Առաջնորդարանի մուտքին, ապա բոլորը ուղղուեցան «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատուռը, ուր ունեցան աղօթքի պահ մը։

Պաշտօնական հիւրընկալութիւնը տեղի ունեցաւ «Սիւլահեան» դահլիճին մէջ։ Առաջնորդ Սրբազանը իր ողջոյնի խօսքով բարի գալուստ մաղթեց Պարգեւ Սրբազանին, փառք տալով Աստուծոյ, որ անգամ մը եւս ան կը գտնուի «Ազգի Տան» մէջ, ուր միշտ եղած է Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի թելեթոններուն առիթով, ընկերակցութեամբ Արցախի նախագահին, վարչապետին կամ պետական այլ ներկայացուցիչներու։ Ան նշեց, որ այս այցելութիւնը բացառիկ առիթով է, միասնաբար տօնախմբելու Արցախեան Շարժումի 30-րդ տարեդարձը, որ կազմակերպուած է Կլենտէյլի հայկական 24 միաւորներու միացեալ ճիգերով։ Առաջնորդ Սրբազանը ընդգծեց, որ Արցախեան Շարժումը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ վերանորոգումն էր դարաւոր պայքարին ու անգամ մը եւս առաջնորդ հանդիսացաւ պահանջատիրական ու իրաւունքի պաշտպանութեան մեր երթին, իսկ Պարգեւ Սրբազանը այս շարժումին առաջին օրէն իսկ եղած է ու կը մնայ դրօշակիր մը։ Ան գոհունակութիւն յայտնեց, որ հիւրը Սրբազան Հայրը առիթ կ’ունենայ տեսակցութիւններ ունենալու մեր գաղութի միաւորներու ներկայացուցիչներուն հետ, նաեւ պիտի այցելէ Ազգ. Վահան եւ Անոյշ Շամլեան եւ Թիւֆէնքեան վարժարանները, իսկ Կիրակի օր, համագաղութային համախմբումին, պիտի ըլլայ գլխաւոր պատգամաբերը։ Վերջապէս, ան գնահատանքով արտայայտուեցաւ կազմակերպիչ յանձնախումբին աշխատանքներուն մասին։

Պարգեւ Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրընկալութեան համար, գոհունակութիւն յայտնեց, որ դարձեալ առիթ կ’ունենայ տեսակցելու մեր շրջանի իր հոգեւոր եղբայրերուն ու աշխարհական ներկայացուցիչներուն հետ, Ազգ. Առաջնորդարանի յարկը կը նկատէ հարազատ տուն։ Ան յիշեցուց, որ Արցախեան Շարժումը դարաւոր պատմութիւն ունի, առ նուազն 1700-ական տարիներէն սկսեալ։ Այսօրուան աշխարհը անարդար է, իսկ պայքարը ճամբայ ելած է ի խնդիր արդարութեան ու ազգային իրաւունքներու հաստատման։ Պայքարի ճամբան երկար է ու դժուար, սակայն պիտի շարունակուի անվհատ, միացեալ ճիգերով պիտի հասնինք մեր նպատակին։ Ան շեշտեց, որ լաւ է որ նման տօնախմբութիւններով, մեր ժողովուրդին ու յատկապէս երիտասարդութեան յիշեցնենք Արցախեան պայքարը, որովհետեւ երիտասարդներէն կախեալ է մեր ապագան ու ճակատագիրը։ Պէտք է երիտասարդը դնել ազգային առողջ դաստիարակութեան մթնոլորտի մէջ, որովհետեւ այսօրուան աշխարհը, մանաւանդ համաշխարհայնացումի իր ընթացքով, կը քայքայէ ու կը ջլատէ ազգային ամէն զգացում։ Այս ընթացքին դէմ զուգահեռ աշխատանք պէտք է տանիլ մայր հայրենիքին ու սփիւռքին մէջ։ Վերջապէս, ան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Քալիֆորնիոյ հայութեան ու տօնակատարութեան կազմակերպիչներուն, որոնք այս շրջանին մէջ կերտած են երկրորդ Հայաստան մը։

Հանդիպումը շարունակուեցաւ մտերմիկ զրոյցով։ Պարգեւ Սրբազանը տեղեկութիւններ տուաւ Արցախի հողամասերու ոռոգման անմիջական ու հեռահաս ծրագիրներու մասին, իսկ յանձնախումբի ներկայացուցիչներէն Տիար Յարութ Մանուկեան յայտնեց, որ այս տօնակատարութեան առիթով, յանձնախումբը որոշած է հանգանակային արշաւի դիմել, Արցախի մէջ իրականացնելու համար 30 ջերմոցներու ծրագիր մը, նպաստելու համար նահատակ կամ վիրաւորուած զինուորներու ընտանիքներուն։ Կիրակի օրուան տօնախմբութիւնը տեղի պիտի ունենայ Կլենտէյլի «Վերտուկօ Փարք»ին մէջ, Պարգեւ Սրբազանը պիտի ուղղէ իր պատգամը, նախատեսուած են գեղարուստական յայտագիր ու ճաշի սպասարկութիւն։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022

ԼՈՒՐԵՐՈՒ ԱՐԽԻՒ