Առաջնորդ Սրբազան Հօր Ս. Զատկուան Պատգամը

ԱՄԵՆԱԼՈ՜ՅՍ ՊԱՅԾԱՌ ԿԻՐԱԿԻՆ

Կիրակիները, արեգակնային դրութեան ճշգրտութեամբ, կը յաջորդեն իրարու: Բայց Կիրակին այն, որուն կը սպասեն երկիր ու մարդկութիւն, Կիրակին, որ մեր բոլորին ու ազգի կեանքին մէջ կ՛ուզենք որ անպայմա՛ն ծագի, չէ՛ սովորական շաբթուան մը համարակալուած օրերէն մէկը, այլ է՛ հայ բանաստեղծ Միսաք Մեծարենցի գերագոյն ըղձանքին մարմին տուող պայծառ Կիրակին, որ երկրաւորաց հոգիներուն մէջ պիտի բացուի՝ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան այս մեծ տօնին. «Ու կը սպասեմ որ ծագի հոգւոյս պայծառ Կիրակին»: Յառա՜ջ Աստուած:

Կը գտնուինք Աւագ Շաբթուան խորհուրդի զենիթին՝ Ս. Զատիկի հրաշափառ տօնի լուսաճաճանչ այգեբացին: Անցնող օրերուն, եկեղեցական ու հոգեւոր արարողակարգի ճամբով, ճգնեցանք խորամուխ ըլլալ Տէրունական այն ապրումներուն մէջ, զորս Քրիստոս ունեցաւ իր երկրաւոր կեանքի վերջին հանգրուանին: Իրաւամբ, մարդկային կեանքի դառն ու լեղի, չարչարանալից վերջին օրեր, եւ քսան դարէ ի վեր կրկնուող «անմեղ Գառնուկ»ի զոհագործում, որ տակաւին կը ցնցէ համայն մարդկութիւնը ո՛չ այնքան ցաւի կարեկցանքով, այլ, որ անհամեմատելիօրէն աւելի մեծ է իր խորհուրդով, աստուածային ծրագիր մը ըլլալու իր եղելոյթով: Մենք ալ, մեր կարգին, հաւատքով վճիտ ու մարդկային, խոնարհելով դէպի երկինք, այս օրերուն ընթացանք դէպի լոյսը ճշմարիտ, որ գերագոյն առաջնորդը ըլլալով հանդերձ, է՛ նաեւ ուղիղ ճանապարհը, որ լոյսի պարգեւիչը ըլլալով հանդերձ, է՛ նաեւ անքողարկելի, անտարազելի, անքնին լոյսը, որ կեանքի դուռը ըլլալով հանդերձ, է՛ ինքը՝ կեանքը՝ Յիսուս Քրիստոսը.

«Ես եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» (Յովհաննէս 14.6):

Քիչ անց, երկինքը պիտի ցնծայ ճշմարիտ լոյսով, երկիրը մեղքի տիղմէն դէպի կեանք պիտի բարձրանայ եւ նոր ու յաւիտենական հունով ընթանայ, մինչ մենք՝ մարդերս, ինչպիսի՜ երանութեամբ պիտի դիմաւորենք մեր հոգիներու պայծառ Կիրակին. Կիրակի՝ կեանքի ու յարութեան, Կիրակի՝ յոյսի վերածննդեան, Կիրակի՝ լոյսի ջրվիժման, որուն վէտվէտող հոսքին տակ մեր կեանքէն միանգամընդմիշտ պիտի չքանայ խաւարը, փարատի մոլութիւնը ու պիտի բացուի հայ-քրիստոնեայ մարդուն կեանքի գեղեցկագոյն եւ երջանկալից օրը՝ քրիստոսապարգեւ արշալոյս Յարութեան մեծ տօնը:

Ո՜վ հայոց հայրենիք, թող որ ծագի հոգւոյդ պայծառ Կիրակին, եւ երկինքը տունդարձ շնորհէ գերութեան մէջ հեծող որդիներուդ: Թող որ հայ նահատակներու աճիւններով սրբացած հողդ անվե՛րջ խայտայ կտրիճ զաւակներուդ եղբայրական դոփիւններուն տակ եւ նորոգ ուրախութեամբ ընդարձակուի՝ իրարայաջորդ սերունդներու ուռճացող քայլերու կարգապահ կշռոյթին ներքոյ:

Ո՜վ հայ սփիւռք, թող որ ծագի հոգւոյդ պայծառ Կիրակին, եւ հաւատքիդ կարասները երկնային զօրութեամբ այնպիսի՛ թափով լեցուին, որ Հայաստանի ու հայութեան բոլոր օրերը յիսուսաբոյր սիրով օծուն Զատիկ հագնին, յանուն Հայ Եկեղեցւոյ մշտնջենական գոյերթին, հայ ազգի վաղուան բեղուն սերմին եւ ծոցուոր հայուհւոց մարիամահեզ յարաճուն շքերթին:

Ո՜վ հայ համայնք, թող որ ծագի հոգւոյդ պայծառ Կիրակին, եւ Տէր Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնը այնպիսի՛ կենցաղով հրավառէ զաւակներուդ կեանքը, ուր միաբանութիւնը, եղբայրսիրութիւնը, իրարու նկատմամբ յարգանքը, սէրը եւ գուրգուրալից վերաբերումը մեր հաւաքական կեանքէն ներս վերստին հոսին իբրեւ վարար գետ, որպէսզի նոր գործերով ու յաջողութիւններով աւելի ե՛ւս հարստանայ գանձարանը մեր ազգին, եւ մեր աշխարհասփիւռ համայնքները անդադար ծաղկունք ապրին հո՛ն, ուր հայ-քրիստոնէական ապրումներով բեղուն հայկեան սրտեր կը շարժին:

Արդ, ո՜վ իմ անձս՝ հայ մարդ, աշխարհի ո՛ր անկիւնն ալ գտնուիս, Երկինքը այսօր քեզի համար անկրկնելի նուէր մը ունի, որ յաղթաբար պիտի գուժէ մա՛հը մահուան, ու գրկաբաց ողջունէ կեա՛նքը կեանքին, զի այսօր Աշխարհ կը նուաճուի Ամենալոյսէն:

Ամենալո՜յս, որ բոլոր պտուղներէն աւելի քաղցրահա՛մ պիտի ծորի քու եւ ընտանիքիդ կեանքին մէջ:

Ամենալո՜յս, որ բոլոր յաջողութիւններէն աւելի լիաբո՛ւռն պիտի բացուի գործերուդ ու օրերուդ վրայ:

Ամենալո՜յս, որ բոլոր կապերէն աւելի ամո՛ւր քեզ պիտի միացնէ երկնքին:

Ամենալո՜յս, զոր բոլոր ժամանակներէն աւելի այսօ՛ր հրաւիրուած ես դուն ընդունելու, որպէսզի քու կարգիդ դո՛ւն ալ դառնաս լո՜յս:

Ամենալո՜յս, որպէսզի անշեղօրէն իրականանայ խօսքն աստուածաշունչ, ուղղուած բոլորիս. «Նոր մարդ եղէք՝ ձեր Արարիչին պատկերին համաձայն նորոգուելով, որպէսզի կարենաք զինք ճանչնալ» (Կողոսացիս 3.10):

Ամենալո՜յս, որպէսզի մեր ներկային մէջ միա՛սնաբար ողջունենք լուսամարմին Քրիստոսը:

Եւ, վերջապէս, Ամենալո՜յս, որով մեր հոգւոյն մէջ իրաւա՛մբ պիտի ծագի՝ այնքա՜ն սպասուած լոյս պայծառ Կիրակին:

***

Նոր կեանքի լուսահրաշ այս ապրումներով եւ Յարութեան տօնին նորարար շունչի արեւոտ տրոփիւններով, Ազգային Առաջնորդարանէն մեր սրտագին շնորհաւորութիւնները կը փոխանցենք Թեմիս Հոգեւորականաց դասուն, Ժողովականութեան, ծխական շրջաններուն, վարժարաններու մարմիններուն, մեր բոլոր միութիւններուն, կազմակերպութիւններուն, ազգային կառոյցներուն ու հաւատացեալ մեր ժողովրդեան եւ կ՛ողջունենք՝ ըսելով.

Քրիստոս Յարեաւ Ի Մեռելոց, Օրհնեալ Է Յարութիւնն Քրիստոսի:

Լուսառատ սիրով
Աղօթարար
Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, Առաջնորդ
Ա.Մ.Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի

17 Ապրիլ, 2022
Լոս Անճելըս, Ա.Մ.Ն.

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022