ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԵԱՄԲ ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ԿԱՐՕ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆԻ »ՀԱՅԵՑԻ ԿՐԹՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՃԱՆԱՊԱՐՀ« ՆՈՐ ՀԱՏՈՐԸ

2012 տարին հազիւ բացուած, Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանը լոյս ընծայեց բազմավաստակ դաստիարակ Կարօ Պետրոսեանի նորագոյն հատորը, որ կը կրէ »Հայեցի Կրթութիւն եւ Ճանապարհ« խորագիրը։

Այս նախաձեռնութիւնը գործնական ընդառաջում մըն է Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի պատգամին, որ 2012 տարին կը հռչակէ Հայ Գիրքի Տարի։ Այս հրատարակութիւնը նաեւ առաջինն է նախաձեռնութիւններու շարքի մը, որ պիտի նուիրուի Հայ Գիրքին։

Հատորին կողքը գունաւոր ու գեղարուեստական գործ է, մէկ յօրինումը՝ ծանօթ արուեստագէտ Սիրուն Երէցեանի. ձեւաւորման մասնակցած է Հերի Մեսրոպեան։ Հրատարակութիւնը իրականացած է »Հայ Գիր« հրատարակչատան հետ գործակցաբար։

Գիրքը կը բացուի Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի խօսքով. Առաջնորդ Սրբազանը վեր կþառնէ այս ու նմանօրինակ հրատարակութիւններու օգուտները՝ մեր ժառանգութիւններն ու աւանդները նոր սերունդին ու ընդհանրապէս մեր ժողովուրդին ծանօթացնելու իմաստով։ »Երեք Խօսք« խորագիրով հակիրճ բացատրական մը ունի հեղինակը, որ կþանդրադառնայ մեր տօներուն, մեր եկեղեցւոյ ու մշակոյթին, եւ բարեգործ միութեանց հետ մեր հասարակութեան կապին ու սիրոյն։

Հատորը ունի ներքին երեք բաժանմունքներ։ Առաջինին մէջ, հեղինակը 12 գլուխներու տակ բացատրութիւն կու տայ մեր ազգային, եկեղեցական ու համաշխարհային տօներու մասին, ինչպէս՝ Արցախի ու Հայաստանի վերաբերող տօներ, Ամանորի, Ս. Ծննդեան, Ս. Յարութեան, ապա նաեւ՝ Գոհաբանութեան, Ուսուցիչներու եւ Մայրերու տօները։ Իւրաքանչիւրին մասին տրուած են պատմական ծանօթութիւններ ու արժեւորում։

Երկրորդ բաժինը նուիրուած է հայկական երեք յարանուանութեանց՝ Առաքելական, Կաթողիկէ ու Աւետարանական եկեղեցիներուն. նմանապէս կը տրուին պատմական ծանօթութիւններ, գիտելիքներ՝ նուիրապետական Աթոռներուն մասին, վեր կþառնուին իւրաքանչիւրին նպաստը՝ մեր մշակոյթին ու ազգային իրագործումներուն։

Երրորդ ու վերջին բաժինը նուիրուած է հայկական մշակութային ու բարեսիրական միութիւններուն։ Հեղինակը լուսարձակի տակ առած է Համազգայինը, Թէքէեան ու Նոր Սերունդ մշակութային միութիւնները, անոնց դերակատարութիւնն ու ներդրումը՝ մեր մշակոյթի ծանօթացման, պահպանման ու զարգացման մէջ։ Այս գլուխին տակ ներկայացուած են նաեւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնն ու Հայ Օգնութեան Միութիւնը՝ իրենց աշխատանքի տարողութեամբ ու ազգային կեանքին մէջ դերակատարութեամբ։

Հատորի աւարտին, հեղինակը գիրքին բովանդակութեան մասին սեղմ բացատրական մը ունի անգլերէնով։ Հատորը կը փակուի օգտագործուած աղբիւրներու ցանկով։

Ինչպէս Առաջնորդ Սրբազանը գրած է իր »Օգտակար Հատոր մը՝ Հայեցի Կրթութեան Ոլորտին մէջ« խօսքին մէջ, »(հատորի) էջերէն կþարտացոլան մեր հին ու ժամանակակից պատմութենէն արժէքներ, օգտաշատ գիտելիքներ՝ մեր յարանուանութեանց, մշակութային ու բարեսիրական միութեանց ու անոնց ծառայութիւններուն մասին. հատոր մը՝ որ հաւասարապէս օգտակար է բոլորին, ու մասնաւորապէս՝ հայ դաստիարակին եւ ուսանողութեան։ »Հայեցի Կրթութիւն եւ Ճանապարհ« խորագրուած այս հատորը ոչ միայն »վերաքաղ«ի առիթ է, այլեւ մեր հաւաքական կեանքի իրականութեանց մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ փոխանցող պատուհան, նաեւ բաց հրաւէր՝ մասնակից ըլլալու հայ հասարակական կեանքին«։

Այս հրատարակութիւնը արժանի է ոչ միայն մեր ընթերցասէր հասարակութեան, այլ մանաւանդ նոր սերունդներուն ու դաստիարակներուն ուշադրութեան, որովհետեւ կը կազմէ աննիւթական կամուրջ մը՝ մեր ազգային աւանդներուն ու ապրող պատմութեան հետ։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022