Լիբանանի Արտաքին Գործոց Նախարար Մեծարգոյ Ժըպրան Պասիլ Լոս Անճելըսի Մէջ – Հիւր Նախարարը Այցելեց Նաեւ Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ Եկեղեցին


Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար մեծարգոյ Ժըպրան Պասիլի եւ Տիկնոջ՝ Շանթալի Լոս Անճելըս այցելութեան առիթով, Լիբանանի գլխաւոր հիւպատոս Տիար Ճոնի Իպրահիմ եւ Տիկինը՝ Մայա, ի պատիւ Լիբանանի դիւանագիտութեան պետին, պաշտօնական ընդունելութիւն մը կազմակերպած էին Ուրբաթ, 19 Սեպտեմբերի երեկոյեան, Լոս Անճելըսի “Hyatt Regency Century Plaza”-ին մէջ: Ընդառաջելով գլխաւոր հիւպատոսի հրաւէրին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ ձեռնարկին եւ իր օրհնութիւնն ու բարեմաղթութիւնները փոխանցեց յարգելի հիւրին։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ՛ընկերանար Հոգշ. Տ. Պօղոս Աբղ. Թինքճեան։

Ընդունելութեան յաջորդեց ողջոյնի խօսքերու փոխանակման պահ մը, որուն աւարտին, ներկաները Լիբանանի կապակցութեամբ իրենց հարցումներն ու մտահոգութիւնները փոխանցեցին Պրն. Նախարարին։

Աւելի ուշ, ազգային բարերար Տէր եւ Տիկին Հէրի եւ Շէրիլ Նաճարեան ամոլը, ի պատիւ հիւր նախարարին, պաշտօնական ընթրիք մը հիւրընկալեց Պեվըրլի Հիլզի “Փենինսիւլա” պանդոկին մէջ: Առաջնորդ Սրբազան Հայրն ու ազգային գործիչներ ներկայ եղան ընթրիքին. փոխանակուեցան ողջոյնի պաշտօնական խօսքեր:

Յաջորդ օրը, Շաբաթ 20 Սեպտեմբերին, Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարն ու գլխաւոր հիւպատոսը մեկնեցան Լաս Վեկաս, այցելելու Ս. Շարպէլ Մարոնի Եկեղեցւոյ ծխական համայնքը: Անոնք առիթ ունեցան այցելելու նաեւ Թեմիս Ս. Կարապետ Եկեղեցին ու Մշակութային Կեդրոնը։ Յարգելի հիւրերը դիմաւորուեցան հոգեւոր հովիւին՝ Արժ. Տ. Արսէն Քհնյ. Գասապեանի, Ծխական Յանձնախումբի, Շէնքի Յանձնախումբի եւ քոյր կազմակերպութիւններու անդամներու կողմէ։ Տէր Հօր աղօթքէն ետք, եկեղեցւոյ շինութեան մասին հակիրճ պատմական մը փոխանցուեցաւ հիւրերուն, ապա, անոնք ուղղուեցան շրջափակ, ուր Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտները պատուի կանգնած էին: Առաջին անգամ ըլլալով եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ ծածանեցաւ լիբանանեան դրօշը։ Քայլերգներու երգեցողութենէն ետք, հիւրերը առիթ ունեցան այցելելու Մշակութային Կեդրոնի բաժանմունքները, ապա հիւրասիրուեցան “Գուճաքեան” սրահին մէջ։

Տիար Ատրուշան Արմէնեան բարի գալուստի խօսք արտասանելով՝ ներկայացուց ներկայ ազգայինները։ Խօսք առաւ Լիբանանի գլխաւոր հիւպատոսը, որ ողջոյնի արտայայտութիւններէ ետք, հրաւիրեց նախարար Պասիլը՝ արտասանելու իր սրտի խօսքը: Հիւր նախարարը ողջունեց ներկաները, գոհունակութեամբ արտայայտուեցաւ այն իրողութեան մասին, որ անոնք կը պահպանեն իրենց ազգային ինքնութիւնը, հաւատարիմ են պատմութեան ու աւանդներուն, կը սորվին իրենց մայրենի լեզուն, ուր որ ալ գտնուին: Ան նկատել տուաւ, որ հայութեան դիմագրաւած ողբերգութիւնները մղած են միասնութեան, պատկանելիութեան հաւատարմութեան եւ Արեւելքի ժողովուրդներուն հետ ճակատագրակցութեան:

Հետեւեցաւ հարց-պատասխանի պահ մը, որուն աւարտին, Պրն. նախարարին եւ Պրն. հիւպատոսին փոխանցուեցան խաչքարներ, որպէս յիշատակ իրենց այցելութեան։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022