Առաջնորդ Սրբազանն ու Ազգ. Վարչութեան Ներկայացուցիչներ Մասնակցեցան Հայաստանի Անկախութեան Տարեդարձի Ընդունելութեան – Հանդիպում Դեսպան Տիգրան Սարգսեանի Հետ


Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան եւ Ազգային Վարչութեան ներկայացուցիչներ Երեքշաբթի, 30 Սեպտեմբեր 2014ին մասնակից եղան Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի հիւպատոսութեան կողմէ կազմակերպուած Հայաստանի անկախութեան 23րդ տարեդարձի տօնակատարութեան, որ տեղի ունեցաւ երեկոյեան, Կլենտէյլի “Հիլթըն” պանդոկին մէջ, պաշտօնական ընդունելութեամբ մը, ներկայութեամբ Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի նոր նշանակեալ լիազօր դեսպան Տիար Տիգրան Սարգսեանի: Առաջնորդ Սրբազանին կողքին, ներկայ էին Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեան, փոխ ատենապետ Դոկտ. Տիգրան Պապիկեան եւ գանձապահ Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեան, ինչպէս նաեւ կազմակերպութեանց ու միութեանց ներկայացուցիչներ:

Խօսք առին գլխաւոր հիւպատոս Սերգէյ Սարգիսով, հիւր դեսպանն ու ներկայացուցչական անձնաւորութիւններ:

Իր սրտի խօսքին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորանքի ջերմ արտայայտութիւն ունեցաւ Հայաստանի անկախութեան 23րդ տարեդարձին առիթով, ողջունեց դեսպան Տիգրան Սարգսեանի Լոս Անճելըս առաջին այցելութիւնը եւ վերահաստատեց մեր գաղութի սրտակցութիւնն ու զօրակցութիւնը՝ Հայաստանին, հայրենի պետութեան ու ժողովուրդին: Ան նաեւ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ պահպանէ մեր մայր հայրենիքը. “Տէր, զօրացո՛ւր ու անսասան պահէ քու բարութեամբդ վերականգնած Հայոց Հանրապետութիւնը: Օրհնէ՛ անոր Եռագոյն նուիրական դրօշը, օրհնէ՛ բոլոր անոնք, որոնք մեր հայրենիքի իշխանութեան պատասխանատուութեան կոչուած են, անոնց շնորհէ իմաստութիւն, եւ խոհեմութիւն պարգեւէ, որպէսզի խոհական իմաստութեամբ եւ արդարութեամբ առաջնորդեն եւ կառավարեն արդարութեան եւ խաղաղութեան այնքան ծարաւի մեր ժողովուրդը: Մեր զօրավարներուն, զօրականներուն եւ զինուորներուն քաջութեան ու արիութեան ոգի պարգեւէ: Մեր մէջ սրբութեան եւ զգօնութեան սէր եւ իմաստութիւն արմատացուր՝ յօժարակամ կատարելու համար մեր պարտաւորութիւնները եւ մեր ազգին օգտակար բոլոր աշխատանքները”: Ան յիշեցուց, որ “այս մաղթանքով, տասնամեակներ շարունակ, 1918ի Ա. Հանրապետութեան օրերէն, մենք աղօթեցինք Հայաստանի անկախութեան համար, եւ փառք Աստուծոյ, 23 տարիներէ ի վեր կը վայելենք վերահաստատուած մեր անկախութիւնը՝ իր Եռագոյն դրօշով: Թող Աստուած անսասան պահէ մեր հայրենիքը, մեր անկախութիւնը, եւ բարի տարեդարձ բոլորիս”:

Կէսօրին, Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսի հրաւէրով, հիւպատոսարանին մէջ կազմակերպուած էր դեսպան Տ. Սարգիսեանի հետ հանդիպում մը, որուն ներկայ էին մեր գաղութի ներկայացուցչական դէմքերն ու հրաւիրեալներ:

Առաջնորդ Սրբազանն ու Ազգ. Վարչութեան փոխ ատենապետ Դոկտ. Տիգրան Պապիկեան ներկան եղան այս հանդիպումին։ Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց դեսպան Տիգրան Սարգսեանը, շնորհաւորեց իր նոր պաշտօնը եւ յաջողութիւն մաղթեց իր նոր առաքելութեան մէջ:

Հանդիպումը առիթ եղաւ լսելու հիւր դեսպանին զեկուցական ելոյթն ու հարցումներ ուղղելու անոր, Հայաստանի ու առնչակից իրադարձութիւններու մասին: Դեսպան Տիգրան Սարգսեան անդրադարձաւ Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ գործակցական յարաբերութեանց, ինչպէս նաեւ ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի վերջին նստաշրջանին առջեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի ծանօթ ելոյթին:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022