Կեանքի Փոթորիկներուն Մէջ Հաւատքով Նայինք Յիսուսի – Յորդորեց Առաջնորդ Սրբազանը


Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Կիրակի, 28 Օգոստոս 2016ին, հանդիսապետեց Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին ու հոգեհանգստեան արարողութեան, եւ օրուան հոգեւոր պատգամը փոխանցեց հաւատացեալներուն:

Ս. Պատարագը մատուցանեց եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան, Ս. Սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ սարկաւագներն ու դպիրները։

Քարոզէն առաջ, պատարագիչ Տէր Հայրը, յանուն եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին՝ ժողովականութեան եւ ծառայողներուն, ողջունեց Առաջնորդ Սրբազանին ներկայութիւնը, յիշեցնելով, որ Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովին կողմէ թեմակալ Առաջնորդ վերընտրութենէն ետք առաջին անգամն է որ կ’այցելէ այս եկեղեցին: Ան շնորհաւորեց Առաջնորդ Սրբազանը, վերընտրութեան, իբրեւ Առաջնորդ ծառայութեան 20րդ ու քահանայական ծառայութեան 40րդ տարեդարձներուն առիթներով, մաղթելով որ անոր ծառայական կեանքը աւելի եւս արգասաւորուի յառաջիկայ տարիներուն:

Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ օրուան Աւետարանի ընթերցումին (Մարկ. 4:35-41), ուր կը պատմուի թէ Յիսուս Քրիստոս ինչպէս կը հանդարտեցնէ փոթորիկը, երբ աշակերտներուն հետ կը նաւարկէր Գալիլիոյ լիճին վրայ: Յիսուս յաճախ նաւուն վրայ կը կանգնէր, ծովափին հաւաքուած հաւատացեալներուն ուսուցումներ ընելու համար, իսկ այդ օր փափաքեցաւ աշակերտներուն հետ նաւարկել, լիճին միւս ափը երթալու մտադրութեամբ, երբ սաստիկ փոթորիկ մը պատահեցաւ ու ծովը ալեկոծեց, սարսափի մատնելով աշակերտները, մինչդեռ Յիսուս նաւուն մէջ կը քնանար: Այդ փոթորիկը փորձառութեան առիթ մը եղաւ աշակերտներուն համար, որոնք անակնկալօրէն հարուածի ու վտանգի մատնուեցան, սակայն Յիսուս զանոնք գօտեպնդեց ըսելով, որ պէտք է հաւատք ունենալ՝ խիզախօրէն դիմագրաւելու համար փոթորիկները: Առաջնորդ Սրբազանը յայտնեց, որ մենք ալ, երբ այս եկեղեցւոյ կամարներուն տակ հանդարտօրէն կ’աղօթենք, հաւանաբար մեր հոգիներուն ու կեանքերուն մէջ կը դիմագրաւենք փոթորիկներ, որոնք կ’ըլլան սիրելիի մը կորուստին հետեւանքով եւ կամ այլ տեսակի դժբախտութիւններու պատճառով. նման հարուածներ մեզ ալ կը փոթորկեն, կ’ունենանք վտանգի զգացում, սակայն նման պահերուն պէտք է յիշենք մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս, յիշենք թէ ան ինչպէ՛ս խաղաղեցուց աշակերտներուն հոգիները, զանոնք յորդորեց հաւատք ունենալու, եւ խաղաղեցուց ծովը: Այս դրուագը նաեւ մեզի կը սորվեցնէ փարատել կասկածներն ու տատամսումները, վերահաստատել հաւատքի զօրութիւնը, յիշել Տիրոջ խոստումն ու ներշնչած ապահովութիւնը:

Ս. Պատարագի աւարտին, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, երեսփոխանական եւ հոգաբարձական կազմերը, դպրաց դասի եւ տիկնանց միութեան ներկայացուցիչներն ու սարկաւագները միասնաբար եկեղեցւոյ «Կարապետեան» սրահին մէջ հիւրասիրութիւն մը կազմակերպած էին, շնորհաւորելու համար Առաջնորդ Սրբազան Հայրը՝ քահանայական ձեռնադրութեան 40րդ եւ Առաջնորդ ընտրութեան 20րդ տարեդարձներուն առիթով։ Կատարուեցաւ կարկանդակի հատում։

Տէր Հայրը ողջունեց Առաջնորդ Սրբազանը եւ յանուն եկեղեցւոյ ծառայողներուն ընտանիքին՝ բարեմաղթութիւններ ուղղեց զոյգ տարեդարձներուն առիթով: Առաջնորդ Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց այս նախաձեռնութեան համար եւ գնահատանքով արտայայտուեցաւ Հովիւին, հոգաբարձութեան, երեսփոխանական կազմի անդամներուն ու անոնց կողքին ծառայողներուն նուիրումին մասին, մաղթելով, որ երթը շարունակուի վերանորոգ կամքով:

Եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին անունով, Սրբազան Հօր նուէր տրուեցաւ Կոմիտաս Վարդապետի փոքրադիր արձանը, գործ՝ Տիար Խաչիկ Երիքեանի:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022