Կրօնական Դասընթացքներ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 7րդ Շրջանային Բանակումին


3-5 Օգոստոս 2016ին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Թաքույա Camp-ին մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւմտեան Ամերիկայի Սկաուտական Խորհուրդի կազմակերպած 7-րդ շրջանային բանակումը:

Տնօրինութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի, Արժ. Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեան ներկայ գտնուեցաւ այս բանակումին, որուն ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունեցաւ կրօնական- դաստիարակչական յատուկ դասընթացքներու ծրագիր մը, 5-7 եւ 8-11 տարեկան գայլիկ-արծուիկներուն համար, որուն մասնակիցները ստացան համապատասխան սկաուտական շքանշաններ՝ «Գայլ Վահան» եւ «Ս. Վարդան» անուններով։

Բանակումին վերջին գիշերը տեղի ունեցաւ սկաուտական յատուկ արարողութիւն մը։ Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Տ. Վազգէն շնորհաւորեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային Վարչութիւնը, Սկաուտական Խորհուրդը, բանակումի մասնակիցներն ու յատկապէս «Գայլ Վահան» եւ «Ս. Վարդան» սկաուտական շքանշանի դաստիարակչական ծրագիրին մասնակցած գայլիկներն ու արծուիկները:

Փակման հանդիսութեան ընթացքին, Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փէհլիվանեանն ու Արժ. Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեանը շքանշաններու օրհնութիւնը կատարեցին եւ յանձնեցին մասնակիցներուն, ապա «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեցին ներկաները:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022