Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց «Քրիստոնեաներու Պաշտպանութեան Խորհուրդ»ի Ներկայացուցիչին Այցելութիւնը

Հինգշաբթի, 8 Մարտ 2018-ի առաւօտուն, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը «Քրիստոնեաներու Պաշտպանութեան Խորհուրդ»ի ներկայացուցիչ Սթիւըն Հաուըրտի, որ այս օրերուն Հարաւային Քալիֆորնիա կ’այցելէ, հանդիպումներ ունենալու համար եկեղեցիներու պատասխանատուներու հետ, այս խորհուրդին առաքելութեան մասին ծանօթութիւններ հաղորդելու եւ անոր աշխատանքի ծիրը ընդարձակելու նպատակով։ Առաջնորդ Սրբազանին կողքին, հանդիպումին ներկայ էին Առաջնորդական փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան եւ Հայ Դատի յանձնախումբի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու շրջանի ատենապետուհի Տիկին Նորա Յովսէփեան։

Փոխադարձ ծանօթացումէ ետք, հիւր ներկայացուցիչը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազանին՝ այս կազմակերպութեան խորհրդատու մարմինին անդամակցութեան համար, ապա ընդհանուր գիծերու մէջ խօսեցաւ այս կազմակերպութեան խորհրդատուի իր հանգամանքին եւ անոր առաքելութեան զօրակցելու կեցուածքին մասին։ Ան նշեց, որ յիշեալ խորհուրդը կազմուած էր, հիմնականին մէջ աչքի առջեւ ունենալով Միջին Արեւելքի քրոստոնեաներուն կրած տառապանքներն ու դժուարութիւնները, ապա նաեւ լուսաբանութիւններ տուաւ իր աշխատանքներուն մասին, որոնց շարքին՝ ճիգ ընել, որպէսզի Միացեալ Նահանգներու խորհրդարանը օրէնքներ որդեգրէ քրիստոնեաներու պաշտպանութեան ի խնդիր։ Խորհուրդին հիմնական առաքելութիւններէն մէկն ալ՝ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելն է դաշնակցային մակարդակի վրայ։

Խորհրդակցութիւնները ընդգրկեցին Ք. Պ. Խորհուրդին եւ Հայ Դատի յանձնախումբին միջեւ գործակցութեան դաշտերը ընդարձակելու կարելիութիւնները, որոնց մասին Առաջնորդ Սրբազանն ու Տիկին Ն. Յովսէփեան որոշ թելադրանքեր ու տեսակէտներ փոխանցեցին։

Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանքով արտայայտուեցաւ Ք. Պ. Խորհուրդի առաքելութեան ու տարած աշխատանքներուն մասին, վերահաստատելով Ազգային Առաջնորդարանի զօրակցութիւնն ու գործակցութիւնը շարունակելու պատրաստակամութիւնը։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022