Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ Ժողովականութեան Ներկայացուցիչներու Հանդիպումը Նոր Հոգեւոր Հովիւին Հետ


Ընդառաջելով Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր.
buy cymbalta online healthcoachmichelle.com/wp-content/themes/twentytwentyone/inc/en/cymbalta.html no prescription

Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի հրաւէրին, Հինգշաբթի, 21 Յունուար 2016ի կէսօրին, Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վահան Քհնյ. Կոստանեան, հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Տիար Պիլ Սաաթճեան եւ Ազգ. Վարչութեան ու Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի շրջանի անդամներէն Բարշ. Մարք Սրկ. Շիրին յատուկ այցելութիւն մը տուին Ազգ. Առաջնորդարան, ծանօթացման հանդիպում մը ունենալու համար նոր նշանակեալ հովիւին՝ Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշըգեանի հետ:

Առաջնորդ Սրբազանը հոգեւոր հովիւին ու ժողովականերուն ներկայացուց Հայր Տաճատը: Հիւր ներկայացուցիչները ողջունեցին Հայր Սուրբին ժամանումը, տեղեկութիւններ տուին ծխական շրջանին մասին եւ պատրաստակամութիւն յայտնեցին կարելի բոլոր միջոցներով աջակցելու անոր առաքելութեան հեզասահ սկզբնաւորման ու ընթացքին: Հայր Տաճատ, իր կարգին, շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ վերաբերմունքին համար եւ շեշտը դրաւ բոլորանուէր ծառայութեան եւ սերտ գործակցութեան վրայ, խոստանալով իր լաւագոյնը տալ ծխական շրջանի վերելքին համար։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022