Արցախի Նահատակներու Յիշատակի Օր Եւ Հոգեհանգիստ

Հայաստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ Արմէն Սարգսեան Ուրբաթ, 13 Նոյեմբեր 2020ին հեռաձայնային խորհրդակցութիւն ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետի եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետի հետ, ապա իբրեւ արդիւնք հրապարակուեցաւ միացեալ որոշում, որուն հիմամբ 22 Նոյեմբեր 2020ը կը յայտարարուի «Արցախեան ազատամարտի ընթացքին հայրենիքի պաշտպանութեան համար նահատակուած հերոսներու յիշատակի օր»:

Մեկնած այս որոշումէն, Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի տնօրինմամբ Կիրակի, 22 Նոյեմբերին, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, յաւարտ Ս. Եւ Անմահ Պատարագի Հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն պիտի կատարուի՝ վասն հայ նահատակներու հոգիի խաղաղութեան եւ «Տէր Ողորմեա» երգուի՝ Հայաստան-Արցախ աշխարհի եւ հայ ժողովուրդի անսասանութեան համար:

Յայտնենք, որ Առաջնորդ Սրբազանը այս Կիրակի պիտի նախագահէ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Պատարագին եւ այս առիթով փոխանցէ իր հոգեւոր պատգամը:

Յիշեցնենք, որ մեր հաւատացեալները Կիրակնօրեայ Պատարագին կրնան հետեւիլ առցանց եւ Առաջնորդարանի ու մեր եկեղեցիներու դիմատետրային կայքէջերուն միջոցով (www.westernprelacy.org, Facebook, Instagram):

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022