Թեմիս Եկեղեցիներուն Մէջ Հոգեհանգիստ Հալէպի Մէջ Զոհուած Հայորդիներուն


Ինչպէս ծանօթ է, Հալէպի ապահովութեան վիճակը ծանր վատթարացում արձանագրեց վերջին երկու շաբաթներուն: Հայկական թաղամասեր եւս թիրախ դարձան ռմբակոծումներու, ինկան անմեղ զոհեր եւ վիրաւորներ:

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, Կիրակի, 9 Հոկտեմբեր 2016ին, մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգիստ պիտի կատարուի զոհերուն յիշատակին, նաեւ աղօթք պիտի բարձրացուի առ Աստուած՝ վիրաւորներուն ապաքինման ու մանաւանդ Սուրիոյ խաղաղութեան համար:

Կոչ կ’ուղղենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, որ մեր եկեղեցիներուն յարկերուն տակ միանան խաղաղութեան հայցին, աղօթեն զոհերուն հոգիներուն ու վիրաւորներուն ապաքինման համար:

Հալէպի հայութեան ողբերգական վիճակին լոյսին տակ, Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Գործադիր Մարմինը յուշահանդէս մը կազմակերպած է զոհերուն յիշատակին, որ տեղի պիտի ունենայ Երկուշաբթի, 10 Հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի »Գալայճեան« սրահին մէջ, Պըրպէնք: Կը մասնակցին Հայ Առաքելական, Կաթողիկէ եւ Աւետարանական համայնքներու հոգեւոր առաջնորդները, միութեանց ու կազմակերպութեանց ներկայացուցիչները: Տեղի պիտի ունենայ հաւաքական աղօթք, պիտի ցուցադրուի վերջին օրերու իրադարձութիւններէն քաղուած տեսաերիզ մը:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022