Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Ննջեցեալներու Յիշատակին Հոգեհանգիստ՝ Թեմիս Եկեղեցիներուն Մէջ – Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 100-ամեակի Տօնակատարութիւն եւ Ընթրիք

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինութեամբ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան խնդրանքով, Կիրակի, 28 Հոկտեմբեր 2018-ին, մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, յաւարտ Ս. Պատարագի, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ ի յիշատակ միութեան հանգուցեալ անդամներուն։ Առաջնորդ Սրբազանը, որ նոր վերադարձած էր Անթիլիասէն, հանդիսապետեց Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ փոխանցեց իր պատգամը։ Ս. Պատարագը մատուցանեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան։ Ներկայ էին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Տիար Մանուէլ Մարսէլեան եւ անդամներ, ինչպէս նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի «Ազատամարտ» մասնաճիւղի վարչութեան անդամներ ու սկաուտներ։ Սկաուտներ ներկայ էին նաեւ միւս եկեղեցիներուն մէջ։

Քարոզէն առաջ, Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց եւ գնահատեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային Վարչութեան անդամները, «Ազատամարտ» մասնաճիւղի ներկայացուցիչներն ու սկաուտները, մաղթելով յարատեւութիւն ու յաջողութիւն. Ան օրհնեց հանգուցեալ Հ.Մ.Ը.Մ.-ականներու յիշատակը, որոնց համար յատուկ աղօթք պիտի բարձրացուէր հոգեհանգստեան պահուն, նաեւ յայտնեց, որ «Տէր Ողորմեա»ի պահուն աղօթք պիտի բարձրացուի Փիթսպըրկի մէջ հրէական աղօթատեղիի մը մէջ տեղի ունեցած ոճրային արարքին զոհերուն համար, հրաւիրելով ներկաները, որ աղօթեն աշխարհի խաղաղութեան, հանդուրժողութեան ու սիրոյ տարածման համար։

Նկատի ունենալով, որ այդ օրը Գիւտ Խաչի տօնն էր, Առաջնորդ Սրբազանին պատգամը կեդրոնացած էր անոր վրայ։ Ան նշեց, որ պատմութեան ընթացքին, խաչը եղած է պահպանութեան, պաշտպանութեան, զօրութեան, մխիթարութեան եւ խաղաղութեան նշան, ապա յատուկ կերպով խօսեցաւ Կոստանդիանոս կայսեր մօր՝ Հեղինէ թագուհիի կողմէ Քրիստոսի Ս. Խաչի գտնուելու պատմական դէպքին մասին, նշելով, որ անիկա ժողովուրդի կեանքին մէջ վերականգնեց հաւատքը, յոյսը եւ սէրը։ «Մեր պատմութեան մէջ եւս, հայ ժողովուրդը խաչին նայած է խաղաղութեան, առաջնորդութեան, ուժի, յոյսի, սիրոյ, արդարութեան եւ փրկութեան ակնկալութեամբ, ըսաւ Առաջնորդ Սրբազանը։ Հեղինէ թագուհին կեանքի նպատակ դարձուցած էր գտնել Ս. Խաչը, ան երբեք չյուսահատեցաւ ու անոր յարատեւութիւնը ի վերջոյ վարձատրուեցաւ։ Ուրեմն, այս տօնական օրը հրաւէր մըն է հաւատքի արթնութեան, մեր սիրտերուն ու հոգիներուն մաքրութեան, մեր յոյսը կենդանի պահելու. կոչուած ենք ապաւինելու Խաչին՝ իբրեւ միակ ճշմարիտ ու արդար ուղին դէպի յաղթանակ, փրկութիւն եւ արդարութիւն», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը։

Արարողութեան աւարտին, հոգեսուրճ մատուցուեցաւ «Անտոնեան» սրահին մէջ, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ննջեցեալներու յիշատակին։

Հ.Մ.Ը.Մ.-Ի 100-ԱՄԵԱԿԻ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ
Նոյն օրը, երեկոյեան, Կլենտէյլի երկրորդական վարժարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունենացաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 100-ամեակին նուիրուած եզրափակիչ տօնախմբութիւնը։ Առաջնորդ Սրբազանը ներկայ եղաւ հանդիսութեան եւ ուղղեց իր օրհնութեան խօսքը։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ’ընկերանար Արժ. Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեան։ Ներկայ էին նաեւ Ազգ. Վարչութեան անդամներէն Տեարք Աւօ Քէշիշեան եւ Ճորճ Չորպաճեան։

Յայտագիրը սկիզբ առաւ Միացեալ Նահանգներու, Հայաստանի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի քայլերգներով, կատարողութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի փողերախումբին։ Բացման խօսք արտասանեց հանդիսավարը՝ Օր. Սօսի Մէթի։

Իր օրհնութեան խօսքը փոխանցելէ առաջ, Առաջնորդ Սրբազանը աղօթք բարձրացուց ի յիշատակ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հանգուցեալ ծառայողներուն, ինչպէս նաեւ Փիթsպըրկի հրէական աղօթատեղիին մէջ տեղի ունեցած ոճրային արարքին զոհերուն համար։ Ապա, ան գնահատանքով արտայայտուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի գործունէութեան ու ծառայողներու վաստակին մասին, նշելով, որ «այսօրուան տօնակատարութիւնը մարզական այս մեծ միութեան համար իրաւա՛մբ «պատուաբեր անցեալէն յաղթական ապագայ»ին կապող գործնական կամուրջ մըն է, ինչպէս կ’ըսէ 100-ամեակի նշանախօսքը, զայն կը դիտենք Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 100-ամեայ պատմութեան ընդհանուր պատկերին մէջ։ Այդ պատմութիւնը սկսած էր 1918-էն առաջ, տեսլապաշտ Շաւարշ Քրիսեաններու ձեռնարկած առաջին քայլերով, կանգ չառաւ անոր ու սերնդակիցներուն նահատակութեամբ, այլ 100 տարի առաջ մտաւ աննահանջ ուղիի մը մէջ, որ տարուէ տարի, տասնամեակէ տասնամեակ ընդարձակուեցաւ, կերտեց պանծալի դար մը, իսկ այսօր, ապագային կը նայի հայուն դրօշը «կատարն հայրենի լեռանց հեռագոյն կոթողել»ու կամքով ու թռիչքով»։ Այս մօտեցումով, Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորեց միութեան Կեդրոնական, Շրջանային ու մասնաճիւղերու վարչութիւնները, սկաուտական ու այլ միաւորները, բարձր գնահատելով անոնց նուիրեալ ծառայութիւնները։ Ան նաեւ յիշեցուց, որ «Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ծնունդը արդիւնք էր մեծ կարիքի մը. 100 տարի առաջ, Ցեղասպանութեան սեւ էջերը չէին փակուած, Հայաստան առաջին քայլերը կ’առնէր անկախ պետականութեան կերտումի ճամբուն, եւ ահա, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հիմնադրութիւնը եղաւ լրացուցիչ մը ազգային վերականգնումին։ Նոյն կարիքները այսօ՛ր ալ կան, ուրեմն, Հ.Մ.Ը.Մ.-ը 100-ամեակէն անդին նո՛յն կամքով ու ոգիով կը թեւակոխէ նոր դարաշրջանը, քալելու համար դէպի յաղթական ապագայ, նոր յաղթանակներ ապահովելու մեր ազգին ու հայրենիքին», եզրափակեց ան, բարի երթ ու նոր իրագործումներ մաղթելով միութեան ու անդամներուն։

Գլխաւոր բանախօսն էր Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ եւ բազմավաստակ Հ.Մ.Ը.Մ.-ական մարզիկ Տիար Յակոբ Խաչերեան։

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի պատասխանատուներուն յուշատախտակ մը յանձնեց Լոս Անճելըս գաւառի վերակացու Քէթրին Պարկըր։ Յանուն Շրջանային Վարչութեան, խօսք առաւ Տիար Արմանտ Քիլիճեան։ Այս տարի, «Արտակարգ Պատուանշան»ի արժանացաւ Տիար Վարուժ Միրզայեանս, իսկ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի «Ծառայութեան Շքանշան»ին արժանացան մօտաւորապէս տասնեակ մը վաստակաշատ ծառայողներ։ Գեղարուեստական բաժինով, սկաուտները կատարեցին մարզական ներկայացում մը։ Հակիրճ անդրադարձ մը կատարուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի պատմութեան, ցուցադրուեցաւ տեսաերիզ մը։ Մատուցուեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ական եւ ազգային երգեր, կատարողութեամբ Քրիստափոր Արապեանի եւ Հօշարեան նուագախումբին։ Տօնակատարութիւնը փակուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 100-ամեակի քայլերգով, զոր կատարեց Տիար Վարանդ Աւանէսեան։

Հանդիսութենէն ետք, Շրջանային Վարչութեան կեդրոնի «Գէորգ Անտոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ երախտագիտական ընթրիք մը։ Առաջնորդ Սրբազանը ներկայ եղաւ ընդունելութեան, ընկերակցութեամբ Արժ. Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեանի ու Ազգ. Վարչութեան անդամ Տիար Ճորճ Չորպաճեանի։ Շրջ. Վարչութիւնը այս առիթով յուշատախտակներ նուիրեց Առաջնորդ Սրբազանին եւ Ազգային Վարչութեան ներկայացուցիչին, իբրեւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-ին անոնց յարատեւ զօրակցութեան համար։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022