Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումութեամբ եւ Հ.
buy kamagra oral jelly online myhst.com/wp-content/themes/twentytwentytwo/inc/patterns/en/kamagra-oral-jelly.html no prescription
Մ.Ը.Մ.-ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան խնդրանքով, Կիրակի, 28 Հոկտեմբեր 2018-ին, մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, յաւարտ Ս. Պատարագի, հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի ի յիշատակ միութեան հանգուցեալ անդամներուն։ Առաջնորդ Սրբազանը պիտի հանդիսապետէ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը։ Ներկայ պիտի ըլլան Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային Վարչութեան անդամներ։
Նոյն օրը, երեկոյեան, ժամը 5:00-ին, Կլենտէյլի երկրորդական վարժարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 100-ամեակին նուիրուած տօնախմբութիւն եւ մեծարանքի երեկոյ։ Առաջնորդ Սրբազանը ներկայ պիտի ըլլայ հանդիսութեան եւ պիտի ուղղէ իր պատգամը։ Ներկայ պիտի ըլլան նաեւ հոգեւորական դասու եւ Ազգ. Վարչութեան անդամներ։