35 տարի առաջ, հինգ հայ երիտասարդներ՝ Սիմոն Եահնէեանի, Վաչէ Տաղլեանի, Սարգիս Աբրահամեանի, Արա Գրճըլեանի եւ Սեդրակ Աճէմեանի Փորթուգալի մայրաքաղաք Լիզպոնի մէջ յանդուգն գործողութեամբ մը իրենց կեանքը նուիրաբերեցին մեր Դատի զոհասեղանին, յատկապէս ցեղասպան պետութեան ու ընդհանրապէս աշխարհին յիշեցնելով հայութեան անսակարկելի պահանջները։
Լիզպոնի հինգ հերոսներուն նահատակութեան 35-րդ տարելիցին առիթով, համաձայն տարիներու աւանդութեան եւ տնօրինութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ յառաջիկայ Կիրակի, 29 Յուլիսին, յաւարտ Ս.
buy kamagra gold online herbalshifa.co.uk/wp-content/themes/twentytwentytwo/inc/patterns/en/kamagra-gold.html no prescription
Պատարագի, հոգեհանգիստ պիտի կատարուի հինգ նահատակներուն հոգիներուն համար։ Նախքան հոգեհանգստեան արարողութիւնը՝ պիտի ընթերցուի Առաջնորդ Սրբազանին յիշատակի խօսքը։ Առաջնորդ Սրբազանը պիտի ըլլայ Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ ծխական համայնքին հետ։
Կոչ կ’ընենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, որ խուռներամ մասնակից ըլլայ հինգ հերոսներուն յիշատակը վառ պահող արարողութեան ու հաղորդակից ըլլայ մեր Դատը աննահանջ հետապնդելու անոնց անժամանցելի պատգամին։