Հոգեհանգիստ՝ Արցախի Ուղղաթիռի Դէպքին Նահատակներուն Հոգիներուն Համար


Չորեքշաբթի, 12 Նոյեմբեր 2014ին, Արցախի սահմանային գօտիին մէջ, Աղտամի մօտ, ազերիական կրակոցներու հետեւանքով ջախջախուած է հայկական ուղղաթիռ մը եւ անոր մէջ գտնուող երեք զինուորականները զոհ գացած են այս ոտնձգութեան: Ուղղաթիռը զինուած չէր ու վարժութեան փորձ մը կը կատարէր: Զոհուեցան անոր մէջ գտնուող երեք զինուորականները՝ Սերգէյ Սահակեան, Սարգիս Նազարեան եւ Ազատ Սահակեան:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Ս. Էջմիածինի մէջ տեղի ունեցող Հայց. Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Ժողովը անդրադարձաւ այս դէպքին, դատապարտեց ազերիական թշնամական ոտնձգութիւնը եւ կոչ ուղղեց յատուկ հոգեհանգիստ կատարելու մեր եկեղեցիներուն մէջ, նահատակ զինուորականներուն հոգիներուն համար:

Մեկնելով այս յայտարարութենէն, եւ տնօրինութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, Կիրակի, 16 Նոյեմբերին, մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի երեք նահատակներուն հոգիներուն համար:

Կոչ կ’ուղղենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, որ ներկայ ըլլան այս արարողութեան ու աղօթքով խոնարհին անոնց յիշատակին առջեւ:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022