Կիրակի, 30 Յուլիս 2017-ին, Արեւմտեան Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններէն՝ նորոգ հանգուցեալ Տ. Նորայր Եպս. Աշըգեանի, ինչպէս նաեւ հայութեան արդար իրաւունքներուն համար 34 տարի առաջ իրենց կեանքը զոհաբերած Լիզպոնի հինգ հերոսներուն՝ Սիմոն Եահնէեանի, Վաչէ Տաղլեանի, Սարգիս Աբրահամեանի, Արա Գըրճըլեանի եւ Սեդրակ Աճէմեանի յիշատակին։
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ ուղղեց պատգամ մը, որուն ընդմէջէն վեր առաւ հոգելոյս Սրբազանին վաստակը, Լիզպոնի հերոսներուն նահատակութեամբ վերահաստատուած պատգամը ու օրուան տօնի խորհուրդը՝ Ս. Թադէոս Առաքեալի ու Ս. Սանդուխտ կոյսի նահատակութեան աւանդը։
Պատարագիչն էր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան։ Աղօթակից էր Արժ. Տ. Հրանդ Աւ. Քհնյ. Երէցեան։ Ներկայ էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան անդամներէն Տիար Խաժակ Տիքիճեան, Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեան, Հ.Յ.Դ. «Ռոստոմ» եւ «Արշաւիր Շիրակեան» կոմիտէներու եւ միութենական ներկայացուցիչներ, եկեղեցւոյ ժողովականութեան անդամներ եւ բազմահարիւր հաւատացեալներ։
Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամը սկսաւ փառք տալով Աստուծոյ, որ հաւատացեալներուն հետ աղօթակից է այսօր. ան առաջին հերթին վեր առաւ Ս. Հաղորդութեան խորհուրդը, նշելով, որ երբ Ս. Պատարագի աւարտին հաւատացեալները մօտենան Ս. Խորանին՝ հաղորդուելու, իրենց մեղքերուն համար թողութիւն հայցելու կողքին՝ պիտի խնդրեն, որ Աստուած Իր կամքին համաձայն առաջնորդէ զիրենք, որպէսզի արժանի ըլլան օրհնեալ ըլլալու։ Ան նաեւ ցաւակցութիւն յայտնեց իրենց հարազատներուն համար հոգեհանգիստ խնդրողներուն, նշելով, որ յատուկ աղօթք պիտի բարձրացուի իրեն օծակից Նորայր Սրազանին, ինչպէս նաեւ Լիզպոնի Հինգի յիշատակին։
Առաջնորդ Սրբազանը հաւատացեալներուն ուշադրութեան յանձնեց, որ նախորդ օրը, մեր եկեղեցին տօնած էր Ս. Թադէոս Առաքեալի ու Ս. Սանդուխտի նահատակութեան յիշատակը։ Ան կանգ առաւ Ղուկասու Աւետարանի 9-րդ գլուխի առաջին համարներուն վրայ, ուր կը պատմուի, որ երբ Յիսուս իր աշակերտներուն պատրաստութեան շրջանը ամբողջացած նկատեց, անոնց իշխանութիւն եւ զօրութիւն տուաւ Աստուծոյ խօսքը քարոզելու եւ տարածելու տարբեր ժողովուրդներու։ Թադէոս Առաքեալ, իսկ աւելի ուշ՝ Բարթուղիմէոս Առաքեալ, այս պատուէրը կատարելու համար եկան Արարատեան աշխարհը, հայ ժողովուրդին մէջ տարածեցին քրիստոնէութիւնը։ Թադէոս Առաքեալի քարոզներուն հետեւելով՝ Սանատրուկ թագաւորին դուստրը՝ Սանդուխտ, դարձաւ քրիստոնեայ, ու մերժեց հօր պահանջը՝ հրաժարելու Քրիստոսի ուղիէն, հետեւաբար, նահատակուեցաւ հօրը որոշումով, նահատակուեցաւ նաեւ Առաքեալը։ Ինչպէս կը պատմէ Մովսէս Խորէնացի՝ անոնց յիշատակին, մեր ժողովուրդը կանգնեցուց Ս. Թադէի վանքը, ուր մինչեւ այսօր ուխտագնացութիւն տեղի կ’ունենայ, իբրեւ առիթ՝ հաղորդուելու մեր սրբազան հայրերու հաւատքով, ու վերանորոգելու քրիստոնէական հաւատքին հաւատարմութեան ուխտը։ Առաջնորդ Սրբազանը հաւատացեալները յորդորեց նոյն հաւատքով վերանորոգել իրենց քրիստոնէական ու ազգային ուխտը։
Առաջնորդ Սրբազանը այնուհետեւ խօսեցաւ Նորայր Սրբազանի կեանքին ու ծառայութեանց մասին։ Ան յիշատակեց, որ 41 տարի առաջ, անոր հետ միասին ծնրադիր ուխտած էր ծառայել մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին։ Նորայր Սրբազանը ունեցաւ աւելի քան 40 տարիներու նուիրեալ ծառայութիւն, գործեց Բերիոյ Թեմի Գամիշլի քաղաքին մէջ, ծառայութեան կոչուեցաւ նաեւ Յունաստանի Թեմին մէջ, ունեցաւ վանական ծառայութիւններ, իսկ վերջին երկու տասնամեակներուն, վարեց կաթողիկոսարանի տպարանն ու կատարեց հրատարակչական աշխատանք։ Վերջին տարիներուն, ան ունեցաւ առողջական հարցեր, վայելեց միաբանակից եղբայրներու զօրակցութիւնը, սակայն ան շիջեցաւ աւելի քան 10 օր առաջ։ 21 Յուլիսին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին նախագահութեամբ տեղի ունեցան անոր վերջին օծումն ու թաղման կարգը։ Ան թողած է անխոնջ ծառայողի, Աստուծոյ եւ ազգին համեստ զաւակի եւ Ս. Աթոռոյս հաւատարիմ միաբանի յիշատակ։ Ան հաւատացեալները հրաւիրեց աղօթելու անոր հոգիին հանգստութեան համար։
Պատգամի վերջին բաժինով, Առաջորդ Սրբազանը վեր առաւ Լիզպոնի հինգ հերոսներուն նահատակութենէն բխած անժամանցելի պատգամները, յիշեցնելով, որ «Հայ ժողովուրդի դարաւոր տառապանքէն ու անտեսուած իրաւունքներուն ի խնդիր պայքարի հնոցէն ծնած հինգ հայ երիտասարդներ, 34 տարի առաջ, 27 Յուլիսին, յանդուգն գործողութիւն մը կատարեցին Լիզպոնի թրքական դեսպանատան դէմ, իրենց կեանքերուն եւ արեան գնով մեզի ու աշխարհին յիշեցնելու, որ Ցեղասպանին ոճիրը չէ մոռցուած, չի՛ մոռցուիր, Հայ ժողովուրդը տէրն է իր անսակարկելի իրաւունքներուն, չ’ընդունիր իր հողային եւ ազգային ամբողջական ժառանգութիւններէն զիջում կատարել, այլ յարատեւօրէն պիտի մրճահարէ աշխարհի խիղճն ու յիշողութիւնը, որպէսզի հայուն վերադարձուին իր պատմական հողերը, արդար հատուցում կատարուի Ցեղասպանութեան զոհերուն եւ այլ կորուստներուն համար»։
Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց, որ Լիզպոնի գործողութիւնը առանձնակի դէպք մը չէր, որովհետեւ Եղեռնի 50-ամեակին, Ցեղասպանին դէմ հայութեան պայքարը անգամ մը եւս զարթնած էր եւ սկսած էր պատուհասել Թուրքիոյ պետութեան ներկայացուցիչները, նկատելով, որ ժամանակակից Թուրքիոյ պետական վարիչներն ու անոնց ներկայացուցիչները հաւատարիմ ժառանգորդներն են Թալէաթի, Էնվէրի, Ճեմալ Ազմիի ու անոնց գործակից ջարդարարներուն, հետեւաբար, պարտաւոր էին հաշիւ եւ հատուցում տալու վերապրող հայութեան։ Շարունակելով իր խօսքը, ան յիշեցուց, որ Ցեղասպանութենէն առաջ թէ ետք, Հայ ժողովուրդը յարատեւ պայքարի մէջ եղած է իրաւազրկող թշնամիին դէմ, բազմիցս պատուհասած է պետական այն պատասխանատուները, որոնք նիւթած են հայադաւ ու հայաջինջ ծրագիրներ։ «Լիզպոնի տղաքը պահանջատիրական այդ ոճին ներշնչումը առած էին Թեհլիրեաններէն, Շիրակեաններէն, Դրոներէն, Թորլաքեաններէն ու տակաւին, աւելի ետ երթալով՝ Վարդան ու Վահան Մամիկոնեաններէն, հասնելու համար Հայկ Նահապետի օրերը։ Լիզպոնի տղաքը, մեր պայքարի դարաւոր պատմութիւնը 27 Յուլիսի արարքին մէջ խտացնելով, ոչ միայն պատմութիւն կերտեցին ու պատմութեան անցան, այլ նաեւ անցեալ դարերուն հետ կամուրջ մը դարձան եւ իբրեւ մշտական լուսատու փարոս կանգնեցան դէպի այսօրն ու մեր ապագան երկարող ճամբուն դիմաց», ընդգծեց ան, աւելցնելով, որ Լիզպոնի գործողութենէն հինգ տարի ետք ծայր տուած Արցախեան Պահանջատիրութիւնը, անոր ստեղծած ալիքին վրայ Հայաստանը դէպի անկախութիւն տանող քայլերը անկասկած որ ներշնչում առին նա՛եւ Լիզպոնէն։ Լիզպոնի տղոց հոգին այսօ՛ր ալ արմատաւորուած է Արցախի ու Հայաստանի սահմանները պաշտպանող մեր կտրիճ զինուորներուն ու կամաւորներուն կամքերուն մէջ, այդ ոգին ներկայ է նաեւ մեր պետական ու քաղաքական գործիչներու հոգիներուն մէջ, որոնք հայրենի հողին վրայ թէ աշխարհի քաղաքական տարբեր բեմերուն՝ կը դիմագրաւեն Ցեղասպան Թուրքին անշեղ ժառանգորդներուն ու ինքզինք անոր «եղբայրը» դաւանող Ազրպէյճանի սադրանքները։ «2016-ի Ապրիլեան Քառօրեայ Պատերազմն ու մինչեւ այսօր, սահմանային գօտիներու մէջ արձանագրուող ոճրային յարձակումներուն ու ոտնձգութիւններուն դէմ դնող մեր հերոսները իրենց հոգիներուն մէջ ամրագրած են Աբովեանի Աղասիին, սասունցի Գէորգ Չաւուշներուն, սեբաստացի Մուրատներուն ու ժամանակակիցներու անունով մարմնաւորուած ֆետայիներու ամբողջ սերունդներու, նոյնինքն Լիզպոնի հինգին ու զանոնք կանխող արդարահատոյցներուն աննահանջ կամքը, ինչպէս նաեւ Արցախի ազատագրումը կերտած մերօրեայ հերոսներու առաջին սերունդին կտակը», նշեց Առաջնորդ Սրբազանը, ու շարունակեց ըսելով. «Հայրենիքի ու ազգային ժառանգութեանց պաշտպանութիւնը միշտ ալ զոհաբերում պահանջած է. այս ճշմարտութիւնը բիւրեղացած էր մեծն Եղիշէի «Մահ իմացեալ անմահութիւն է» պատգամին մէջ, վերահաստատուած է հայութեան ազատագրական պայքարին մէջ իր զաւակը նետող հայ մօր ու հայ հօր նուիրաբերումին մէջ, որուն շարունակուող շղթային ականատես ենք ամէն օր։
Առաջնորդ Սրբազանը իր խօսքը եզրափակեց շեշտելով, որ «մեր նահատակները անմահ են ու անմահ պիտի մնան։ Լիզպոնի հինգը իրենց յատուկ պատուանդանը ունին մեր յիշողութեան ու հոգիներուն մէջ։ Այդ պատուանդանը անսասան է ու պիտի մնայ հայուն իրաւատիրութեան քայլերը առաջնորդող փարոս»։ Ան հրաւիրեց յարգանքով խոնարհելու Լիզպոնի հինգ նահատակներուն յիշատակին, եւ մաղթեց, որ անոնց կեանքին գնով կերտուած պատգամը վառ մնայ իրաւատէր հայութեան հոգիին մէջ եւ առաջնորդէ մեր երիտասարդութեան պահանջատիրական պայքարը, մինչեւ վերջնական ու ամբողջական յաղթանակ։