Ազգային Առաջնորդարանի Տէր Ղազարեան Սրահին Մէջ – Ատրպատականի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գրիգոր Արք. Չիֆթճեանի Ղարադաղի Մասին Նորընծայ Բ. Հատորին Շնորհանդէսը

Երեքշաբթի, 8 Նոյեմբեր 2022, երեկոյեան ժամը 7-ին, հովանաւորութեամբ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի, Ազգային Առաջնորդարանի Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ատրպատականի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գրիգոր Արք. Չիֆթճեանի հեղինակութիւնը վայելող՝ Ատրպատականի Հայոց Թեմի երբեմնի Ղարադաղի շրջանի հայկական գիւղերուն եւ մշակութային ժառանգութեան նուիրուած Բ. հատորի շնորհանդէսը, որուն ներկայ եղան Հոգեւոր հայրեր, Ազգային վարչութեան անդամներ, Ազգ. Ռոզ եւ Ալեքս Փիլիպոս վարժարանի տնօրէնութիւնն ու, ուսուցիչներ, աշակերտներ, ծնողներ եւ մշակութասէր հայեր:

Հակառակ դուրսը տիրող անբարենպաստ եղանակին, թանձր անձրեւի պատճառով երթեւեկութեան դժուարութեան եւ ցուրտ օդին, լեցուն սրահը ապրեցաւ ջերմ ու տաքուկ մթնոլորտ եւ ստացաւ հոգեկան մեծ բաւարարութիւն՝ մշակութային այս իւրայատուկ երեկոյի աւելի քան երկու ժամուան տեւողութեան:

Շնորհանդէսի բացման խօսքը կատարեց Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան եւ անդրադարձաւ Ատրպատականի Հայոց Թեմի անցեալին, պատմական հարստութեան, Հայոց Եկեղեցւոյ առաջին Թեմը ըլլալու նախապատուութեան, անոր այժմու Առաջնորդին կատարած տեղագրական եւ ուսումնասիրական աշխատանքին, որուն երկրորդ հսկայական հատորն է որ դրուած է սեղանին, ապա ամփոփեց մատենաշարի առաջին հատորին նիւթը, որ Թաւրիզի, Ուրմիոյ եւ անոնց շրջակայ գիւղերուն ու քաղաքներուն մէջ ցրուած հայկական յիշատակներու արձանագրութեան նուիրուած է:

Ներկաները խանդավառութեամբ հետեւեցան Ռ. Եւ Ա. Փիլիպոս Ազգ. վարժարանի աշակերտական խումբերու ներկայացուցած գեղարուեստական յայտագիրին (նուագ-քանոն եւ դաշնամուր, խմբային ասմունք, խմբերգներ), ապա հաղորդ դարձան անցնող վեց տարիներուն Ղարադաղի լեռնային անմատչելի շրջաններուն մէջ թառած նախկին հայկական գիւղերը շրջագայած Ատրպատականի Հայոց Թեմի Առաջնորդին տուած բացատրութիւններուն՝ իրենց համապատասխան նկարներով, որոնք համակարգչային մեծ պաստառին վրայ յաջորդեցին իրարու՝ հեղինակ Սրբազանի «Ուղեւորութիւն Ատրպատականի Հայոց Թեմում Հայկական Յուշարձանների հետքերով» մատենաշարի Բ. հատորին մասին փոխանցելով լիարժէք կարծիք:

Նշեալ հատորը հրատարակուած է Թաւրիզ, 2021-ին, մեկենասութեամբ թաւրիզաբնակ ազգային բարերար՝ Տէր եւ Տիկին Համազասպ եւ Սեդա Ոսկանեանի եւ կը ծառայէ Ատրպատականի հայոց մշակութային ժառանգութիւնը կորուստէ փրկելու գործին՝ զայն արձանագրելով թուղթի վրայ, այնպէս ինչպէս բնութագրեց հեղինակ Սրբազանը իր խօսքին մէջ եւ տասնեակներով վաւերագրական լուսանկարներու ցուցադրումով մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ պատմական Ղարաբաղի դրացի Ղարադաղի մասին, որ Մայր Արաքսի աջ ափին, լեռնային անմատչելի բարձունքներու վրայ եւ անդնդախոր ձորերու մէջ հաստատուած վայր մըն է, 50 գիւղերէ բաղկացած, ուր ոչ մէկ հայ կ՛ապրի ներկայիս, իսկ այդ գիւղերէն ոմանք վերաբնակեցուած են ազերի թուրքերով, ուրիշներ անմարդաբնակ են, աւերակ կամ անտառներու մէջ կորսուած:

Մշակութային ժառանգութեանց ներկայացման երկրորդ բաժինը նուիրուած էր Ղարադաղի հայկական գերեզմանատուներուն մասին հեղինակ Սրբազանին գիւղէ գիւղ շրջագայութեանց ընթացքին յայտնաբերած տարբեր տեսակի դամբարաններու առնչուող գիտելիքներու, որոնց փոխանցումով իր խօսքը եզրափակեց Գրիգոր Արք. Չիֆթճեան՝ նշելով, որ իր նախաձեռնութեամբ սկիզբ առած մատենաշարին երրորդ հատորը արդէն աւարտելու վրայ է եւ պիտի ընդգրկէ Ատրպատականի Հայոց Թեմի Սոմա եւ Բարադոստ գաւառները, Սալմաստի կողքին, ինչպէս նաեւ յուշագրական զրոյցներ, Թեմի հնագոյն շրջաններէն Թաւրիզ փոխադրուած ծերունիներու հետ:

Երեկոն եզրափակեց Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, որ օրհնութեան իր խօսքին մէջ վեր առաւ գիրքի հեղինակ Գրիգոր Սրբազանի անձնդիր մօտեցումը իր ծառայութեան դաշտին մէջ գտնուող ժողովուրդին ու անոր դարաւոր պատմութեան նկատմամբ՝ ըսելով. «Գրիգոր Սրբազանը միայն ժողովուրդի մը հովուութիւնը կամ առաջնորդութիւնը իր ուսերուն առած չէ, այլ ան խնամատար առաջնորդն է նաեւ իր Թեմի վանքերուն ու եկեղեցիներուն, տապանաքարերուն, հայ մշակոյթին, անցեալի պատմութեան: Առաջնորդ մը, որ պահապանն է այս բոլոր հարստութեանց, որոնց տէրը ըլլալուն հանգամանքը ծառայութեամբ կ՛իրագործէ: Եւ այս բոլորը մէկտեղելու համար, անցեալ տարիներուն ընթացքին գիւղէ գիւղ, սարէ սար թափառեցաւ, տեղագրելով նախկին հայկական բնակութիւն ունեցած շրջանները, ապա գնահատեց Գրիգոր Սրբազանի մտաւորական ներդրումը՝ յիշելով Արեւմտեան Թեմի մէջ անոր ծառայութիւնը, ուսուցչական ասպարէզի ճամբով ստանձնած զոհողութիւնները Դպրեվանքին մէջ եւ Արեւմտեան Թեմէն ու հայ մամուլի անդաստանէն ներս մինչեւ օրս ի գործ դրած գրողական արուեստը:

Առաջնորդ Սրբազան Հօր հրաւէրով, Եփրեմ Սրբազանի «Պահպանիչ» աղօթքով փակուեցաւ երեկոն, հոգեպէս հարստացնելով ներկաներուն սիրտն ու միտքը:

Շնորհանդէսի աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

 

 

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022