Ուիլիըմ Սարոյեանի Մասին Վաւերագրական Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն Ազգ. Առաջնորդարանին Մէջ


Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ, Ազգային Առաջնորդարանի Մշակութային-Դաստիարակչական Յանձնախումբը կազմակերպած է Ուլիըմ Սարոյեանի մասին վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութեան երեկոյ մը:

Հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, 9 Ապրիլ 2015ի երեկոյեան ժամը 7:00ին, Ազգային Առաջնորդարանի “Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան” սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի:

Ժապաւէնը վաւերագրած են Տիար Փօլ Քալինեան եւ դուստրը՝ Դոկտ. Սիւզի Քալինեան: Անիկա լուսարձակի տակ կը բերէ աշխարհահռչակ գրողին կեանքը՝ մանկութենէն սկսեալ, մինչեւ հռչակի տիրացումը, վեր առնելով շուրջ 60 տարիներու վրայ երկարող վաստակը, նկարագրային գիծերը, աշխարհընկալումն ու մտածումները: Ինչպէս ծանօթ է, Ուիլիըմ Սարոյեանի գրականութեան մէջ իր հայկական պատկանելիութիւնը միշտ ալ տիրապետող տարր եղած է, իսկ մարդկայնականութիւնը արդէն կը կազմէ անոր գրականութեան ամէնէն հիմնական յատկանիշը, իր շօշափած բոլոր նիւթերուն մէջ, անոնք ըլլան հայութեան թէ ամերիկեան կեանքէն վերցուած:

Մօտաւորապէս մէկ ժամ տեւողութեամբ ժապաւէնին ներկայացման մասնակից եղած են նոյնինքն Սարոյեան, ինչպէս նաեւ ֆիլմարուեստի աշխարհի նշանաւոր աստղերէն Մայք Քանըրզ (Գրիգոր Օհանեան):

Մեր ժողովուրդը հրաւիրուած է ներկայ ըլլալու այս երեկոյթին, որ նաեւ յարգանքի արտայայտութիւն մըն է գրական մրցանակներու տիրացած ֆրեզնոցի մեծ գրողին:

Նշենք, որ ժապաւէնը պիտի ցուցադրուի նաեւ մեր կարգ մը վարժարաններուն մէջ:

Saroyan Flyer Armenian

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022

ԼՈՒՐԵՐՈՒ ԱՐԽԻՒ