ԳԵՐՇ. Տ. ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆԻ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ՀՐԱՒԷՐ՝ՕԳՏՈՒԵԼՈՒ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ԼՈՒՍԱՏՈՒ ՋԱՀԷՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի Տեսուչը Բարձր. Տ. Նարեկ Ս. Արք. Ալեէմէզեանի հիւրաբար մեր Թեմը գտնուելուն առիթէն օգտուելով, ու Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, Նարեկ Սրբազանը Կիրակի, 5 Օգոստոս 2012-ի երեկոյեան ժամը 5-ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ »Արմենակ Տէր Պետրոսեան« սրահին մէջ դասախօսութիւն մը տուաւ Դպրեվանքին մասին։ Դասախօսութեան ներկայ էին Թեմիս հոգեւորականաց դասը, դպրեվանքի նախկին սանուց միութեան անդամներ, սարկաւագներ եւ հաւատացեալներ։

Բացման խօսքը եւ բարի գալստեան խօսք արտասանեց եկեղեցւոյ հովիւներէն՝ Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Աթմաճեան, որմէ ետք ներկաները յոտնկայս միասնաբար երգեցին »Սիրտ Ի Սիրտ« դպրեվանքի քայլերգը, ապա դասախօսը բեմ հրաւիրուեցաւ փոխանցելու իր խօսքը։

Սրբազան Հայրը ամփոփ կերպով պատմականը ըրաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքին, եւ լայն բացատրութիւններ տուաւ տարուած աշխատանքներու եւ ծրագիրներու մասին։ Ան յատկապէս կանգ առաւ յառաջիկայ տարեշրջանին համար ճշդուած ծրագիրի մը վրայ, նշելով, որ Դպրեվանքին մէջ պիտի բացուի 20էն 25 տարեկան երիտասարդներու համար յատուկ դասարան մը, որուն կրնան միանալ տարբեր գաղութներէ ուսանողներ։ Մեր Թեմէն արդէն իսկ երկու երիտասարդներ դիմած են միանալու այդ դասարանին։

Իր խօսքի աւարտին, Նարեկ Սրբազանը անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ դպրեվանքը ոչ միայն հոգեւորականներ կը պատրաստէ, այլ նաեւ աշխարհական ղեկավարներ, տնօրէններ, ուսուցիչներ, դպրապետներ ու մեր ազգին եւ եկեղեցւոյ անդաստաններուն մէջ նուիրեալ առաքեալներ։ Սրբազան հայրը կոչ ուղղեց ներկաներուն՝ իրենց պատանի եւ երիտասարդ զաւակները ուղղարկելու դպրեվանք, որպէսզի անոնք ալ դառնան մեր ապագայի հոգեւոր եւ աշխարհական առաջնորդները։

Հանդիսավար քահանայ հայրը բեմ հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որպէսզի իր փակման խօսքը փոխանցէ։ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Նարեկ Սրբազանին, որ ընդառաջած էր դասախօսութեան այս հրաւէրին եւ մեզի հրամցուցած այս գեղեցիկ եւ համապարփակ դասախօսութեան համար։

Առաջնորդ Սրբազանը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ դպրեվանքը բոլորիս սրտերուն մօտիկ հաստատութիւն է, անցնող տարիներուն, դպրեվանքի նախկին սանուց միութեան գործունէութեան ընդմէջէն, մեր սրտակցութիւնն ու զօրակցութիւնը յայտնած ենք դպրեվանքին, պիտի շարունակենք նոյն յանձնառութեամբ եւ սիրով զօրավիգ կանգնիլ մեր սիրելի դպրեվանքին։ Ան այս առիթով կոչ ուղղեց բարձրագոյն ուսումով ու հոգեւոր սնունդով հետաքրքրուող երիտասարդներուն, որ օգտուին Դպրեվանքի յարկին տակ ստեղծուած առիթէն։

Առաջնորդ Սրբազան Հօր թելադրանքով, ներկաները միասնաբար երգեցին »Կիլիկիա« երգը եւ այսպէսով դասախօսութիւնը իր աւարտին հասաւ։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022