ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՎԱՍՊՈՒՐԱԿԱՆԻ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Չորեքշաբթի, 1 Օգոստոսի յետմիջօրէին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ընդունեց այցելութիւնը Վասպուրականի Հայրենակցական Միութեան Լոս Անճելըսի վարչութեան ներկայացուցիչներուն։ Յարգելի հիւրերը Ազգ. Առաջնորդարան եկած էին Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորելու վերընտրութեան առիթով։

Հիւր վարչականները ընդհանուր գիծերու մէջ տեղեկութիւններ տուին միութեան աշխատանքներուն ու յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին։ Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց այցելուները, շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց ազնիւ զգացումներուն համար, տեղեկութիւններ հաղորդեց Ազգ. Առաջնորդարանի գործունէութեան դաշտերուն ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հետ գործակցական մարզերուն մասին, մասնաւորաբար անդրադառնալով այն աշխատանքներուն, որոնք կը տարուին Կաթողիկոսութեան կողմէ, Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով պատմական յուշամատեաններ հրատարակելու նպատակով, պատմական Հայաստանի ու Կիլիկիոյ հայկական աւաններուն մասին։ Ան նաեւ վեր առաւ հայրենակցական միութեանց կենսական դերը՝ մեր ազգային կեանքին մէջ, իբրեւ պահապանները մեր ազգային աւանդներուն, մշակոյթին, ու լծակիցները՝ անկատար երազներուն հետապնդման։ Առաջնորդ Սրբազանը բարձր գնահատեց Վասպուրականի Հայրենակցական միութեան ծառայողներն ու յաջողութիւն մաղթեց անոնց աշխատանքներուն։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022