Տեառնընդառաջի Նախատօնակի Արարողութիւն եւ Աւանդական Խարոյկ

Հինգշաբթի, 14 Փետրուարը մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի տաճար ընծայման՝ Տեառնընդառաջի տօնն է։ Չորեքշաբթի, 13 Փետրուարի երեկոյեան, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ երեկոյեան ժամերգութիւն եւ նախատօնակ պիտի կատարուի։ Արարողութեան ընթացքին, ծնողներ առիթը պիտի ունենան իրենց նորածին մանուկներն ու փոքր երեխաները, Յիսուս Մանուկի օրինակով, եկեղեցւոյ ընծայելու, ուր քահանայ հայրերը զանոնք պիտի բարձրացնեն Ս. Խորան։

Տարիներու բարի աւանդութեան համաձայն, Առաջնորդ Սրբազանը պիտի հանդիսապետէ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ արարողութեան եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը։ Արարողութիւնը պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 6։30-ին։ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական խմբապետներ, վարչական պատասխանատուներ եւ անդամներ ներկայ պիտի ըլլան արարողութեան։

Արարողութենէն ետք, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ Ս. Խորանէն բերուած Լոյս-Քրիստոսը խորհրդանշող մոմով, Առաջնորդ Սրբազան Հօր ձեռքով պիտի վառուի խարոյկը եւ ժողովրդային ու հայրենասիրական երգերով տեղի պիտի ունենայ Տեառնընդառաջի ժողովրդային հանդէսը։

Ապա, Առաջնորդ Սրբազանը, ներկայ հոգեւորականները, Ազգ. Վարչութեան անդամներ, եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի պատասխանատուներ եւ սկաուտներ «Արմենակ Տէր Պետրոսեան» սրահին մէջ պիտի համախմբուին սիրոյ սեղանի շուրջ, հիւրընկալութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներուն ու հոգաբարձութեան։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022