Ս. Ղեւոնդեանց Քահանայից եւ Ս. Վարդանանց Զօրավարաց Տօնակատարութիւններ

Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին Երեքշաբթի, 18 Փետրուարին եւ Հինգշաբթի, 20 Փետրուարին պիտի նշէ մեր եկեղեցական ու ազգային պատմութեան ամէնէն նուիրական ու յիշատակելի տօներէն՝ Ս. Ղեւոնդեանց Քահանայից եւ Ս. Վարդանանց Զօրավարաց տօները։

Համաձայն մեր Թեմի աւանդութեանց, այս տօներուն առիթով տեղի պիտի ունենաn ժամերգութիւն եւ պիտի մատուցուի Ս. Պատարագ, նախագահութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին եւ մասնակցութեամբ Թեմիս հոգեւորականաց դասուն։ Նկատի ունենալով, որ Ս. Ղեւոնդեանցը տօնն է Հայ Քահանայից, հոգեւորականաց համագումար յատկացուած է այս տօնին։

Ս. Ղեւոնդեանց տօնին առիթով, Երեքշաբթի, 18 Փետրուարին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին, Նորթ Հոլովուտի Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ գիշերային ու առաւօտեան ժամերգութիւն եւ հոգեւոր խորհրդածութիւն, որուն պիտի յաջորդէ հոգեւորականաց համագումարը։

Ս. Վարդանանց տօնին առթիւ, Հինգշաբթի, 20 Փետրուարին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի հանդիսապետութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր։ Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ Արժ. Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեան։ Արարողութեան աւարտին, պիտի երգուին տօնին յատուկ շարականներ եւ ազգային երգեր։

Կը հրաւիրենք մեր բարեպաշտ ժողովուրդը ներկայ գտնուելու այս արարողութեանց, վերանորոգուելու Ս. Ղեւոնդեանց ու Ս. Վարդանանց պատգամով ու վերահաստատելու եկեղեցական եւ ազգային արժէքներու հանդէպ հաւատարմութեան մեր ուխտը։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022