Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ Եկեղեցին Տօնեց Օծման 5-րդ Տարեդարձը

Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ ծխական համայնքը 9 եւ 10 Յունիսին ապրեցաւ տօնական շաբաթավերջ մը, նշելով նորակառոյց եկեղեցւոյ օծման 5-րդ տարեդարձը։ Այս առիթով, Շաբաթ, 9 Յունիս 2018-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ մը, իսկ Կիրակի, 10 Յունիսի առաւօտուն, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ մատուցեց եւ ուղղեց իր պատգամը։ Թէ՛ ճաշկերոյթին եւ թէ Ս. Պատարագին ներկայ էին Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Տիար Կարօ Էշկիեան եւ ծխական շրջանի պատասխանատուները։ Ճաշկերոյթին ներկայ էին նաեւ Արեւմտեան Թեմի, Հայ Աւետ. եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ Ասորի, Եթովպիական, Յոյն եւ Մարոնի եկեղեցիներու ներկայացուցիչները։

ՃԱՇԿԵՐՈՅԹԸ
Առաջնորդ Սրբազանին հովանաւորութիւնը ու ներկայութիւնը վայելող ճաշկերոյթին հիւրընկալն էր ծխական մարմինի փոխ ատենապետը՝ Տէր եւ Տիկին Կարօ եւ Մարիա Պայրամեան ամոլը։ Հանդիսավարը՝ Օր. Գառնի Արմէնեան, իր ողջոյնի խօսքին մէջ, նկատել տուաւ, որ Ս. Կարապետ եկեղեցին 5 տարիէ ի վեր ոչ միայն աղօթավայր է, այլ նաեւ շրջանի կազմակերպութեանց ու միութեանց համար ժամադրավայր մը եւ օգտաշատ ձեռնարկներու հանդիսավայր, ուր կը պահպանուին հայկական աւանդութիւններ։ Ան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք մասնակցութիւն բերած են տարիներու երազին մարմնաւորման։ Սեղաններու օրհնութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Արժ. Տ. Արսէն Քհնյ. Գասապեան։ Ծխական յանձնախումբին անունով ողջոյնի խօսք արտասանեց ատենապետը՝ Տիար Եղիա Եղիայեան, շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազանին՝ իր հոգածութեան ու ցուցմունքներուն համար, գնահատեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, բոլոր կամաւոր ծառայողներն ու զօրակիցները, որոնց ճիգերուն շնորհիւ կառուցուեցաւ ու կը գործէ Ս. Կարապետ եկեղեցին, իբրեւ այս շրջանի առաջին Հայց. Առաքելական եկեղեցի։ Սրտի խօսք արտասանեց ծխական յանձնախումբի նախկին ատենապետ, այժմու անդամներէն եւ Լաս Վեկասի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Տիար Ատրուշան Արմէնեան, որ նկատել տուաւ մեր եկեղեցիներուն ու համայնքային կառոյցներուն պահպանման համար հսկայական ջանքերու ու ուժականութեան անհրաժեշտութիւնը, շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք իրենց բարոյական ու նիւթական աջակցութիւնը կը բերեն Լաս Վեկասի եկեղեցւոյ, լեզուի ու մշակոյթի պահպանման գործին ի խնդիր։ Ան հրաւիրեց համայնքի բոլոր անդամները՝ վերանորոգ կամքով շարունակելու ծառայական սրբազան առաքելութիւնը։ Ազգ. Վարչութեան ատենապետը շնորհաւորեց ծխական համայնքը, կանգ առաւ մեծ երազներ ունենալու կարեւորութեան վրայ, որոնց իրականացումը օգտակար պիտի ըլլայ իրերայաջորդ սերունդներու։ Ան դրուատիքով խօսեցաւ եկեղեցւոյ հովիւին, ծխական յանձնախումբին, բարերարներուն ու գործակիցներուն մասին, մաղթեց նոր իրագործումներ ու աւելի յաջող տարեդարձներ։ Այնուհետեւ, տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն եւ տարեդարձի կարկանդակի հատում։

Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամը սկսաւ փառք տալով Աստուծոյ, որ միասնաբար կը նշենք Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ օծման 5-րդ տարեդարձը։ Ան ողջունեց Ազգ. Վարչութեան ատենապետը, Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Տիար Ատրուշան Արմէնեանը՝ համայնքի ի նպաստ անոր ծառայութեանց համար, ողջունեց նաեւ ծխական մարմինի ու բարերարներու ներկայութիւնը, ընդգծեց, որ վերջին հինգ տարիներու իրագործումները ուղղակի շարունակութիւնն էին նախընթաց տարիներու ծխական աշխատանքներուն, եւ գնահատանքով արտայայտուեցաւ եկեղեցւոյ նախկին եւ այժմու հոգեւոր հովիւներուն՝ Տէր Աւետիս Աւ. Քհնյ. Թորոսեանի եւ Տէր Արսէն քահանաններուն, ծխական յանձնախումբին ու անոր գործակից միաւորներուն ճիգերուն մասին, միաժամանակ ողջունելով ներդրումը բարերարներուն ու բարեկամներուն։ Ան հակիրճ կերպով անդրադարձաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին ձեռամբ եկեղեցւոյ հիմնարկէքի, գմբէթի խաչի օրհնութեան եւ օծման արարողութեանց, ապա նաեւ շինարարութեան աշխատանքներու ամբողջացումէն ետք՝ եկեղեցւոյ օծման արարողութեանց, յատկապէս վեր առնելով այն ներդրումը, որ ունեցան եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերար Լէրի Պարնզ եւ այլ բարերարներ։ «Իբրեւ այս համայնքի հարազատ անդամները, սիրելիներ, դուք ականատես վկաներն էք, թէ հաւաքական, անկեղծ ու անսակարկ ծառայութիւնը ինչպիսի՛ բարի արդիւնքներու կը հասնի», ընդգծեց Առաջնորդ Սրբազանը, յորդորելով, որ միասնական ճիգերը շարունակուին նոյն թափով, ծխական շրջանը հասնի նոր բարձունքներու, համայնքը բոլորուի հոգեւոր հովիւին ու ծխական յանձնախումբին շուրջ եւ լծուի նոր իրագործումներու։

Պաշտօնական յայտագիրը աւարտին հասաւ «Կիլիկիա»ի խմբերգումով։ Երեկոն շարունակուեցաւ խրախճանքով։

Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ
Առաջնորդ Սրբազանը Կիրակի, 10 Յունիս առաւօտուն Ս. Պատարագ մատուցեց Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Արսէն Քհնյ. Գասապեան ու Արժ. Տ. Աւետիս Աւ. Քհնյ. Թորոսեան։ Ներկայ էին Հ.Յ.Դ. «Իշխան» Կոմիտէի ներկայացուցիչներ, ՀՕՄ-ի «Շուշի» մասնաճիւղի անդամուհիներ, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի «Արցախ» մասնաճիւղի սկաուտներ եւ ծխական հաւատացեալներ։

Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամը սկսաւ ողջունելով ծխական համայնքն ու հիւրերը, մաղթելով ծաղկուն նոր տարեդարձներ։ Հակիրճ կերպով անդրադառնալէ ետք եկեղեցւոյ հիմնադրութեան ու անցեալ տարիներու իրագործումներուն, Առաջնորդ Սրբազանը նկատեց, որ ինչպէս անցեալի, նոյնպէս ալ յառաջիկայի իրագործումները կը կարօտին հաւատքի, սիրոյ, բարի կամեցողութեան, միասնականութեան եւ ներդաշնակ համակարգումի։

Խօսելով օրուան աւետարանական ընթերցումէն՝ Մատթէոսի Աւետարանի 12րդ գլուխի 1-8 համարներէն բխող պատգամին մասին, Առաջնորդ Սրբազանը կանգ առաւ երեւութականէն անդին՝ իսկական ծառայութեան եւ օրէնքի հանդէպ յարգանքի գիտակցութեան վրայ։ Անդրադառնալով օրէնքի տառին չկառչելու, այլ անոր խորքը ըմբռնելու եւ հետեւելու Քրիստոսի պատգամին, շեշտեց, որ պէտք չէ տարուիլ արտաքին երեւոյթներով եւ օրէնքի մակերեսային մեկնաբանութեամբ, այլ պէտք է հոգուով ու նուիրումով թափանցել հարցերու խորքը եւ ծառայել նուիրումով ու կարեկցանքի տրամադրութեամբ, յիշեցնելով մարգարէին խօսքը, թէ «ողորմութիւն կ’ուզեմ, եւ ոչ զոհ»։

Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ յիշեցուց, որ նախորդ օրը, մեր եկեղեցին յիշատակեց չորրորդ դարու մեր մեծ հայրապետը՝ Մեծն Ներսէսը եւ անոր սերտ գործակիցը՝ Խադ Եպիսկոպոսը, որոնք հաւատքի ու ծառայութեան կոթողական տիպարներ էին։ Մեծն Ներսէս մեր եկեղեցւոյ առաջին գլխաւոր բարեկարգիչն էր, հաստատեց վանքեր ու դպրոցներ, հիւանդներու ու կարօտեալներու համար կառուցեց հիւանդանոցներ ու ապաստանարաններ։ Այսօր Մեծն Ներսէս Հայրապետը կը յիշատակենք յատկապէս այն օրինակելի պատգամով, որ ան եկեղեցին մօտեցուց ժողովուրդին. ան կը մնայ մեր պատմութեան ամէնէն պանծալի առաջնորդներէն մէկը, ժողովրդանուէր ծառայութեանց շնորհիւ կոչուած է «մեծ» եւ «սիրտերու լուսաւորիչ»։

Նկատել տալով, որ օրուան աւետարանական հատուածին ու Մեծն Ներսէսի ծառայական կեանքին միջեւ զուգորդութիւն մը կայ, Առաջնորդ Սրբազանը կոչ ուղղեց հաւատացեալներուն, որ հաւատարիմ մնան մեր եկեղեցւոյ, ազգի ու սրբազան հայրերու ժառանգութեան ու աւանդներուն։ Եզրափակելով՝ ան շնորհաւորեց ծխական համայնքը՝ անոր ծառայութեան լծուած մարմիններն ու հաւատացեալ ժողովորդը, բոլորը հրաւիրելով որ սերտ գործակցութեամբ, համայնքը հասցնեն նոր բարձունքներու, գործեն փոխադարձ սիրով, յարգանքով, ներդաշնակութեամբ, Ս. Կարապետ եկեղեցին պահեն իբրեւ համայնքի հիմնաքարը եւ կենսատու փարոսը։

Ապա, Առաջնորդ Սրբազանը օրհնեց արծաթապատ Ճաշու Աւետարան մը, որ եկեղեցւոյ նուէր տրուած էր ծխական յանձնախումբի փոխ ատենապետ Տիար Կարօ Պայրամեանի եւ ազնիւ Տիկնոջ՝ Մարիայի կողմէ։

«Տէր Ողորմեա»էն առաջ, Տ. Արսէն Քահանայ բարի գալուստի խօսք արտասանեց, Սրբազան Հօր, մաղթելով առողջութիւն եւ բեղուն գործունէութիւն։ Ս. Պատարագի աւարտին, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ բարերար Լէրի Պարնզի ու Տիկնոջ՝ Սեդա Տէր Կարապետեան-Պարնզի հոգիներու խաղաղութեան համար։ Այնուհետեւ, կազմակերպութեամբ ծխական յանձնախումբին, «Գուճաքեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն։

Առաջնորդ Սրբազանին այցելութիւնը առիթ մը եղաւ, որ Ազգ. Վարչութեան ատենապետին հետ միասին, խորհրդակցական հանդիպում մը ունենայ հոգեւոր հովիւին ու ծխական յանձնախումբին հետ, քննարկելով ծխական շրջանի անմիջական ծրագիրները։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022