ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՈՅԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԾԽԱԿԱՆ ՀԱՄԱՅՆՔԸ ԿԸ ՄԵԾԱՐԷ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ

Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ծխական համայնքը Ուրբաթ, 13 եւ Շաբաթ, 14 Յուլիսին վայելեց Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի այցելութիւնը։ Կազմակերպուած էր Առաջնորդ Սրբազանին ի պատիւ մեծարանքի ձեռնարկ մը՝ չորրորդ քառամեակի մը համար վերընտրութեան առիթով, ապա նաեւ՝ եկեղեցւոյ հովիւին ու հոգաբարձութեան հետ խորհրդակցական հանդիպում։

Առաջնորդ Սրբազանը Սան Ֆրանսիսքօ ժամանեց Ուրբաթ, 13 Յուլիսի յետմիջօրէին։ Երեկոյեան ժամը 8ին, Խաչատուրեան Հայ Կեդրոնի Սարոյեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ շնորհաւորական ընթրիքը, որուն ներկայ էին գաղութի հանրածանօթ դէմքեր, բարերարներ, շրջանի միութեանց ներկայացուցիչներ եւ ծխական համայնքի անդամներ:

Ձեռնարկի ընթացքին խօսք առաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան ատենապետ Տիար Ռոստոմ Այնթապլեան, որ յետ շնորհաւորական խօսքերու՝ ըսաւ. »Սիրելի Սրբազան, այսօր Սան Ֆրանսիսքոյի եւ Ծովածոցի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ զաւակները կը վայելեն ձեր շնորհաբաշխ ներկայութիւնը եւ կþապրին անմոռանալի պահեր: Ուստի բարի գալուստ կը մաղթենք ձեզի եւ հոգեկան ամենայն ուրախութեամբ կը շնորհաւորենք Ձեր վերընտրութիւնը: Մեր մաղթանքն է որ դուք մնաք առողջ, որպէսզի պայծառ մտքով միշտ կարենաք շարունակել ձեր գործը, ինչպէս որ տարած էք փայլուն ձեւով անցնող 16 տարիներու ընթացքին«:

Հ.Յ.Դ. Քրիստափոր Կոմիտէի ներկայացուցիչ Տիար Հրայր Սարգիսեան շրջանի զոյգ կոմիտէներուն եւ բոլոր գործակից կազմակերպութիւններուն անունով, իր կարգին, շնորհաւորեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր վերընտրութեան ուրախ առիթով եւ մեծապէս գնահատեց անոր արժէքաւոր ծառայութիւնն ու դերակատարութիւնը մեր ազգային ընդհանրական պայքարին, ապա աւելցուց. »Սրբազան Հայր, դուք միշտ արդարացուցած էք ձեր հանդէպ ցուցաբերուած սէրն ու վստահութիւնը, պիտի զօրակցինք ձեզի, ձեր շուրջը համախմբուելով: Պիտի շարունակենք վեր պահել ձեր հանգամանքը, յարգելով ձեր արժէքաւոր ծառայութիւնը իբրեւ մեր հոգեւոր ու ազգային կեանքի ներկայացուցիչ, նաեւ իբրեւ կարեւոր դերակատար մեր ընդհանրական պայքարին: Մեր զօրակցութիւնը պիտի շարունակենք բերել ձեզի՝ յարատեւ նուիրումով եւ հնարաւոր բոլոր միջոցներով«:

Ապա, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Խորէն Աւ.Քհնյ. Հապէշեան, Առաջնորդ Սրբազան Հօր ուղղեց իր շնորհաւորանքի եւ բարեմաղթութեանց խօսքերը եւ եզրակացուց.
buy suhagra online pavg.net/wp-content/themes/twentytwentyone/inc/en/suhagra.html no prescription

»Այս մեծ երկրի Կիլիկեան թեմերու հաւատացեալ եւ հաւատաւոր զաւակները խորապէս երախտապարտ են Կիլիկեան Ս. Աթոռին, որովհետեւ անոր հոգեւոր մատակարարութեան շնորհիւ, Ամերիկայի Թեմերը, ներառեալ Արեւմտեան մեր Թեմը կþապրին կազմակերպ կեանք ու յարաճուն գործունէութիւն: Արեւմտեան մեր թեմին բարօր վիճակի բարձրացման մէջ Սրբազան Հօր ներդրումը եղած է նշանակալից՝ տքնաջան աշխատանքի շնորհիւ: Վարձքերնիդ կատար Սրբազան: Ամենազօր Տէրը զօրավիգ ըլլայ ձեզի, առաւել կորովով եւ իմաստութեամբ զարդարէ ձեզ, որ այս թեմին կարելիութիւններուն լիարժէք օգտագործումով, կարենաք մեր թեմը բարձրացնել բոլորիս կողմէ ցանկացուած նախանձելի վիճակին«:

Իր խօսքի աւարտին, Տէր Հայրը հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որ իր հայրական պատգամը փոխանցէ ներկաներուն:

Սրբազան Հայրը շնորհակալութեան խօսք ուղղեց հոգեւոր հովիւին, հոգաբարձութեան՝ այս ձեռնարկին կազմակերպման համար, նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն ու յայտագիրի ընթացքին խօսք առնողներուն՝ արտայայտուած ազնիւ զգացումներուն համար։ Ան փառք տուաւ Աստուծոյ, որ այս պատեհութիւնը ստեղծուած է եւ այս առիթով, երախտագիտութեան ու շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին ու մեր Թեմի Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովին, իրեն հանդէպ վստահութեան համար։

Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը անդրադարձաւ Քալիֆորնիոյ համայնքի անցեալին, իր մատուցած ծառայութեանց, ապա, իր սրտի խօսքը ուղղեց ներկաներուն՝ թելադրելով. »Տեսիլքով եւ հաւատքով, մեր լաւագոյնը տալով՝ շարունակենք մեր ծառայութիւնը մեր ժողովուրդին եւ Ս. Եկեղեցւոյ: Նախ շնորհակալ ըլլանք Աստուծոյ, մեր կեանքին մէջ սորվինք շնորհակալութիւն յայտնել եւ մեր ծառայական կեանքին մէջ այդ գիտակցութեամբ ապրիլ մեր նմաններուն հետ, ինչպէս որ կը պատգամեն Պատուիրանները«: Ապա Սրբազան Հայրը իր խօսքը ամփոփեց հետեւեալ չորս ոսկեայ սկզբունքներուն մէջ.-

Ա) Սիրով փոխարինել ատելութիւնը

Բ) Գործել Աստուծոյ երախտապարտ ու շնորհակալ ըլլալու սկզբունքով

Գ) Ներել առանց ակնկալութեան

Դ) Կարենալ սխալը ընդունիլ

Առաջնորդ Սրբազանը յորդորեց գործել այս բոլորը յաջողութեամբ իրագործելու կամքով, որպէսզի Աստուծոյ մօտ իսկապէս գովելի կþըլլանք:

Գեղարուեստական յայտագրով ելոյթ ունեցաւ Տիկ. Սեդա Գիզիրեան, որ երգեց հայրենասիրական երկու երգեր, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Տիկ. Նայիրի Սարգիսի:

Յայտագիրի աւարտին, Սրբազան Հայրը օրհնեց պսակադրութեան զոյգ մը թագեր, զորս նուիրած էր Տէր եւ Տիկին Գէորգ եւ Միռնա Քաջարեան բարերար ամոլը, եւ յանձնեց Տէր Հօր:

Հոգաբարձութեան հետ հանդիպումին, խորհրդակցութեան նիւթ դարձան ծխական շրջանի անմիջական հարցերն ու ծրագիրները, որոնց կարգին՝ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնն ու տարեկան այլ ձեռնարկներ։

Առաջնորդ Սրբազանը Լոս Անճելըս վերադարձաւ Շաբաթ յետմիջօրէին։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022