Ս. Աստուածածին Եկեղեցին Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագով եւ Ճաշկերոյթով Տօնեց Իր 40րդ Տարեդարձը – Տ. Վազգէն Քհնյ. Աթմաճեան Արժանացաւ Աւագութեան Տիտղոսին


Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցին Շաբաթ, 14 եւ Կիրակի, 15 Նոյեմբեր 2015ի շաբաթավերջին կերտեց իր պատմութեան կարեւոր մէկ հանգրուանը՝ Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագով եւ պաշտօնական ճաշկերոյթով տօնելով իր հիմնադրութեան 40րդ տարեդարձը: Աւելին, այս հանգրուանը յատկանշուեցաւ նաեւ այլ իրադարձութիւններով. արդարեւ, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Աթմաճեան արժանացաւ Աւագութեան տիտղոսին, Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց եկեղեցւոյ երեք նոր խաչերուն օրհնութիւնն ու օծումը, իսկ հոգաբարձութիւնը գնահատանքի արժանացուց ծխական համայնքին ծառայող նուիրեալներ ու բարերարներ:

Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ԽԱՉԵՐՈՒ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ Կիրակի առաւօտուն, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ մատուցեց, երեք խաչերուն օրհնութիւնը եւ օծումը կատարեց եւ իր պատգամը ուղղեց ներկայ հաւատացեալներուն: Ներկաներուն շարքին էին Ազգային Վարչութեան անդամներ, եկեղեցւոյ ծառայողներ, բարերարներ, եւ շրջանի միութեանց ներկայացուցիչներ:

Իր պատգամին սկզբնաւորութեան, Առաջնորդ Սրբազանը փառք տուաւ Աստուծոյ, որ ծխական այս համայնքին շնորհած է 40ամեակի հանգրուանը Ս. Պատարագով նշելու առիթը, յիշեցնելով, որ օր մը առաջ, Շաբաթ երեկոյ, տեղի ունեցած էր այս հանգրուանին նուիրուած ճաշկերոյթը, որուն ընթացքին նուիրեալ ծառայողներ գնահատանքի ու պարգեւատրումի արժանացած էին: Ան օրհնեց վաստակը եկեղեցւոյ երեք հովիւներուն, որոնք նուիրումով կը ծառայեն եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին, ապա նաեւ ողջունեց ներկայութիւնը Ազգ. Վարչութեան, հոգաբարձութեան եւ եկեղեցւոյ ծառայութեան լծուած միաւորներուն անդամներուն: Առաջնորդ Սրբազանը յայտարարեց, որ ընդառաջելով իր խնդրանքին, Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Աւագութեան տիտղոս ու պատիւ շնորհած է եկեղեցւոյ հովիւներէն Արժ. Տ. Վազգէն Քահանային, առ ի գնահատանք մեր Թեմին ու Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ իր բազմամեայ ծառայութիւններուն:

Մինչ դպրաց դասը կ’երգէր «Հրաշափառ»ը, Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեան հայրապետական կոնդակը թափօրով բարձրացուց խորան եւ յանձնեց Առաջնորդ Սրբազանին, որ ընթերցեց զայն: Առաջնորդ Սրբազանը հակիրճ կերպով անդրադարձաւ Տէր Հօր քահանայութեան պատրաստութեան տարիներուն, սկսելով Դպրեվանքի ուսանողութեան օրերէն մինչեւ մեր Թեմին մէջ քահանայից դասընթացքին միանալն ու ձեռնադրութիւնը, ապա նաեւ անոր կերտած վաստակին՝ Ս. Կարապետ եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցիներուն ծառայական դաշտերուն մէջ: Ան նկատեց, որ Տէր Հայրը իր հօրենական յարկէն ստացած աւանդը կը պահէ իր ընտանիքին մէջ, անոր զաւակները եւս նուիրուած են մեր ժողովուրդի ու եկեղեցւոյ ծառայութեան, շնորհաւորեց Տէր Հայրն ու եկեղեցւոյ ընտանիքը, հրաւիրելով վերանորոգ ուխտով շարունակելու ծառայութիւնները: «Տիտղոս ու պատիւ ստանալով՝ մենք աւելի եւս կը զգանք մեր պատասխանատուութեան իմաստը եւ առաւել խոնարհութեամբ ու համեստութեամբ կը շարունակենք մեր առաքելութիւնը», շեշտեց ան:

Հայրապետական կոմնդակին հետ, Տ. Վազգէն Աւ. Քահանայ ստացաւ Առաջնորդ Սրբազանին օրհնութիւնը:

Այնուհետեւ, դպրաց դասի «Ուրախ Լեր» շարականին երգեցողութեամբ սկսաւ երեք խաչերու օծման արարողութիւնը: Առաջնորդ Սրբազանը, եկեղեցւոյ հովիւներուն աղօթակցութեամբ, կատարեց երեք խաչերուն օծումն ու օրհնութիւնը, մինչ բարերարները՝ Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեան, Տէր եւ Տիկին Գրիգոր եւ Զարուհի Քիւրքճեան ընտանիքի ներկայացուցիչ Տիար Կարօ Քիւրքճեան եւ Ֆերմանեան ընտանիքի ներկայացուցիչ Տիար Պետիկ Ֆերմանեան կանգնած էին իրենց հովանաւորած խաչերուն կողքին: Արարողութեան աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը օրհնեց խաչերու կնքահայրերը, ինչպէս նաեւ գնահատանք արտայայտեց Գրաճեան ընտանիքին, որ յանձն առած է բարերարութիւնը եկեղեցւոյ վրայ նախապէս հաստատուած խաչին:

Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամը սկսաւ Տէր Վազգէնի, ծխական համայնքի ժողովականութեան ու ծառայողներուն ուղղուած շնորհաւորանքի եւ օրհնութեան խօսքով. ան ողջունեց նաեւ Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Շրիգեանը, որ ներկայ էր արարողութեան ու գնահատեց անոր բազմամեայ ծառայութիւնը մեր եկեղեցւոյ, Ամերիկայի Թեմին մէջ:

Առաջնորդ Սրբազանին պատգամին բնաբանն էր Աւետարանի օրուան ընթերցումը, քաղուած՝ Ղուկասու Աւետարանի 9րդ գլուխի 44-50 համարներէն, ուր Յիսուս իր աշակերտներուն կ’ուղղէ խոնարհութեան, անմեղութեան ու բարութեան պատգամ մը. այդ համարները կը պատմեն Յիսուսի կեանքին այն օրերը, երբ հրաշագործութեան ու քարոզախօսութեան ժամանակաշրջանը կը մօտենար աւարտին եւ կը պատրաստուէր ճամբան զոհաբերումին: Քրիստոսի հրաշքներուն ականատես ու խորապէս տպաւորուած աշակերտներուն միջեւ հարց ծագած էր, թէ իրենցմէ ո՞վ պիտի ըլլար աւագը կամ երէցը: Յիսուս անոնց դիմաց կանգնեցուց մանուկ մը եւ յորդորեց նմանիլ անոր, ըլլալ անմեղ ու խոնարհ, որովհետեւ այդ մանուկը ընդունողը ընդունած կ’ըլլայ Զինք եւ Զինք ղրկողը ու կը դասուի մեծ: Առաջնորդ Սրբազանը յայտնեց, թէ մանուկին օրինակով, Յիսուս խոնարհութեա՛ն մէջ մեծ ըլլալու պատգամը տուաւ հաւատացեալին, ըսելով, որ ճշմարիտ մեծութիւնը Քրիստոսի վրայ հիմնուած հաւատքին մէջ է, ծառայութեան մէջ է, խոնարհութեան, սիրոյ եւ Քրիստոսի վստահելով՝ հաւատքի ճամբէն քալելու մէջ է: Ան շեշտեց, որ Տէրը կը պատգամէ վստահիլ Քրիստոսի, եթէ կ’ուզենք բաժին ունենալ Անոր թագաւորութեան մէջ: Վերջապէս, վերյիշելով աբեղայական ձեռնադրութենէն մինչեւ մեր Թեմին ներկայ օրերը, Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ իւրաքանչիւր անգամ որ Ս. Պատարագ կը մատուցէ, կը վերանորոգէ իր ուխտը, հետեւաբար, կոչ ուղղեց ծառայողներուն, որ 40ամեակի այս հանգրուանը վերածուի ուխտի վերանորոգումի առիթի:

Առաջնորդ Սրբազանը նկատել տուաւ, որ այսօր, Յիսնակի բարեկենդանի օրն է. Ս. Ծննդեան տօնը կանխող յիսուն օրերու շրջանին, խոնարհութեան ու ծառայասիրութեան ոգին պէտք է ըլլայ տիրապետող, նաեւ պատրաստութեան շրջան՝ ընդունելու Աստուծոյ մեծագոյն պարգեւը, որ մարդուն շնորհուեցաւ Միածինին Ս. Ծնունդով: Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամը աւարտեց աղօթք բարձրացնելով հոգիներուն համար բոլոր անոնց, որոնք եղան եկեղեցւոյ հիմնադիրները, ծառայեցին ու անցան, օրհնեց ներկայի ծառայողները, յատկապէս յիշատակելով եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերարներէն Մինասեան ընտանիքը:

Տ. Վազգէն Աւ. Քահանայ երախտագիտութեան խօսք ուղղեց Վեհափառ Հայրապետին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազանին, ուխտելով վերանորոգ թափով շարունակել իր առաքելութիւնը:

ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ ԵՒ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ Շաբաթ երեկոյ, Կլենտէյլի «Հիլթըն» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ 40ամեակի պաշտօնական ճաշկերոյթը, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Առաջնորդ Սրբազանին: Ներկայ էին Ազգ. Վարչութեան, Հ.Յ.Դ. Կեդր. Կոմիտէի, հայկական միութեանց ներկայացուցիչներ, բարերարներ եւ բարեկամներ:

Յայտագիրը ունէր պաշտօնական բաժին: Ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին հոգեւոր հովիւները, հոգաբարձութեան ատենապետ Տիար Կարօ Էշկիեան, բանախօսեց Տիար Տիգրան Տէր Սարգիսեան: Հոգաբարձութիւնը յուշանուէրներով պատուեց հոգեւոր հովիւները, հոգաբարձութեան եւ անձնակազմի նուիրեալներ, նաեւ մետալներով պատուեց 30 եւ աւելի տարիներ անընդմէջ ծառայող երեք անձնաւորութիւններ՝ Տոքթ. Յակոբ Տէր Մկրտիչեանը, Տեարք Ռուբիկ Կիւրճեանն ու Յակոբ Ջաղացպանեանը: Մետալներու յանձնումը կատարեց Առաջնորդ Սրբազանը: Յուշանուէր մը յանձնուեցաւ նաեւ Forest Lawn հաստատութեան ներկայացուցիչին:

Ներկաներուն ուղղած իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը առաջին հերթին փառք տուաւ Աստուծոյ, որ բոլորիս շնորհած է այս պատմական հանգրուանը ապրելու առիթը: Ան ըսաւ, որ այս երեկոն հաւատքի, ժառանգութեանց ու աւանդներու պահպանման տօնախմբութիւն է, եւ երախտագիտութեան խօսք ուղղեց Աստուծոյ, մեր կեանքին մէջ Իր ներկայութեան, սիրոյն, շնորհներուն եւ պարգեւած խաղաղութեան համար: Մէջբերելով Ժամագիրքէն մեր սրբազան հայրերու փառաբանական աղօթքի հետեւեալ բառերը՝ «Ողորմեա զեկեղեցի շինողաց, երախտաւորաց, պտղատուից եւ սպասաւորաց եւ այնոցիկ, որք ընդ հովանեաւ սրբոյ եկեղեցւոյ են հանգուցեալ», Առաջնորդ Սրբազանը յայտնեց, որ այս խնդրանքը կը բարձրացուի նաեւ Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ զաւակներուն համար, մեր հայրապետներուն բառերով երանի կու տանք նաեւ ա՛յս եկեղեցին շինողներուն, շնորհակալութիւն կը յայտնենք երախտաւորներուն՝ որոնք իրենց վաստակէն բաժին հանած են եկեղեցւոյ, նաեւ սպասարկուներուն, որոնք ծառայեցին ու անցան: Ան երախտագիտական խօսքերով վեր առաւ հիմնադիր սերունդին վաստակը եւ ողջունեց անոնց առաքելութիւնը շարունակողները, որոնք կ’աշխատին եկեղեցւոյ պայծառացման համար, եւ մաղթեց, որ 40ամեակի այս տօնակատարութիւնը ըլլայ երթը խաղաղութեամբ, համերաշխութեամբ եւ սիրով շարունակելու նոր մեկնակէտ մը:

Առաջնորդ Սրբազանին պատգամէն ետք, պաշտօնական բաժինը վերջ գտաւ «Պահպանիչ»ով եւ «Կիլիկիա»ի խմբերգումով:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022