Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ եւ Մատաղօրհնէք Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնին Առթիւ


Հաւատքի նահատակ Ս. Սարգիսի տօնն ու Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան օրը մեծ խանդավառութեամբ յիշատակելի շաբաթավերջ մը եղաւ Փասատինայի ծխական համայնքին համար։

Արդարեւ, Ուրբաթ, 10 Փետրուար 2017ին, տեղի ունեցաւ մատաղի աղօրհնէքը, որմէ ետք, եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ու Տիկնանց Միութեան անդամները սկսան մատաղի պատրաստութեան։ Շաբաթ, 11 Փետրուարին, տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն եւ նաւակատիք։

Իսկ Կիրակի, 12 Փետրուարին, Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ մատուցանեց, սուրբին վարքն ու մարտիրոսութիւնը վեր առնող պատգամ մը ուղղեց եւ մատաղի օրհնութիւն կատարեց եկեղեցւոյ մէջ: Ս. Սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան ու սարկաւագաց եւ դպրաց դասը, իսկ քառաձայն Պատարագը ղեկավարեց եկեղեցւոյ նոր դպրապետը՝ Բարեշնորհ Երուանդ Սրկ. Քէշիշեանը։

Առաւօտեան ժամերգութեան աւարտին, «Հրաշափառ»ի երգեցողութեամբ, պատարագիչ Առաջնորդ Սրբազանը սարկաւագներու թափօրով մուտք գործեց եկեղեցի եւ մատուցանեց Ս. Պատարագը:

Մեծ թիւով հաւատացեալներու կողքին, Ս. Պատարագին ներկայ էին Ազգ. Վարչութեան անդամներէն Տիար Աւօ Քէշիշեանն ու Տիկին Թերէզ Քեմանճեան, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերարը՝ Տէր եւ Տիկին Սարգիս եւ Սիւզան Կիտցինեան ամոլն ու ընտանիքը։

Իր պատգամին սկիզբը, Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչներն ու եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերարը, ապա, օրհնութեան ու գնահատանքի խօսք ուղղեց հոգեւոր հովիւին, հոգաբարձութեան, երեսփոխանական կազմին, տիկնանց միութեան, դպրապետին, սարկաւագաց եւ դպրաց դասերուն ու եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին, զանոնք շնորհաւորելով այս տօնական օրուան առիթով:

Առաջնորդ Սրբազանը անդրադարձաւ օրուան Աւետարանի հատուածին, որ առնուած էր Յովհաննէս Աւետարանի 6-րդ գլուխի 35-րդ համարէն, ուր մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս կ’ըսէ.- «Ես եմ կեանքի հացը։ Ան որ ինծի կու գայ՝ բնաւ պիտի չանօթենայ, եւ ան որ ինծի կը հաւատայ՝ երբեք պիտի չծարաւնայ»։ Ան խօսեցաւ Ս. Սարգիսի, անոր որդւոյն՝ Մարտիրոսի եւ 14 զինակիցներուն մասին, որոնք նախընտրեցին նահատակուիլ յանուն Ոգեղէն Հացին՝ Քրիստոսի։

«Ս. Սարգիս քաջ գիտէր, որ այս երկրաւոր աշխարհը ինչ որ կը պարգեւէ մէզի՝ յագուրդ չի տար հոգիի ծարաւին, այդ իսկ պատճառով ընտրեց կենսատու հացը՝ Քրիստոսը, որուն ապաւինողը բնաւ պիտի չանօթենայ, չծարաւնայ եւ կորստեան պիտի չմատնուի», ըսաւ Առաջնորդ Սրբազանը։

Խօսելով մեր կեանքին մէջ Աստուծոյ ներկայութեամբ ապրելու եւ սուրբերու օրինակին հետեւելու անհրաժեշտութեան մասին, Առաջնորդ Սրբազանը հրաւիրեց ներկաները Ս. Սարգիս Զօրավարի բարեխօսութեան դիմելու, ու անոր հաւատքով առաջնորդուելու, որովհետեւ ան խնդրակատար բարեխօս է մեր Փրկչին մօտ, իբրեւ խնդրանքներ կատարող, աղօթքներ լսող, չարը հալածող եւ նեղութեան մէջ ինկածներու վիշտերը մեղմացնող սուրբ։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր պատգամին մէջ, առաջին հերթին յորդորեց վերանորոգուիլ հաւատքով, հոգիով ու սիրտով, զգետնելով այն ամէնը, որ կը թուլացնեն մեր հաւատքի երթն ու կը վտանգեն մեր հաւաքական կեանքը, յատկապէս յիշեցնելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հայրապետական պատգամը, որ 2017 տարին հռչակած է «Վերանորոգումի Տարի»: Երկրորդ հերթին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շեշտեց Ս. Սարգիս Զօրավարի հաւատքի ու ծառայութեան տիպար օրինակին հետեւելու կարեւորութիւնը, որպէսզի մեր կեանքը Սուրբին օրինակով ի սպաս դնենք Աստուծոյ փառքին, եկեղեցւոյ պայծառութեան ու ազգի շինութեան համար։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, հոգեհանգստեան արարողութեան պահուն, յատուկ յիշատակութեան արժանացան եկեղեցւոյ առաջին հովիւը՝ Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Անդրէասեան, բարերար ընտանիքին ծնողները, Սիսի Հայրենակցական Միութեան ու Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի, Տիկնանց Միութեան հանգուցեալ անդամներ եւ այլ ծառայողներ: Ապա, Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց մատաղի օրհնութիւնը, ննջեցելոց հոգւոյն փրկութեան եւ հաւատացեալներու օրհնութեան եւ բժշկութեան համար:

Արարողութեանց աւարտին, եկեղեցւոյ «Անտոն Անտոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Տիկնանց Միութեան կողմէ կազմակերպուած աւանդական սիրոյ ճաշը: Առաջնորդ Սրբազանին կողքին ներկայ էին Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչը՝ Տիկին Թերէզ Քեմանճեանը, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, գլխաւոր բարերարը եւ ընտանիքը, հովանաւորներ, նուիրատուներ, հոգաբարձութեան անդամներ, երեսփոխաններ եւ այլ հրաւիրեալներ։

Առաջնորդ Սրբազան Հօր սեղանի օրհնութենէն ետք, բարի գալուստի խօսք ուղղեց եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւը: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերարը՝ Տիար Սարգիս Կիտցինեան, որ անհուն ուրախութեամբ շնորհաւորեց օրուան տօնախմբութիւնը։ Այնուհետեւ, գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, կատարողութեամբ եկեղեցւոյ դպրապետին՝ Բարեշնորհ Երուանդ Քէշիշեանի եւ եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերարի թոռներու։

Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր շնորհաւորական, խրախուսական եւ գնահատանքի խօսքերէն ետք, «Պահպանիչ» աղօթքով աւարտին հասաւ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան հանդիսաւոր տօնախմբութիւնը։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022