Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան՝ «Ս. Սարգիսի Օրինակով Հետամուտ Ըլլանք Յաւիտենական Կեանքի Հացին»

Տարիներու աւանդութեան համաձայն, այս տարի եւս, Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ ծխական համայնքը մեծ շուքով ու խանդավառութեամբ նշեց Ս. Սարգիս զօրավարի, անոր որդիին՝ Մարտիրոսի եւ տասնչորս զինակիցներու նահատակութեան եւ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը։

Ուրբաթ, 26 Յունուար 2018-ին, տեղի ունեցաւ աղօրհնէքը եւ մատաղի պատրաստութիւնը։ Իսկ Շաբաթ, 27 Յունուարին, տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն եւ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան նաւակատիքը։

Կիրակի, 28 Յունուարին, Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ մատուցանեց, սուրբին վարքն ու մարտիրոսութիւնը վեր առնող պատգամ մը ուղղեց եւ մատաղի օրհնութիւն կատարեց եկեղեցւոյ մէջ: Ս. Սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան ու սարկաւագաց դասը։

«Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ, պատարագիչ Առաջնորդ Սրբազանը սարկաւագներու թափօրով մուտք գործեց եկեղեցի։ Ներկայ էին Ազգ. Վարչութեան անդամներէն Տիար Աւօ Քէշիշեանն ու Տիկին Թերէզ Քեմանճեան, երեսփոխաններ, հոգաբարձութեան անդամներ, շրջանի կազմակերպութեանց եւ միութեանց ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերարը՝ Տէր եւ Տիկին Սարգիս եւ Սիւզան Կիտցինեան ամոլն ու ընտանիքը։

Պատարագիչ Առաջնորդ Սրբազանը իր հայրական պատգամը ուղղելէ առաջ, ողջոյնի եւ գնահատանքի խօսք ուղղեց եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւին, հոգաբարձութեան անդամներուն, երեսփոխաններուն, Տիկնանց միութեան, դպրաց դասի եւ բոլոր յարակից մարմիններու անդամներուն. ան մասնաւորաբար ողջունեց գլխաւոր բարերար Տէր եւ Տիկին Սարգիս եւ Սիւզան Կիտցինեան ամոլը՝ իրենց անսակարկ նուիրումին եւ եկեղեցւոյ ջահը վառ պահելուն համար: Ան շնորհաւորեց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը՝ անուանակոչութեան տօնին առիթով, նշելով, որ այս տօնակատարութիւնը առիթ եւ հրաւէր է հաղորդուելու տօնին խորհուրդով եւ վերանորոգելու մեր ուխտը Աստուծոյ կամքին հաւատարմութեամբ՝ ջանալով «ապահովել այն կերակուրը որ յաւիտենական կեանքի մէջ կը մնայ» (Յհ. 6։27)

Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամին բնաբան ընտրած էր Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին կողմէ Ս. Սարգիսին ձօնուած շարականին հետեւեալ բառերը. «Գեղեցիկ անուն, բարի, քաղցր ու անուշ պտուղ հաւատացեալներու շրթներուն, գիշեր ու ցերեկ յոյսով կանչուած, ամէն տեղ յիշուած եւ փառաւորուած, գերիները ազատող արագահաս Ս.
buy cialis super force online www.mydentalplace.com/wp-content/themes/twentytwelve/inc/en/cialis-super-force.html no prescription

Սարգիս, Քրիստոսի մօտ բարեխօս եղիր մեզի համար»։ Ան անդրադարձաւ Ս. Սարգիս զօրավարի կեանքին, անոր հաւատքի զօրութեան ու նահատակութեան եւ նշեց, որ «Ս. Սարգիս երկրաւոր կեանքի կորստական կերակուրը չի հետապնդեց, այլ՝ կառչած մնաց յաւիտենական կեանքի մէջ մնացող հացին։ Ս. Սարգիսն ու իր որդին՝ Մարտիրոս, քաջաբար պաշտպանեցին քրիստոնէական հաւատքը, անվախօրէն վկայեցին իրենց հաւատքի մասին եւ նահատակութեան գնով հաւատարիմ մնացին Քրիստոսի։ Անոնք լոյսի, ճշմարտութեան եւ արդարութեան հետեւորդ զինուոր եղան», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը, նշելով, որ Ս. Սարգիս անյաղթելի ախոյեան մըն էր, կը պայքարէր Քրիստոսի փառքին եւ քրիստոնէական լոյս հաւատքի ճշմարտութիւնը տարածելու համար, եւ աշխարհիկ փառքը ոչինչ կը համարէր, «ուստի, երբ այսօր հաւաքուած ենք այս Ս. Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնախմբութեան, մեր աղօթքները բարձրացնենք առ Աստուած, որպէսզի Սուրբին բարեխօսութեամբ պահէ մեզ եւ մեր երկրաւոր կեանքը առաջնորդէ իր կամքին համաձայն», ու իր պատգամը եզրափակեց՝ յորդորելով ներկաները, առաջին՝ երկրաւոր բարիքներուն ու շնորհքներուն գերին չդառնալ, այլ իրենց կեանքը դիւրացնելու եւ առաջնորդելու առաւելութիւններ նկատեն զանոնք, միշտ հետամուտ ըլլալով յաւիտենական կեանքի մէջ մնացող հացին, որովհետեւ յաւիտենականը Աստուծոյ կամքին գործադրութիւնն է այս աշխարհին վրայ։ Երկրորդ՝ յորդորեց Ս. Սարգիսի աննկուն հաւատքը զգենուլ ու աշխարհի չարչարանքներէն եւ տառապանքներէն տոկուն դուրս ելլել։ Երրորդ՝ անվեհեր զինուորները դառնալ քրիստոնէական հաւատքին ու աւանդներուն։

Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը անգամ մը եւս գնահատանքի խօսք ուղղեց եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւին, հոգաբարձութեան անդամներուն, երեսփոխաններուն, Տիկնանց միութեան, դպրաց դասի եւ բոլոր յարակից մարմիններու անդամներուն, եւ շնորհաւորեց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը։

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ ԵՒ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆԷՔ
Ս. Պատարագի աւարտին, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ եկեղեցւոյ անդրանիկ Հոգեւոր Հովիւին՝ Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Անդրէասեանի, գլխաւոր բարերար ամոլի ծնողաց, նախկին հոգաբարձուներուն, երեսփոխաններուն, եկեղեցւոյ ծառայողներուն հոգիներուն եւ առ յաւէտ բաժնուած սիրելիներուն համար։

Ապա տեղի ունեցաւ մատաղի օրհնութիւնը։

Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հանդիսաւոր թափօրով եւ «Ուրախ լեր» շարականին երգեցողութեամբ ուղղուեցաւ դէպի եկեղեցւոյ գաւիթը, ուր «Պահպանիչ»ով օրհնեց հաւատացեալները։ Երգուեցան «Կիլիկիա»ն ու Հայրապետական մաղթերգը։

ՍԻՐՈՅ ՃԱՇ
Պատարագէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանին նախագահութեամբ, «Անտոն Անտոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ սիրոյ ճաշ, ներկայութեամբ Ազգ. Վարչութեան անդամներէն Տիկին Թերէզ Քեմանճեանի, եկեղեցւոյ ծառայողներուն, գլխաւոր բարերարին, երեսփոխաններուն, հոգաբարձութեան անդամներուն եւ Հ.Յ.Դ «Լեռնավայր» կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Տիար Արման Պաղտոյեանի։

Սրբազան Հայրը սեղանի օրհութիւնը կատարեց եւ ներկաները ճաշակեցին պատրաստուած մատաղը։ Արտասանուեցան սրտի խօսքեր։ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան, յանուն եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին, ողջունեց ներկաները եւ երախտագիտութիւն ու շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազանին ու բարերարներուն, մաղթելով, որ բոլորը վայելեն Ս. Սարգիսին բարեխօսութիւնը։ Գլխաւոր բարերարին թոռները հանդէս եկան երգերով։ Հոգաբարձութեան ատենապետ Տիար Գօգօ Փանոսեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց մասնաւորաբար Տիկնանց Միութեան անդամներուն ու եկեղեցւոյ ծառայողներուն։ Խօսք առին Տէր եւ Տիկին Սարգիս եւ Սիւզան Կիտցինեան ամոլը, որոնք շնորհաւորեցին եկեղեցւոյ ընտանիքը։ Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ ծխական շրջանի վաստակաւոր անդամներէն՝ Տիար Սարգիս Տէրվիշեան։ Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան եւ Առաջնորդ Սրբազանին յոբելենական տարուան առթիւ տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում։

Առաջնորդ Սրբազանը արտասանեց եզրափակիչ օրհնութեան խօսքը. ան գնահատեց եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւն ու հոգաբարձութիւնը, Տիկնանց Միութիւնն ու երեսփոխանական կազմը, նշելով, որ տօնակատարութիւնները առիթներ են վերանորոգելու մեր հաւատքն ու ուխտը, եւ նոր աւիւնով ու կորովով լծուելու անսակարկ ծառայութեան։ Ան շնորհաւորեց Սարգիս եւ Մարտիրոս անուն կրողները՝ մանաւանդ Տիար Սարգիս Կիտցինեանը, ապա, օրհնութեան աղօթքով, սիրոյ ճաշը հասաւ իր աւարտին։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022