Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Կազմակերպութեամբ՝ Փասատինայի Հանրային Վարժարաններէ Հայ Շրջանաւարտներու Գնահատանքի Երեկոյ

Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւին ու հոգաբարձութեան կազմակերպութեամբ, Չորեքշաբթի, 16 Մայիս 2018-ի երեկոյեան, շրջանի Հայ Կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ քաղաքի հանրային երկրորդական վարժարաններէ շրջանաւարտ հայ աշակերտներուն գնահատանքի աւանդական հանդիսութիւնը, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի։ Ներկայ էին Ազգ. Վարչութեան անդամներէն Տիկ. Էլօ Պոյաճեան, շրջանի պետական ներկայացուցիչներ, հանրային վարժարաններու վարչական պատասխանատուներ, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ ընտանիքի անդամներ եւ քոյր միութեանց ներկայացուցիչներ, աշակերտներուն ծնողներն ու հարազատներ, բարերարներ ու բարեկամներ։

Երեկոյն սկսաւ օրուան հանդիսավարին՝ Ազգ. Թաւլեան մանկամսուրի վարիչուհի Տիկին Կարին Չուքատարեանի ողջոյնի խօսքով. ամերիկեան ու հայկական քայլերգները կատարեց Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ դպրապետ Երուանդ Սրկ. Քէշիշեան, դաշնակի վրայ ընկերակից ունենալով իր տիկինը՝ Մարիան։

Առաջնորդ Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ, Ս. Սարգիս եկղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան, Վահան Աւ. Քհնյ. Կոստանեան եւ Տ. Խորէն Քհնյ. Պապօշեան կատարեցին բացման աղօթքը։ Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանք արձանագրեց Ս.
buy strattera online healthcoachmichelle.com/wp-content/themes/twentytwentyone/inc/en/strattera.html no prescription

Սարգիս եկեղեցւոյ հովիւին, հոգաբարձութեան ու ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբին, որոնք բարի աւանդութեան վերածած են շրջանաւարտներու գնահատման այս երեկոն, ողջունեց ու գնահատեց Փասատինայի հանրային վարժարաններու պատասխանատուները, ուսուցիչները, ծնողներն ու հովանաւորները, որոնք աշակերտները առաջնորդած են դէպի կեանքի այս հանգրուանը, ցոյց տալով իրենց երազներուն իրականացման ուղին, ներշնչելով հաւատք, յոյս, հետեւողականութիւն եւ կեանքը դրական մօտեցումով ընկալելու կարողութիւն, որպէսզի Աստուծմէ անոնց շնորհուած կարողութիւններն ու իրենց ձեռք բերուած գիտելիքները ի սպաս դնեն անձնական ու մեր ազգային հաւաքական կեանքին։ Ան աշակերտները յորդորեց, որ հզօր կամքով ու յոյսով դիմագրաւեն կեանքի ելեւէջները, վստահին Աստուծոյ եւ ապաւինին Անոր զօրութեան եւ առաջնորդող Ս. Աջին։

Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց, որ մեր երիտասարդները միայն մեր ապագան չեն, այլ նաեւ մեր ներկան. «Վերջին շաբաթներուն, մենք Հայաստանի բեմին վրայ ականատես եղանք մեր երիտասարդութեան գործօն դերակատարութեան՝ նոր ու լուսաւոր հորիզոններու բացման երթին մէջ», ընդգծեց Առաջնորդ Սրբազանը, յիշեցնելով, որ յառաջիկայ օրերուն, ազգովին պիտի տօնենք Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակը. «Թող պատմական այս իրադարձութիւնները ներշնչման աղբիւր ըլլան ձեզի համար, որպէսզի դառնաք գործօն մասնակիցները հայութեան կեանքին ու ձեր կարգին՝ ձեր գործերով դառնաք երիտասարդութեան համար ներշնչումի աղբիւր»։ Ան իր խօսքը եզրափակեց՝ Առաքեալին բառերով յորդորելով աշակերտները, որ խօսքով, վարմունքով, սիրով, հաւատքով ու մաքուր կենցաղով օրինակ ըլլան ուրիշներու։

Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Տիար Գօգօ Փանոսեան արտասանեց շնորհաւորանքի եւ գնահատանքի խօսք մը, շեշտելով, որ ուսանողները կարեւոր դերակատարութիւն ունին մեր համայնքի կեանքին մէջ եւ թէ՝ եկեղեցւոյ դուռները միշտ բաց են անոնց առջեւ, պատրաստ՝ զօրակցելու անոնց քայլերուն։ Ան նաեւ շնորհաւորեց ծնողները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բարերարներուն։

Փասատինայի քաղաքապետական խորհուրդի երկու անդամներ արտասանեցին շնորհաւորանքի խօսքեր. առաջինը՝ Մարկարէթ Մըքօսթին գնահատեց Փասատինայի հաւաքական կեանքին մէջ հայութեան դրական դերակատարութիւնը, իսկ երկրորդը՝ Թայրոն Հէմփթըն, հրաւիրեց աշակերտները հաստատ մնալու իրենց հաւատքին եւ հաւաքական կեանքին մէջ, իրենց կեանքի ամբողջ տեւողութեան։

Ճաշի պահուն, ներկաները վայելեցին հայկական ժողովրդային երաժշտութիւն։

Գլխաւոր բանախօսն էր Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Տիար Րաֆֆի Համբարեան։ Ան վեր առաւ երեք կէտ. սէր, ձախողութիւն եւ յանձնառու նուիրում։ Ան աշակերտներուն թելադրեց ատելութեան ու անհամերաշխութեան մթնոլորտին մէջ ընտրել սիրոյ ուղին, չվախնալ ձախողութիւններէ, ու պայքարիլ ի խնդիր բոլոր այն բաներուն, որոնց կը հաւատան։

Աշակերտները պարգեւներ ստացան, տրամադրուած՝ Տէր եւ Տիկին Սարգիս եւ Նունէ Սեփէթճեանի, Սինթիա եւ Սիլվիա Թոմպուլեանի, Համահայկական Ուսանողական միութեան եւ Ուրֆայի հայրենակցական միութեան կողմէ։

Փասատինայի հանրային վարժարաններու վարչութեան նախագահը՝ Լորընս Թորէզ, շնորհակալութեան խօսք ուղղեց կազմակերպողներուն եւ հիւրերուն, որոնք գուրգուրանք կը ցուցաբերեն երիտասարդութեան հանդէպ եւ անոնց կը ներշնչեն համայնքային պատկանելիութեան կարեւորութիւնը, համոզում յայտնելով, որ մնայուն հետք պիտի ձգեն իրենց կեանքին վրայ։

Եկեղեցւոյ երիտասարդականի անդամները աշակերտներուն յանձնեցին վեց գնահատագիրներ, տրամադրուած՝ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ, Փասատինայի քաղաքապետ Թերի Թորնէքի, խորհրդարանական Ճիւտի Չուի, ծերակուտական Էնթընի Փորթանթինոյի, Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչ Քաթրին Պարկըրի եւ խորհրդարանական Քրիս Հոլտընի կողմէ։ Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ Ս. Սարգիս եկղեցւոյ հոգեւոր հովիւին աղօթքով ու հանդիսավարին հրաժեշտի խօսքով։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022