Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնակատարութիւն

Կիրակի, 17 Փետրուար 2019-ին, Ս. Սարգիսի տօնին եւ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ մատուցանեց, սուրբին վարքն ու մարտիրոսութիւնը վեր առնող պատգամ մը ուղղեց եւ մատաղի օրհնութիւն կատարեց Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ: Ս. Սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան ու սարկաւագաց դասը։ Ներկայ էին Ազգ. Վարչութեան անդամներէն Տիար Աւօ Քէշիշեան եւ Տիկին Էլիզապէթ Պոյաճեան, երեսփոխաններ, հոգաբարձութեան անդամներ, շրջանի կազմակերպութեանց եւ միութեանց ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերարը՝ Տէր եւ Տիկին Սարգիս եւ Սիւզան Կիտցինեան ամոլն ու ընտանիքի անդամները։

Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամին բնաբանը ունէր օրուան աւետարանէն քաղուած համարները որ հաւատացեալը կը յորդորէ «փոխանակ կորստական ուտելիքը փնտռելու, ջանացէք ապահովել այն կերակուրը, որ յաւիտենական կեանքի մէջ կը մնայ…ես եմ կեանքի հացը։ Ան, որ ինծի կու գայ, բնաւ պիտի չանօթենայ եւ ան որ ինծի հաւատայ՝ երբեք պիտի չծարաւնայ»։ Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ մեր Տէրը մեզ կը յորդորէ հետամուտ ըլլալու յաւիտենական կեանք ապահովող սնունդին որ մեր հոգին պիտի զօրացնէ եւ յագեցնէ, մեր միտքը պիտի լուսաւորէ Աստուծոյ խօսքերու ճառագայթով, այն հացը, որ երբեք չի վերջանար այլ յաւիտենական կեանքի մէջ կը մնայ մեզի համար, բոլորս արժանի դարձնելով երկնքի արքայութեան«։ Շարունակելով՝ Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց, որ աշակերտները Քրիստոսի ուսուցումներուն հաւատարիմ մնացին, ի գին նահատակութեան։ Անոնք ապահովեցին յաւիտենական կեանքի սնունդը, որ զիրենք զօրացուց՝ հակառակ իրենց կրած չարչարանքներուն, տառապանքներուն եւ տագնապներուն։ Ս. Սարգիս եւ իր զինակիցներն ալ հոգեպէս զօրացան եւ գօտեպնդուեցան, արհամարհեցին երկրային պատիւներ եւ դիրքեր, որովհետեւ կը ցանկային երկնային արդարութեան պսակը, որուն արժանացան՝ երբ հաւատքով նահատակուեցան։

«Այսօրուան աւետարանական հատուածը այս պատգամը ունի, եւ կը համապատասխանէ այս եկեղեցւոյ բարեխօս սուրբին, որ մեր հաւատացեալներուն բարեխօս սուրբն է, Քրիստոսի քաջ զինուորը, որ առաքեալներու հաւատքին զէնքով զինուած, յանձն առաւ նահատակութիւն եւ արժանի եղաւ արդարութեան պսակին», ընդգծեց Սրբազան հայրը, անդրադառնալով Սուրբին կեանքին ու անկէ մեզի հասնող պատգամներուն։ Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը յիշեցուց, որ Ս. Սարգիսը բարեպաշտներու փափաքները կատարող Սուրբն է, սիրուած է մասնաւորաբար երիտասարդներուն կողմէ. ան օրհնեց երիտասարդները, աղօթելով, որ անոնց ուխտերը իրականանան, եւ մաղթեց, որ «բոլորս վերանորոգենք մեր ուխտը, զօրանանք եւ ամրապնդենք մեր հաւատքը, որպէսզի մենք ալ արժանի ըլլանք ժառանգելու յաւիտենական կեանքը»։

Ս. Պատարագի աւարտին, տեղի ունեցաւ մատաղօրհնէք եւ հոգեհանգստեան պաշտօն, եկեղեցւոյ առաջին հոգեւոր հովիւին՝ Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Անդրէասեանի, եկեղեցւոյ ծառայած բոլոր նուիրեալներուն, հոգաբարձուներուն, տիկնանց միութեան եւ բարերարներու հոգիներուն համար։

Արարողութիւնը վերջ գտաւ «Կիլիկիա»ի եւ Հայրապետական մաղթանքի երգեցողութեամբ։

ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ

Տօնական օրուան առիթով, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնն ու Տիկնանց միութիւնը կազմակերպած էին սիրոյ ճաշ մը, որ տեղի ունեցաւ Փասատինայի «Յովհաննէս եւ Հռիփսիմէ Ճիվելէկեան երիտասարդական կեդրոնին» մէջ, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Առաջնորդ Սրբազանին. ներկայ էին Ազգ. Վարչութեան, ժողովականութեան, միութենական ներկայացուցիչներ եւ եկեղեցւոյ բարերար ընտանիքի անդամները։

Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը։ Բարի գալուստի խօսք արտասանեց հոգաբարձութեան ատենապետ Տիար Գօգօ Փանոսեան, շնորհաւորելով ներկաներէն բոլոր անոնք, որոնք Սարգիս եւ Մարտիրոս կը կոչուին, նաեւ շնորհակալութիւն յայտնելով մատաղի հովանաւորներուն եւ Տիկնանց Միութեան՝ մատաղի պատրաստութեան համար։

Ճաշի պահուն, ներկաները վայելեցին եկեղեցւոյ բարերար Տէր եւ Տիկին Սարգիս եւ Սուզան Կիտցինեան ամոլի թոռներուն շնորհալի կատարումները, ինչպէս նաեւ Եկեղեցւոյ դպրապետ՝ Երուանդ Սրկ. Քէշիշեանի եւ դպրաց դասի անդամներու ելոյթները։

Խօսք առաւ եկեղեցւոյ hոգեւոր հովիւը եւ երախտագիտութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, որ հետեւողական կերպով նեցուկ կը կանգնի, կը հովանաւորէ եւ կը պատարագէ Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն մասնակցութեան, քաջալերանքին եւ զօրակցութեան համար։

ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ ԼԵՌՆԱԳՆԱՑ ԱՐԱ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ

Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը անգամ մը եւս յորդոր ուղղեց հետեւելու Ս. Սարգիսի օրինակին, շեշտելով երկնաւոր հացով սնանելու եւ անանձնական սիրով ծառայելու անհրաժեշտութիւնը։ Ան գնահատանք արձանագրեց հոգեւոր հովիւին, հոգաբարձութեան, Տիկնանց Միութեան, բոլոր հովանաւորներուն ու նուիրատուներուն, յատկապէս Կիտցինեան ընտանիքին նուիրաբերումին համար։ Ան նաեւ ողջունեց ներկայութիւնը լեռնագնաց Արա Խաչատուրեանի, որ քանի մը ամիս առաջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ս. Կաթողիկոսի ձեռամբ արժանացած էր «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին։

Ծանօթ է, որ Տիար Խաչատուրեան մագլցած էր Էվերէսթ լեռը, հետը ունենալով Աւետարանը եւ հոն զետեղած էր Հայկական եռագոյնը, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով վազելով կտրած էր Մարսէյէն Երեւան տարածութիւնը։ Առաջնորդ Սրբազանը օրհնեց Տիար Խաչատուրեանը, որ իր «հաւատքով ու կամքով յաղթահարել մարտահրաւէրները» նշանաբանով առաջնորդուած եւ նուաճած էր անհաս բարձունքներ եւ յարատեւութիւն մաղթելով՝ «Հայր Մեր» աղօթքի արձանագրութեամբ յուշանուէր մը յանձնեց Տիար Խաչատուրեանին, որ իր կարգին, շնորհակալութիւն յայտնելով բարի մաղթանքներուն համար՝ Էվերէսթի գագաթին իր ունեցած լուսանկարէն օրինակ մը նուիրեց Սրբազան Հօր։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022