Տարեցներու Տարուան Առթիւ Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Պատանեաց Խմբակը Այցելեց Eagle Rock-ի Արարատ Տունը


Երեքշաբթի, 23 Դեկտեմբեր 2014ին, Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Պատանեաց Խմբակի անդամները, իրենց պատասխանատուներուն առաջնորդութեամբ, այցելեցին Eagle Rock-ի Արարատ Տուն հաստատութիւնը, ուր պատսպարեալ հայ տարեցներուն համար իրագործուեցաւ տօնական մթնոլորտով գեղեցիկ գեղարուեստական յայտագիր մը։

Պատանեաց Խմբակի իւրայատուկ այս այցելութեան առիթով իրենց միացած էին Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան, Ազգային Վարչութեան անդամ Տիկին Թերեզ Քէմանճեան, Հոգաբարձութեան ներկայացուցիչ Տիար Յովիկ Օհանեան, եւ Տիկնանց Միութեան ատենապետուհի Տիկին Մարօ Մուճուքեան եւ անդամ Տիկին Թալին Փանոսեան։

Պատանեացի անդամները հոգեւոր հովիւին հետ նախ այցելեցին հիւանդանոցի բաժինի տարեցներուն սենեակները, անոնց հետ զրոյցներ ունենալով աղօթեցին միասնաբար եւ լսեցին անոնց խնդակցութիւնները։ Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօնի առթիւ տարեցներուն բաշխուեցան յատուկ աղօթագիրքեր ու Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ պարբերաթերթեր։

Այցելութեան երկրորդ բաժինով, Պատանեացի պատասխանատու Երէցկին Նազիկ Պալթայեանի ղեկավարութեամբ, հաստատութեան սրահէն ներս պատանիները ներկայայուցին գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը։ Բացման աղօթքը կատարեց հոգեւոր հովիւը։ Ան անդրադարձաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրեպետի “Տարեցներու Տարուան” պատգամին, ապա բարեմաղթութիւններ ըրաւ բոլոր տարեցներուն։

Գեղարուեստական յայտագիրը կ՛ընդգրկէր Ս. Ծննդեան տօնի շարականներ, հոգեւոր երգեր, սաղմոսներ, ասմունքներ, ազգային երգեր ու երաժշտական հատուածներու նուագներ՝ ջութակի ու դաշնամուրի ընկերակցութեամբ։ Աւարտին, մթնոլորտը աւելի ճոխացաւ երբ պատանիները պարեցին հայկական շուրջպար մը։ Երեք պատանիներ սրտաբուխ խօսքեր ու բարեմաղթութիւններ ուղղեցին տարեցներուն. պատսպարեալները փոխադարձաբար առողջ, օրհնաբեր եւ հայավայել կեանք մաղթեցին պատանիներուն ու հիւրերուն, եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին։

Տէր Հօր “Պահպանիչ” աղօթքով փակուեցաւ օրուան այցելութիւնը։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022