Առաջնորդ Սրբազան Հօր Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան Ընթրիքի Երեկոն Լիակատար Նոր Նուաճում Մը Եղաւ Առաջնորդարանի Տարեգրութեանց Մէջ


Տասնամեակներու բարի աւանդութիւն է, որ մեր Թեմի ծխական շրջաններու եւ հայկական միաւորներու ներկայացուցիչները Ս. Ծնունդը տօնակատարեն հաւաքաբար, նոյն յարկին տակ համախմբուելով Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան Ընթրիքին առիթով, բարեմաղթութիւններ փոխանակելու եւ վերանորոգ ուխտով սկսելու նոր տարուան երթը: Տօնական ճաշկերոյթին ներկայ կ’ըլլան նաեւ դիւանանագիտական ներկայացուցիչներ եւ Ազգ. Առաջնորդարանի բարերարներն ու բարեկամներ:

Աւանդաբար, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի «Բաղրամեան» սրահին մէջ, նախաձեռնութեամբ Կրօնական Ժողովին ու Ազգ. Վարչութեան, ու կազմակերպութեամբ Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինին կայացող ընթրիքի երեկոն, Չորեքշաբթի, 6 Յունուար 2016ին, այս տարի պարուրուած էր աննախընթաց եւ անկրկնելի խորհուրդով մը, որ կը մարմնաւորէր Ցեղասպանութեան 100ամեակի կտակն ու մեր պահանջատիրութեան երթը աննահանջ պահելու, զայն բոլորանուէր ծառայութեամբ կենսաւորելու յանձնառութիւնը: Աւելի քան 500 տօնակատարողներու կողքին ներկայ էին Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի հիւպատոսարանի խորհրդական Ռազմիկ Ստեփանեան եւ հիւպատոս Արմելա Շաքարեան, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տիար Խաժակ Տիքիճեան, Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան եւ անդամներ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի, ՀՕՄի, Համազգայինի եւ հայկական այլ միաւորներու եւ մամուլի ներկայացուցիչներ, ծխական շրջաններու ժողովականութեան ներկայացուցիչներ, բարերարներ ու բարեկամներ, որոնց շարքին՝ «Ֆորէսթ Լոն» հաստատութեան եւ Կլենտէյլի «Մեմորիըլ» հիւանդանոցի ներկայացուցիչները: Մէկ խօսքով, Ազգ. Առաջնորդարանի մեծ ընտանիքին անդամներուն ներկայութիւնը եղաւ գրաւականը ընթրիքի երեկոյին կատարեալ յաջողութեան, թէ՛ բարոյական եւ թէ նիւթական առումով:

Յայտնենք, որ այս տարուան ընթրիքին հիւրընկալն էր Տէր եւ Տիկին Կայծակ եւ Անահիտ Օհաննէսեան ամոլը (որ առողջական պատճառներով ներկայ չկրցաւ ըլլալ):

Մթնոլորտը եւ մարմնաւորուած խորհուրդը աննախընթաց էր, նկատի ունենալով, որ երեկոյի առաջին իսկ պահէն՝ մեր սրբադասեալ նահատակներուն ոգին ու անոնց զոհաբերութեամբ ամրագրուած պատգամը ներկայութիւն էին սրահին ու բոլորի հոգիներուն մէջ: Սրահի յառաջամասին, ինչպէս միշտ, զետեղուած էր Մսուրին մանրակերտը, որուն կողքին, շարուած էին ճաճանչաւոր 12 խաչերը, որոնք կը պարփակեն մեր նահատակներուն Տէր Զօրէն բերուած մասունքները. ինչպէս ծանօթ է, այդ խաչերը 8 Դեկտեմբեր 2015ին յատուկ արարողութեամբ մը օրհնուած եւ օծուած էին Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ Առաջնորդ Սրբազանին:

Պաշտօնական յայտագիրը վարեցին Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան եւ Արժ. Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեան:

Բացման խօսքը արտասանեց եւ ներկայացուցչական դէմքերուն ու ներկաներուն ողջոյնի խօսք ուղղեց Հայր Պօղոս, որ նշեց, թէ աւանդական ընթրիքի այս երեկոն ահաւասիկ աւելի 20 տարիէ ի վեր կը համախմբէ Ազգ. Առաջնորդարանի մեծ ընտանիքը. այս տարուան ձեռնարկը յատուկ խորհուրդ մը կը զգենու, որովհետեւ անցեալ տարուան ընթացքին ազգովին նշեցինք Ցեղասպանութեան 100ամեակը, մեր Թեմը եւս յատկանշական վերելք արձանագրեց եւ արդէն հաստատ քայլերով մուտք գործած ենք նոր տարի մը, որ պիտի ըլլայ ամրագրուած երթը վերանորոգ կամքով շարունակելու մեկնակէտ: Ան Ս. Ծննդեան տօնին առիթով շնորհաւորեց բոլորը եւ մաղթեց, որ բոլորս ըլլանք քրիստոնէական մեր հաւատքի տարածիչ փարոսներ:

Ապա, Առաջնորդ Սրբազանը եւ հոգեւորականաց դասու անդամները, մոմեր ի ձեռին, թափօրով սրահ մուտք գործեցին Ս. Ծննդեան շարականներով. Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան ընթերցեց Յիսուսի Ս. Ծնունդի մասին Աւետարանի հատուածը, որուն յաջորդեց թաթախի արարողութիւնը: Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց սեղանի օրհնութիւնը. ներկաները վայելեցին ընթրիքը, որուն ընթացքին կիրարկուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը. Ս. Ծննդեան տօնին յատուկ երգեր մատուցեց երգչուհի Էլինա Աւանէսեան, իսկ Կրէկ Հօշարեան եւ իր նուագախումբը մթնոլորտը ծաղկեցուց հայկական երգերով: Յայտնենք, որ յայտագիրին սկսումէն առաջ, սրահ ժամանողները վայելեցին ջութակահար Ալէնի նուագները:

Պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հայրապետական պատգամն ու բարեմաղթութեան խօսքը: Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով մեր թեմի զաւակները ողջունելով՝ Վեհափառ Հայրապետը կանգ կ’առնէր այն հրաւէրին առջեւ, որ Քրիստոսի մարդեղութեամբ ու աշխարհ առաքելութեան խորհուրդներով ուղղուած է քրիստոնեայ մարդուն, որպէսզի վերանորոգէ իր անհատական ու հաւաքական կեանքը, հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներով տոգորուած՝ լծուի վերակազմակերպման, այն տեսլականով, որ ինքնաբաւութիւնը հիմ ծառայէ զարգացման ու բարգաւաճման: Վեհափառ Հայրապետը կը նշէր, որ ինքնագնահատումի եւ ինքնաքննարկումի ճամբով, պարտինք հարց տալ, թէ ի՞նչ է մեր առաքելութիւնն ու նպատակը, ինչպէ՞ս քայլ պահել աշխարհի նորութիւններուն հետ ու բացուիլ անոնց, իսկ այս ծիրին մէջ, մեր երիտասարդութիւնն ու նոր սերունդը ունի հիմնական դեր, որպէսզի մեր աշխատանքի դաշտերը օժտուին նոր տեսլականներով ու բացուին նոր հորիզոններու: Նորին Սրբութիւնը իր պատգամը կ’եզրափակէր կոչ ուղղելով, որ նոր տարուան հետ, նոր յանձնառութեամբ լծուինք մեր ծառայական դաշտերուն մէջ մեզի վիճակուած առաքելութեան, եւ կ’օրհնէր Առաջնորդ Սրբազանը, Ազգ. Իշխանութիւններն ու բոլոր ծառայողները:

Երեկոյի կազմակերպիչ Մարմինին անունով ողջոյնի ու բարեմաղթութեան խօսք արտասանեց Տիկին Դինա Գասպարեան: Ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեան եւ Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցիչ Տիար Ռազմիկ Ստեփանեան:

Տիար Վահէ Յովակիմեան կանգ առաւ երեկոյին ստեղծած բարի աւանդութեան վրայ ու շեշտեց, որ 2016 տարին թեւակոխած ենք Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով համայն հայութեան իրագործումներուն գօտեպնդումով, շարունակելու համար մեր նահատակներու կտակին ու մեր իրաւունքներուն հաւատարմութեան երթը:

Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցիչ Տիար Ռազմիկ Ստեփանեան Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով ողջունեց բոլորը եւ ընդգծեց, որ նոր տարի կը նշանակէ նոր յոյս եւ նոր ծրագիրներ: Ան նկատեց, որ Ս. Ծնունդի խորհուրդը հրաւէր մըն է սիրով ու եղբայրական զգացումներով գործելու իբրեւ Աստուծոյ զաւակները, անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ Ցեղասպանութեան 100ամեակի տարին կերտուեցաւ միասնական ու աննախընթաց ճիգերով, եւ վստահութիւն յայտնեց, որ 2016ը եւս պիտի կերտուի հաւաքական ու աննահանջ կամքով, մանաւանդ, որ այս տարին Հայաստանի վերականախացման 25րդ տարեդարձն է: Այս ծիրին մէջ, ան կարեւորութեամբ կանգ առաւ Հայաստան-Սփիւռք սերտ գործակցութեան կարեւորութեան վրայ եւ իր խօսքը աւարտեց շնորհաւորելով բոլորը:

Արժ. Տ. Վազգէն Աւ. Քահանայ արտասանեց ողջոյնի ու երախտագիտութեան խօսք: Ան հակիրճ կերպով անդրադարձաւ Ազգ. Առաջնորդարանին կողմէ եւ ուղեկից գիծերու վրայ աւարտող տարուան ընթացքին տեղի ունեցած իրագործումներուն, ընդգծելով, որ արձանագրուած յաջողութեանց մասնակից են ազգային այս հաստատութեան հովանիին տակ գործող բոլոր միաւորները, ինչպէս նաեւ բարերարներն ու հովանաւորները, որոնց ուղղեց շնորհակալութեան խօսք, յատկապէս բարերարներ Հէնրի Խաչատուրեանի, Տիկին Թինա Քարոլանի, «Ֆորէսթ Լոն» հաստատութեան, Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Միութեան, եւ Տէր եւ Տիկին Սարգիս եւ Նունէ Սեփէթճեանի, որոնք երեկոյին գլխաւոր նուիրատուներն էին։

Ցուցադրուեցաւ բաժին մը 8 Դեկտեմբերի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած արարողութենէն: Այնուհետեւ, պարուսոյց Լիլիա Մարգարեանի սաները ներկայացուցին պարային պատկերներ:

Իր պատգամը ուղղելու համար Առաջնորդ Սրբազանը բեմ հրաւիրելէ առաջ, Հայր Պօղոս անդրադարձաւ, որ 2016 տարին կոչուած է ըլլալու ծառայութեան տարի. ան խօսեցաւ եկեղեցւոյ ու ազգի ծառայութեան ասպարէզներուն նուիրուելու անհրաժեշտութեան մասին, կանգ առնելով Առաջնորդ Սրբազանին վաստակին ու ծառայական կեանքին առջեւ:

Պաշտօնական յայտագիրին փակման իր պատգամը ուղղեց Առաջնորդ Սրբազանը: Ան առաջին հերթին փառք տուաւ Աստուծոյ, նոր տարի մը եւ Ս. Ծննդեան խորհուրդով պարուրուած բարիքներուն համար: Ան գնահատանքով արտայայտուեցաւ երկու հանդիսավար հոգեւոր հայրերուն, եւ շնորհաւորեց Հայր Պօղոսը, որ Դեկտեմբերին ուսման շրջանը աւարտեց Fuller Theological Seminary-էն ներս եւ արժանացաւ Մագիստրոսի վկայականին: Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ ցաւով անդրադարձաւ, որ վերջին քանի մը շաբաթներուն, Ազգ. Առաջնորդարանի ընտանիքը ունեցաւ անակնկալ կորուստներ, որոնք ցաւ պատճառեցին բոլորիս. կորուստներուն շարքին էր Ազգ. Վարչութեան անդամներէն Տիար Վահրիճ Փիլաւճեան:

Շարունակելով իր պատգամը, Առաջնորդ Սրբազանը շնորհակալութեան ու երախտագիտութեան խօսք ուղղեց Վեհափառ Հայրապետին, որ ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս իր հայրապետական պատգամով ներկայութիւն եղաւ այս երեկոյին, նաեւ յարատեւօրէն ուղեցոյց կը կանգնի մեր աշխատանքի դաշտերուն համար: Առաջնորդ Սրբազանը կանգ առաւ այն իրողութեան առջեւ, որ Վեհափառ Հայրապետը 2016ը հռչակած է Ծառայութեան Տարի ու մեզ կը հրաւիրէ վերանորոգ յանձնառութեամբ եւ կամքով շարունակելու մեր եկեղեցւոյ, ազգին ու հայրենիքին ծառայելու առաքելութիւնը: Ան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց ընթրիքի այս երեկոյին հրաւէրին բոլոր ընդառաջողներուն, Ազգ. Առաջնորդարանի բարերարներուն ու մասնաւորաբար Տէր եւ Տիկին Կայծակ եւ Անահիտ Օհաննէսեան ամոլին, որ սիրայօժար յանձն առած էր հիւրընկալել ձեռնարկը:

Անդրադառնալով երեկոն սկզբնաւորող խորհրդաւոր արարողութեան, Առաջնորդ Սրբազանը ըսաւ. «Ս. Ծննդեան ընթրիքի մեր աւանդական երեկոն այս տարի բոլորովին տարբեր եւ իւրայատուկ մթնոլորտի մը տեղի կ’ունենայ, որովհետեւ, ինչպէս տեսաք, այս սեղանին վրայ տեղադրուած են մեր սրբադասեալ նահատակներուն մասունքները ընդգրկող խաչերը, որոնք յատուկ խորհուրդ մը կը թելադրեն մեզի եւ այսուհետեւ մշտական ներկայութիւն պիտի ըլլան մեր կեանքին մէջ, իբրեւ բարեխօս եւ ներշնչարան բոլորիս, որպէսզի Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով մեր հռչակած «Կը յիշեմ ու կը պահանջեմ» նշանաբանը չմնայ խօսքի սահմաններուն մէջ, ոչ ալ 2015 տարուան հետ երթայ միանալու անցեալին»: Ան մաղթեց, որ այս ընթրիքի երեկոն ըլլայ առիթ մը վերանորոգելու մեր ուխտն ու յանձնառութիւնը՝ աննահանջ կերպով շարունակելու համար Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով ամրագրուած մեր երթը: Ան յիշեցուց, որ Ցեղասպանութեան 100ամեակը պատմական հանգրուան մը եղաւ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ, առիթ ծառայեց ուժգնօրէն տարածելու մեր պահանջատիրութիւնը եւ մղում տալու մեր յաջորդ քայլերուն: Ան մասնաւորաբար նշեց, որ «անմոռանալի պիտի մնան 100ամեակը խորհրդանշող գլխաւոր հանգրուանները, յատկապէս Կիլիկիան Ս. Աթոռի եւ Ս. Էջմիածինի մէջ տեղի ունեցած Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան արարողութիւնները, Վատիկանի մէջ Ֆրանսիս Պապին մատուցած Ս. Պատարագը, Ապրիլ 24ի օրերուն, Ցեղասպանին ահաւոր ոճիրին զոհ գացած մեր նահատակներուն սրբադասումն ու Ծիծեռնակաբերդի մէջ պետական դէմքերու հաւաքը, միջ-եկեղեցական արարողութիւններն ու բազմաթիւ յուշակոթողներու կանգնումը, պահանջատիրական հսկայածաւալ քայլարշաւը Լոս Անճելըսի մէջ, մշակութային հանդիսութիւններ ու ձեռնարկներ, որոնց շարքին՝ Ուաշինկթընի մէջ, մեր եկեղեցւոյ երկու Վեհափառ Հայրապետներուն այցելութեան հանգրուանը»:

Խօսելով Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով մեր Թեմի եւ Ազգ. Առաջնորդարանի նախաձեռնութիւններուն, Առաջնորդ Սրբազանը հակիրճ կերպով անդրադարձաւ տարուան ընթացքին կազմակերպուած արարողութեանց, հանդիսութիւններուն եւ աշակերտական ձեռնարկներուն, կանգ առնելով Ազգ. Առաջնորդարանի շրջափակին մէջ սրբադասեալ նահատակները մշտական ներկայութեան վերածող նորագոյն ծրագիրին առջեւ. ան յայտնեց, որ Ազգ. Առաջնորդարանի պարտէզին մէջ կանգնեցաւ յուշապատ մը, որուն վրայ պիտի դրուին Ծիծեռնակաբերդի եւ Պիքֆայայի յուշակոթողներուն քանդակները, իբրեւ խորհրդանիշ՝ Հայաստան-Սփիւռք անքակտելի կապերուն եւ Դատի միասնութեան: Ապրիլին, պարտէզին մէջ կանգնած էր նաեւ Կոմիտաս Վարդապետի մէկ քանդակը, իբրեւ խորհրդանիշ՝ հայութեան մշակութային կորուստին: Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազանը շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Տէր եւ Տիկին Օսկօ եւ Երան Կիրակոսեան բարերար ամոլին, որ իշխանական նուիրատուութեամբ մը յանձն առաւ յուշակոթողներու քանդակը ընդգրկող յուշապատին, ինչպէս նաեւ նահատակներու մասունքները պարփակող խաչերուն հովանաւորումը, ի շարս այլ բարերարութեանց: Շնորհակալութեան յատուկ խօսք՝ նաեւ «Ֆորէսթ Լոն» հաստատութեան, գլխաւորութեամբ նախագահ Տիար Տէրըն Տրէպինկի, որ պատկառելի նուիրատուութիւն մը կատարեց Ազգ. Առաջնորդարանի «Բարի Սամարացի» հիմնադրամին, ձեռնարկի տարեկան հովանաւորութեան կողքին: Առաջնորդ Սրբազանը գոհունակութեամբ յայտնեց նաեւ, թէ Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ ճիգերով եւ եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերար Լէրի Պարնզի կտակին համաձայն, 100,000 տոլարի գումարով մը նոր հիմնադրամ մը հաստատուեցաւ Ազգ. Առաջնորդարանիս մօտ, որ կը կրէ «Լէրի եւ Սեդա Տէր Կարապետեան-Պարնզ Յիշատակի Հիմնադրամ» անունը:

«2015 տարուան իւրայատուկ ժառանգութիւններէն մէկն ալ, շարունակեց Առաջնորդ Սրբազանը, բացումն է պահանջատիրական նոր ուղիի մը. Վեհափառ Հայրապետին տնօրինումով, Թուրքիոյ պետութեան դէմ դատական հարց յարուցուած է, վերատիրանալու համար Սիսի պատմական աթոռի կալուածներուն: Այս քայլը հայութեան պահանջատիրութիւնը կը փոխադրէ իրաւական դաշտ: Գոհունակ սրտով կը յայտնենք, թէ Թուրքիոյ դէմ դատական հետապնդումի աշխատանքներէն բխող նիւթական պարտաւորութիւններուն մասնակից է նաեւ մեր Թեմը, ինչպէս որ անցեալ հանգրուաններուն մասնակցութիւն ունեցանք Ցեղասպանութեան 100ամեակի կամ այլ յիշատակումի նախաձեռնութիւններուն»: Ան յիշեցուց որ Ազգ. Առաջնորդարանը մասնակից եղաւ մեր երկու Վեհափառ Հայրապետներուն Ուաշինկթըն այցելութեան իրագործումներուն, մասնակից է Կլենտէյլի մէջ թանգարանի մը կառուցման ծրագիրին, որ պիտի ծառայէ մեր Դատին լայն զանգուածներու ծանօթացման:

Առաջնորդ Սրբազանը ապա կարեւորութեամբ կանգ առաւ 2016 տարին Ծառայութեան Տարի հռչակող Վեհափառ Հայրապետի ազնիւ մարտահրաւէրին առջեւ, շեշտելով, որ «նոր տարին կը դիմաւորենք նոր յոյսերով, սակայն նաեւ նոր յանձնառութիւններու սպասումով: Վեհափառ Հայրապետին պատգամը ուղղուած է իւրաքանչիւր հայու, ո՛ւր որ ալ գտնուի ան, ի՛նչ ասպարէզի մէջ ալ որ գործէ: Հայրապետական պատգամը հրաւէր մըն է, աւելի՛ն, ազնիւ մարտահրաւէր մըն է բոլորիս, որպէսզի անսակարկ նուիրումով լծուինք մեր եկեղեցւոյ ու ազգի ծառայութեան, որուն աշխատանքի դաշտերը բազմաթիւ են ու կ’ընդարձակուին տարուէ տարի: Վեհափառ Հայրապետը մեզ կը հրաւիրէ շէնցնելու մեր եկեղեցիները: 2015 տարուան ընթացքին, մենք արդէն յաւելեալ ծառայութեան արժէքին անդրադարձանք բազմիցս, երբ մեր եկեղեցիներն ու դպրոցները նշեցին յոբելենական հանգրուաններ: Օ՛ն ուրեմն, վերանորոգ խանդով ու յանձնառութեամբ լծուինք մեր ժողովուրդի ծառայութեան, հայ պատանին ու երիտասարդը տոգորենք քրիստոնէական արժէքներով ու առաքինութիւններով: Շէնցնենք Հայ Դպրոցը, նոր լիցք ներարկենք հայեցի կրթութեան աշխատանքին: Նոյն մօտեցումով ըլլանք սերմնացանները Կիրակնօրեայ Դպրոցին, որ այս տարի տօնեց իր 85րդ տարեդարձը: Ուրախ ենք, որ այս աշխատանքին լծուած են մեր հոգեւորականաց դասը, Ազգային Վարչութիւնը, Ազգ. երեսփոխանները, յանձնախումբերը, Տիկնանց Օժանդակ Մարմինը, անձնակազմը եւ գործակից միաւորները: Ուրախութեան յաւելեալ առիթ է, որ մեր Թեմի ծառայական դաշտին մէջ պիտի ունենանք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբանութեան երկու երիտասարդ անդամներ. Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշըգեան պիտի ծառայէ Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ ծխական համայնքին, իսկ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնեզեան պիտի ծառայէ Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ ծխական ընտանիքին: Անոնք շուտով պիտի հասնին մեր Թեմը»: Ան շարունակեց ընդգծելով, որ իբրեւ Աստուծոյ ու նոյն ժողովուրդի զաւակները, մենք պատրաւորութիւնը ունինք ծառայելու նաեւ մեր հայրենիքին ու մասնաւորաբար Սուրիոյ տագնապին հետեւանքով տառապող մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն, օժանդակութեան ձեռք երկարելու մեզի նմաններուն: «Բախտաւոր ենք, որ մեր եկեղեցիներուն ու միութեանց շուրջ խմբուած են բազմաթիւ ծառայողներ ու կամաւոր աշխատողներ, որոնց հետ գործակցաբար պիտի արձանագրենք նոր նուաճումներ: Շնորհակալութիւն բոլորին», աւելցուց ան:

Առաջնորդ Սրբազանը իր խօսքը եզրափակեց յիշելով անցեալ տարուան ընթացքին մեզմէ անդարձ բաժնուող գործակիցները եւ հարազատները եւ աւելցուց. «Թող այս տօնին ջերմութիւնը մեր սիրտերուն ու կեանքերուն տիրապետէ տարուան բոլոր օրերուն: Թող 2016 տարին մեր Թեմի զաւակներուն, ողջ հայութեան ու մեր հայրենիքին համար ըլլայ բարի տարի, արդիւնաբեր աշխատանքի նոր շրջան մը, խաղաղութիւն բերէ աշխարհին ու մասնաւորաբար տագնապահար շրջաններուն, եւ թող Յիսուս Մանուկի Ս. Ծնունդին խորհուրդներէն բխող պատգամները լուսաւորեն մարդկութեան երկնակամարը, եւ մենք ալ, հրեշտակներուն պէս, կարենանք ամէն օր երգել.- «Փառք ի բարձունս Աստուծոյ, եւ յերկիր խաղաղութիւն, ի մարդիկ հաճութիւն»:

Երեկոյի աւարտին, ինչպէս յայտարարուած էր, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, խաչերու կնքահայր Կիրակոսեան ամոլին ներկայութեան իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ հովիւին եւ հոգաբարձութեան ներկայացուցիչին յանձնեց ճաճանչաւոր խաչ մը: Երեկոն վերջ գտաւ Առաջնորդ Սրբազանին «Պահպանիչ»ով, «Կիլիկիա»ի եւ Հայրապետական Մաղթանքի խմբերգումով: Ներկաները պահ մը մնացին սրահին մէջ, ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով բարեմաղթութիւններ փոխանակեցին եւ ունեցան հաճելի զրոյց:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022