Երիտասարդական Խտացեալ Դասընթացքը Ընթացք Առաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իր յարկին տակ կը հիւրընկալէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու զանազան քաղաքներու համալսարաններրուն մէջ ուսանող շուրջ 20 երիտասարդներ (Ա.Մ.Ն. արեւմտեան թեմ 4 հոգի, Ա.Մ.Ն. արեւելեան թեմ 12 հոգի, Քանատայի թեմ 1 հոգի), որոնք կը հետեւին երկու շաբթուան վրայ երկարող խտացեալ դասընթացքի մը, որ կ’ընդգրկէ Աստուածաշունչի, հայ եկեղեցւոյ պատմութեան, միջ-եկեղեցական, քրիստոնեայ-իսլամ յարաբերութեան, հայ դատի եւ ընկերաբարոյական մարզերուն առնչուած նիւթեր։ Արեւմտեան մեր Թեմէն կը մասնակցին չորս երիտասարդներ, ուրարակիրներ՝ Կէրի Մարգարեան (Ս. Նահատակաց եկեղեցի, Էնսինօ), Վարդան Պալթայեան (Ս. Սարգիս եկեղեցի, Փասատինա), Հրակ Հարպոյեան (Ս. Խաչ Մայր Տաճար, Մոնթեպելլօ) եւ Մինաս Արիսեան (Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցի, Ֆրեզնօ)։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հովանաւորութեամբ կազմակերպուած դասընթացքին բացումը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 30 Յուլիս 2018-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։ Բացման հանդիսութեան ներկայ էին դասընթացքներու դասախօսներէն Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան, Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան, Փրոֆ. Թենի Փիրի-Սիմոնեան եւ Փրոֆ. Ճոն Փիրի։

Իր հայրապետական պատգամը փոխանցեց եւ ծրագիրին առաջին դասախօսութիւնը տուաւ Նորին Սրբութիւնը։ Բարի գալուստ մաղթելէ ետք երիտասարդներուն, Հայրապետը գոհունակութիւն յայտնեց այս ծրագիրին անոնց ընդառաջելուն համար ու ընդգծեց, որ թէեւ Սփիւռքի զանազան գաղութներէ կու գան, սակայն կը պատկանին մէկ ազգի ու մէկ եկեղեցւոյ, ու շեշտեց, որ ա՛յս պէտք է ըլլայ մեր մտածումներուն կեդրոնը։ Իւրաքանչիւր մասնակիցի տարբեր միջավայրէ գալը եւ հայ եկեղեցւոյ ծառայութեան իր իւրայատուկ ներդրումը պիտի հարստացնէ այս փորձառութիւնը։ Այս դասընթացք-զրոյցներուն ընդմէջէն պիտի փորձենք մեր եկեղեցւոյ աւանդական արժէքները դիտել ներկայ դարու երիտասարդներուն մտածելակերպին լոյսին տակ։

Վեհափառ Հայրապետը նշեց, որ այս ծրագիրը ոչ միայն գիտելիքներ ամբարելու առիթ մըն է, այլ նաեւ զանոնք ծառայութեան վերածելու մարտահրաւէր։ Հայ եկեղեցւոյ ծառայութիւնը չի սահմանափակուիր Ս. Խորանի ծառայութեամբ, այլ նաեւ գործօն մասնակից դառնալով հայ կեանքին մէջ։ Այս իմաստով, Նորին Սրբութիւնը դիտել տուաւ, որ հայ եկեղեցւոյ իւրայատկութիւնը՝ իր կառավարման մէջ հոգեւորականներու կողքին աշխարհականներ ներառել է եւ անոր համար ալ, անիկա ժողովուրդին եկեղեցին է։

Հայրապետը ապա տուաւ դասախօսութիւն մը, որուն ընդմէջէն, տեղեկութիւններ հաղորդեց Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան, անոր միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական գործունէութեան, ընկերաբարոյական հարցերու ու հայ դատի ներդրումին մասին։ Այս բոլորը աւելի եւս մանրամասնելու համար, վերոյիշեալ դասախօսներուն պիտի միանան Դոկտ. Մոհամմէտ Սամմաք, Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան, Տիկ. Սեդա Խտըշեան եւ Դոկտ. Յովհաննէս Կէօքճեան։

Նորին Սրբութիւնը նաեւ հակիրճ ակնարկով մը ներկայացուց Լիբանանի հայ գաղութը ու հայ եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը՝ համայնքային դրութեամբ գործող Լիբանանի մէջ։

Բացման հանդիսութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ մասնակիցներու ծանօթացում, իսկ երիտասարդները շրջելով Անթիլիասի Մայրավանքը, ծանօթացան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բաժանմունքներուն ու գործելաոճին։

Աւարտին, տեղի ունեցաւ քննարկման պահ ու ընկերային մթնոլորտի մէջ երիտասարդները առիթ ունեցան զրուցելու Վեհափառ Հայրապետին հետ։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022