Առաջնորդ Սրբազանը Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ ծխական համայնքին ներկայացուց նոր հոգեւոր հովիւը

Ինչպէս հաղորդած էինք, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինութեամբ  եւ Խառն Ժողովին որոշումով, Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցին Օգոստոսի սկիզբը օժտուեցաւ նոր հոգեւոր հովիւով մը՝ յանձին Արժ. Տ. Վահան Ա. Քհնյ. Կոստանեանի, որ իր առաջին Ս. Պատարագը մատուցեց Կիրակի, 5 Օգոստոսին։

Առաջնորդ Սրբազանը այս առիթով Լաս Վեկաս ժամանած էր, նախագահելու համար արարողութեան եւ ծխական համայնքին ներկայացնելու նոր հոգեւոր հովիւը, որ կը փոխարինէ Արժ. Տ. Արսէն Քհնյ. Գասապեանը։ Վերջինը եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւն էր 2013-էն ի վեր։

Ս. Պատարագին ներկայ էին եկեղեցւոյ ժողովականութեան անդամներն ու շրջանի միութեանց ներկայացուցիչները։ Նախքան Քահանայ Հօր քարոզը՝ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը պաշտօնապէս ներկայացուց Տէր Հայրը, խօսելով անոր ծառայութեան եւ վաստակին մասին. ան յիշեցուց, որ Տէր Հայրը անցնող 25 տարիներուն ծառայած է Փասատինայի Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ (այժմ Ս. Սարգիս եկեղեցի) եւ Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն մայր եկեղեցւոյ ծխական համայնքին, ապա խօսեցաւ հոգեւորականներու եւ յատկապէս մեր եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւներու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին, կոչ ուղղելով, որ  ծխական համայնքն ու ժողովականութիւնը թիկունք կանգնին Տէր Հօր եւ սերտօրէն գործակցելով, նոր յաջողութիւններու հասցնեն հաւաքական կեանքը։

Տէր Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Թեմիս պատկառելի Խառն ժողովին, իրեն հանդէպ վստահութեան համար, շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ եկեղեցւոյ նախկին հովիւներուն՝ Տ. Աւետիս Աւ. Քհնյ. Թորոսեանին եւ Տ. Արսէն Քհնյ. Գասապեանին, եկեղեցւոյ ծխական մարմինին եւ յարակից միաւորներուն, իրենց ցուցաբերած սիրալիր ընդունելութեան համար:

Իբրեւ օրուան բնաբան, Տէր Հայրը ընտրած էր մեր Փրկչին վերջին եւ մեծագոյն պատուիրանը իր աշակերտներուն.- «Նոր պատուիրան մը կուտամ ձեզի. Սիրեցէ՛ք զիրար. ինչպէս ես ձեզ սիրեցի՝ դուք ալ զիրար սիրեցէք»: (Յովհ. 13:34)

Տէր Հայրը շեշտեց կարեւորութիւնը աստուածային սիրոյ, մանաւանդ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ եղբայրական սիրոյ, «որովհետեւ առանց աստուածային սիրոյ, կարելի չէ եկեղեցի կոչուիլ եւ բարօրութեան հասնիլ», ըսաւ ան:

Պատարագի աւարտին, ներկաները Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ հոգեւոր հովիւին հետ խմբանկար մը ունեցան, ապա ուղղուեցան եկեղեցւոյ սրահ, ուր տեղի ունեցաւ Տէր Հօր եւ հաւատացեալներուն ծանօթացումի հանդիպում եւ պատշաճ հիւրասիրութիւն։

 

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022