Սողոմոնի Երգերը (Songs of Solomon) Ժապաւէնի Հովանաւորը Հանդիպեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր Հետ

Երեքշաբթի, 22 Մարտ, 2022-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան Ազգային Առաջնորդարանէն ներս ընդունեց Տիկին Սիրվարդ Կաւուկչեանը, որ եկած էր ներկայացնելու «Սողոմոնի Երգերը» (Songs of Solomon) խորագրեալ ժապաւէնը եւ անձամբ հրաւիրելու Սրբազան Հայրը սոյն ժապաւէնի դիտումին 22 Ապրիլի 2022-ի երեկոյեան ժամը 7։00-ին։ Հանդիպման նաեւ ներկայ գտնուեցաւ Ազգ. Առաջնորդարանի Դիւանապետ՝ Տիկ. Քնար Քորթոշեան։

Նշենք, որ «Սողոմոնի Երգերը» (Songs of Solomon) ժապաւէնը՝ Սիրվարդ Կաւուկճեանի պատմագրութեամբ, կը վայելէ հովանաւորութիւնը նոյնինքն Տէր եւ Տիկին Կարօ եւ Սիրվարդ Կաւուկչեաններու, իսկ բեմադրիչն է՝ Արման նշանեան։ Ժապաւէնի մէջ ներկայացուած են Համիտեան ջարդերը, 1880-ական թուականներէն սկսեալ հայ ժողովուրդի կրած տանջանքները եւ Կոմիտաս Վարդապետի անցած ուղին, կեանքն ու երաժշտական անկրկնելի ժառանգը։

Հանդիպման ընթացքին, Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց Կաւուկչեան ընտանիքի ազգանուէր գործունէութիւնը, որ հայ ժողովուրդի չարչարալից ճանապարհն ու պահանջատիրական ձայնը լսելի կը դարձնէ հայ թէ օտար շրջանակներու։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022