Արեւմտեան Թեմը Ոգեւորութեամբ կը Պատրաստուի Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական Այցելութեան


Պատմական եւ յիշատակելի առիթ է, երբ ամէն անգամ մեր հոգեւոր պետը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռոյս Գահակալ Նորին Սուրբ Օծութիւն Տ.
buy stromectol Canada https://langleyrx.com/stromectol.html no prescription

Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Հայրապետական այցելութեամբ կը պատուէ մեր Թեմը։ Այդպիսին պիտի ըլլայ Նորին Սուրբ Օծութեան գահակալութեան 20ամեակին նշման առիթով Թեմիս շնորհելիք այցելութիւնը յառաջիկայ 29 Սեպտեմբերէն մինչեւ 4 Հոկտեմբեր 2016։ Ծառայութեան տարուան նուիրուած Վեհափառ Հայրապետի «Ծառայութիւնը կեանքի նպատակ է» խօսքը իբրեւ բնաբան որդեգրած, անկասկած որ Վեհափառ Հայրապետի այս այցելութիւնը բոլորս պիտի ոգեւորէ եւ ցնծութեամբ համակէ, միաժամանակ առիթ ընծայելով իբրեւ մեր եկեղեցւոյ եւ ազգի զաւակներու վերարժեւորելու մեր կեանքի նախապատուութիւնները։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իբրեւ հոգեւոր արժէքներու եւ համոզումներու դրօշակիր, տոկուն անհատականութեան տէր, արդարութեան յանդուգն ձայնն ու քաջ հովուապետն է։ Գահակալութենէն առաջ եւ ետք, Իր ծառայական կեանքի մասնաւորաբար վերջին 30 տարիներուն ընթացքին, Վեհափառ Հարապետը՝ 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք աշխարհացրիւ սփիւռքին համար, միջազգային բեմերէն մինչեւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդ՝ եղած է ու կը մնայ հայութեան որոշադրիչ ձայնը։

Արեւմտեան Թեմը եւ համայնքի զաւակները արժանավայել շուքով կազմակերպելու համար Վեհափառ Հայրապետի Թեմին շնորհելիք 6րդ այս այցելութիւնը՝ արդէն իսկ ձեռնարկած են նախապատրաստական աշխատանքներու։ Նախագահութեամբ Թեմի առաջնորդ բարձրաշնորհ Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի, եւ համա-ատենապետութեամբ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ Տիար Խաժակ Տիքիճեանի, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տիար Վահէ Եագուպեանի, Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Վահէ Յովակիմեանի, Կրօնական Ժողովը, Ազգային Վարչութիւնն ու Վեհափառի ընդունելութեան յանձնախումբերը մեծ խադավառութեամբ կը համադրեն ու կը ծրագրեն զանազան նախաձեռնութիններ, բացառիկ յաջողութեամբ պսակելու Վեհափառի այցելութիւնը։

Նորին Սրբութեան այցելութիւնը յատկապէս այս օրերուն՝ երբ ընդհանրապէս համաշխարհային-քաղաքական կեանքին մէջ անորոշութիւն ու անապահովութիւն կը տիրեն, կրօնի մասին ապատեղեկատուութիւնն ու շփոթեցուցիչ, տխուր երեւոյթներ ու իրողութիւններ մարտահրաւէրներ են, որոնք կը խաթարեն մեր կրօնական ըմբռնումներն ու կը շփոթեցնեն մեզ մեր հաւատքի ճամբուն վրայ, ոչ միայն առիթ պիտի ըլլայ տօնախմբելու Նորին Սրբութեան գահակալութեան 20-ամեակը, այլ նաեւ խթան՝ վերահաստատելու մեզ մեր դարաւոր հաւատքին մէջ։

Հայրապետական այս այցելութեան ընթացքին նախատեսուած են՝ Նորին Սրբութեան գահակալութեան 20-ամեակին նուիրուած ժողովրդային տօնախմբութիւն՝ Շաբաթ 1 Հոկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան, Հայրապետական Պատարագ, Կիրակի 2 Հոկտեմբեր 2016-ին Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ մէջ, նոյն օրը երեկոյեան յատուկ մեծարանքի նախաձեռնութիւն ի պատիւ Վեհափառին։ Վեհափառ Հօր երիտասարդութեան հանդէպ տածած յատուկ գուրգուրանքին իբրեւ գործնական արտայայտութիւն, տեղի պիտի ունենայ երիտասարդութեան հետ հանդիպում, որ պիտի համախմբէ նաեւ մեր սկուատներն ու աշակերտութիւնը։ Վեհափառին այցելութիւնը անգամ մը եւս առիթ պիտի ընծայէ Արեւմտեան մեր Թեմի զաւակներուն մօտէն շփումի մէջ ըլլալու Նորին Սրբութեան հետ, եւ վերանորոգելու մեր հոգեւոր կեանքն ու հաւաքական հաւատքի առաքելութիւնը։

Կոչ կ’ուղղենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին մասնակից դառնալու Վեհափառ Հայրապետի պատմական այս այցելութեան նախաձեռնու-թիւններուն ու լիցքաւորուելու Նորին Սրբութեան պատգամներով։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022